Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը 

0 0
Read Time:32 Second

ՓԱՐԻԶ.- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25-ին, մօտաւորապէս երկու ժամ տեած քննարկումէ մը ետք, Ֆրանսայի Ծերակոյտը որոշեց հաստատել «Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւը՝ 305 քուէներով։ Միայն մէկ ծերակուտական դէմ քուարկեց։

Ծերակուտականները Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու հրամայականը ներկայացուցին իբրեւ Արցախի հայութեան համար մահ ու կենացի պայքար՝ ազդարարելով, որ շրջանի հայութեան հազարամեայ մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչանալու վտանգ կը դիմագրաւէ։ Անոնք նաեւ յիշեցուցին, որ Թուրքիա կը ջանայ վերակենդանացնել Օսմանեան կայսրութիւնը։

Ծերակոյտի մեծագոյն հինգ քաղաքական խմբակցութիւններու նախագահները իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին բանաձեւին:

Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին որոշումը՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնհերուն, որ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը համանախագահող երկիր միանայ Արցախը իբրեւ ազատ եւ անկախ հանրապետութիւն ճանչցողներու փաղանգին:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles