
Read Time:21 Second
Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանանք թէ, Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան “Սաչաքլեան“ հիմնադրամը, կատարած է 12,385.07 տոլարի արժողութեամբ նուիրատուութիւն մը: Ալիս (նկարը) եւ Հերի Սաչաքլեան հիմնադրամը 2003-էն ի վեր կը գործէ եւ նպատակն է նեցուկ կանգնիլ ակադեմական գրութիւններու, որոնք լոյս կ՛ընծայուին “Արմինիըն Ռիվիու“էն ներս:
Հիմնադրամը սկսած էր 250 հազար տոլարի ներդրումով եւ այսօր շնորհիւ Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան աշխատանքներուն, գումարը հասած է 440 հազար տոլարի: