ԱմերիկահայԼրահոս
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ.- Հ.Օ.Մ.Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.Ի 93-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ 17,750 ՏՈԼԱՐ ԿԱՐԵԼԻ ԵՂԱՒ ՀԱՒԱՔԵԼ Ի ՆՊԱՍՏ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի 93-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, տեղի ունեցաւ Յուլիս 18-էն 21, Ֆիլատելֆիոյ Քինկ Օֆ Փրաշա շրջանի “Տապըլ Թրի“ պանդոկին մէջ: Զանազան շրջանները ներկայացնող պատգամաւորներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ հրաւիրեալներ, որոմց կարգին Ա.Մ.Ն. Արեւեալեան շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն կը ներկայացնէր ընկհ. Անժէլ Մանուկեան, իսկ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչն էր Քարոլին Շմաւոնեան: Հիւրաբար ներկայ էր նաեւ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան:

