ՕՊԱՄԱ ԿՐԿԻՆ ՉՅԱՐԳԵՑ ԻՐ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 0 Second



°°Ա.Մ.Ն. ար­ժա­նի է ու­նե­նա­լու այն­պի­սի նա­խա­գահ, որ ճշմար­տու­թիւնը պի­տի ըսէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին եւ վճռա­կա­նօ­րէն պի­տի պա­տաս­խա­նէ բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն: Ես մտա­դիր եմ ըլ­լալ այդ նա­խա­գա­հը°°:

             Պա­րաք Օպա­մա – 2008

Սպի­տակ Տան ներ­կայ վար­ձա­կա­լին` նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա­յի կող­մէ, մի­եւ­նոյն հան­կերգն է, որ կը կրկնուի, յա­ջոր­դա­բար եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով եւ բո­լո­րո­վին տար­բեր մօ­տե­ցու­մով, յատ­կա­պէս երբ բաղ­դա­տենք վե­րո­յիշ­եալ իր խօս­քե­րուն, նախ­քան նա­խա­գահ ընտր­ուի­լը:

Մի՛շտ կառ­չած մնա­լով մութ հա­շիւ­նե­րուն, թրքա­կան ճնշում­նե­րուն եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւա­ռի պար­տադ­րած իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն…եւ կեղ­ծիք­նե­րուն, ան­գամ մը եւս թեկ­նա­ծու­թեան ժա­մա­նակ ար­դա­րա­միտ եւ բազ­միցս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը գոր­ծա­ծած Օպա­մա, Սպի­տակ Տուն մուտք գոր­ծե­լէն ետք սայ­թա­քե­ցաւ եւ բա­ւա­րար­ուե­ցաւ օգ­տա­գոր­ծել Մես­րո­պա­շունչ լե­զուով ՛՛Մեծ Եղեռն՛՛ բա­ռը եւ ապա ՛՛Ան­քըլ Սէմ՛՛եան լե­զուով շնոր­հա­կա­լու­թիւն ­յա­յտ­նեց ամե­րի­կա­հա­յե­րուն, որոնք շա­րու­նակ ծա­ռա­յած են եւ բարձր պա­հած Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դրօ­շը:

Այո՛, դժբախ­տա­բար նա­խա­գահ Օպա­մա սխալ ընտ­րու­թիւն կա­տա­րեց` կա­րե­լիու­թիւն ըն­ձե­ռե­լով Թուրք­իոյ խստաց­նե­լու իր ճնշու­մը Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին առն­չու­թեամբ:

Այո՛, նա­խա­գահ Օպա­մա, ար­դա­րա­միտ չգտնուե­ցաւ մահ­ուան կա­պանք­նե­րէն, հա­լա­ծան­քի շղթա­նե­րէն եւ ջար­դի գող­գո­թա­յէն վե­րապ­րած, մա­զա­պուրծ փրկուած հա­յոր­դի­նե­րու հան­դէպ: Ըստ երե­ւոյ­թին ՑԵ­ղաս­պա­նու­թեան այդ զար­հու­րե­լի, սրտաճմ­լիկ եւ ող­բեր­գա­կան տե­սա­րան­նե­րը…այդ ցե­ղին ձայ­նը` ան­ձայն կը թուին ըլ­լալ Օպա­մա­յի եւ անոր վար­չա­մե­քե­նա­յին հա­մար:

Փո­խա­րէն,  ան մատ­նան­շեց ու գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց թէ մի­աս­նա­բար զրու­ցե­լով ու քննար­կե­լով թուրք եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը աւե­լի պի­տի զօ­րա­նան` ճանչ­նա­լով իրենց անց­եա­լի պատ­մու­թիւնը եւ քա­ջա­տեղ­եակ ըլ­լա­լով իրենց ընդ­հա­նուր մարդ­կայ­նու­թեան մա­սին:

Պար­զու­մէ­կին, ան­գամ մը եւս կը շեշ­տենք թէ մենք ամե­րի­կա­հա­յերս, նա­եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յու­թիւնը իր հի­աս­թա­փու­թիւնը կը յայտ­նէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը -որ­պէս այդ – դա­տա­պար­տե­լու եւ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յար­գե­լու` նա­խա­գահ Օպա­մա­յի դժկա­մու­թեան եւ ան­կա­րո­ղու­թեան առն­չու­թեամբ:

՛՛Հայրենիք՛՛

Ապրիլ 25, 2011





Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles