Գլխաւոր

“ՖՈՒԹՊՈԼԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ“…ՏԱՐԲԵՐ ՈՃՈՎ

 Թուական` Սեպտեմբեր 11, 2012 Վայր` Սոֆիա (Պուլկարիա)…Իւրայատուկ է այս լաուսանկարը, ուր իրապաշտօրէն եւ շատ աւելի տարբեր եւ իւրայատուկ ոճով կը ներկայացուի “ֆութպոլային քաղաքականութիւն“ը:

Այսպէս թէեւ թիւով սակաւ, սակայն վճռակամ եւ պինդ, բուռ մը հայորդի համակիրներ մարզադաշտ ժամանած են քաջալերելու իրենց հաւաքականը…նաեւ միեւնոյն ժամանակ Սաֆարովի ստեղծած թնճուկին առնչութեամբ` արդարութիւն պահանջելու:

Բեմահարթակէն եզակի “կրաֆֆիթի“…նկարներն ու գրութիւնները տպաւորիչ են:

Մանաւանդ որ, պարզ զուգադիպութեամբ մը, մրցումը կը կատարուէր մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ…պատմական Վիտոշ լեռէն որ շատ հերու, ուր գրեթէ դար մը առաջ զոհուած էր հայ յեղափոխական շարժումի ռահվիրաներէն` Քրիստափոր Միքայէլեան:

Անշուշտ դաշտէն ներս, այս հանդարտ ցոյցը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ  Աշխարհի ոտնագնդակի զտումի` Պուլկարիա – Հայաստան մրցումին վրայ:

Ներքին ապահովութեան ուժերու հսկողութեան տակ, ոչ մէկ դէպք արձանագրուեցաւ, իսկ դաշտին վրայ արդիւնքը եղաւ ի նպաստ հիւրընկալ Պուլկարիոյ` 1-0:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button