“ՕԳ­ՏԱ­ԿԱՐ ԴԱՌ­ՆԱԼ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻՆ… ԱՐ­ՈՒԵՍ­ՏԻ ՃԱՄ­ԲՈՎ, ՔԱ­ՋԱ­ԼԵ­ՐԵ­ԼՈՎ` ԵՒ ԾԱ­ՆՕ­ԹԱՑ­ՆԵ­ԼՈՎ ԱՅԴ ԵՐԻ­ՏԱ­ՍԱՐԴ ՏԱ­ՂԱՆԴ­ՆԵ­ՐՈՒՆ“ ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ ՇՈ­ՂԱԿ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ­ԵԱՆ

0 0
Read Time:13 Minute, 12 Second

 Ամեր­ի­ա­կա­հայ ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն Տէր եւ Տի­կին Տոքթ. Ռաֆ­ֆի եւ Շո­ղակ Յով­հան­նէս­եան­նե­րըգա­ղու­թէն ներս առաջ­նոր­դու­թիւն տուող ծա­նօթ դէմ­քեր են: Անոնք նա­եւ ժա­մա­նա­կա­կից ար­ուես­տի գոր­ծե­րու հա­ւա­քող­ներ ու հա­ւա­քորդ­ներ են: Յով­հան­նէս­եան­նե­րու ար­դի կեր­պար­ուես­տի գոր­ծե­րուն հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ կը տես­նենք  Էն­տի Վոր­հո­լի, Ուիլի­ըմ Տէ­քու­նի­կի, Տէմի­էն Հըրս­թի եւ Ռո­զըն­քու­սի­թի գոր­ծե­րը: Ու­նին նա­եւ լայն հա­ւա­քա­ծոյ մը հայ­րե­նի թէ Սփիւռ­քի մեծ վար­պետ­նե­րէնՌու­բէն Նաք­եա­նի, Գառզ­ուի, Ժան­սէ­մի, Քո­չա­րի, Յա­կոբ­եա­նի եւ այլ մե­ծա­նուն ար­ուես­տա­գէտ­նե­րու գոր­ծե­րը: Նշենք, որ Յով­հան­նէս­եան­նե­րու ու­նե­ցած հա­ւա­քա­ծոն կրնայ որե­ւէ պատ­կե­րաս­րա­հի կամ թան­գա­րա­նի մը հա­մար մի­ջազ­գա­յին վարկ ու որակ ապա­հո­վել: Այս պատ­կա­ռե­լի հա­ւա­քա­ծո­յին մա­սին պէտք է անդ­րա­դառ­նալ առան­ձին:

Անոնք ու­նին նա­եւ ժա­մա­նա­կա­կից ար­դի հայ կեր­պար­ուես­տի հա­ւա­քա­ծոյ մը, որ նախ եւ առաջ կը նպա­տա­կագ­րէ զար­գաց­նել եւ տա­րա­ծել հայ­րե­նի կեր­պա­րու­սե­տը: Այս առ­թիւ, լոյս կ՛ըն­ծա­յենք շա­հե­կան եւ հե­տաքրք­րա­կան հար­ցազ­րոյց մը` տի­կին Շո­ղակ Յով­հան­նէս­եա­նի հետ, կա­տար­ուած Թէ­քէյ­եան Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան ղե­կա­վար` Յակոբ Վար­դի­վառ­եա­նի հետ:

 

ՀԱՐ­ՑՈՒՄՄեր ըն­թեր­ցող­նե­րէն շա­տե­րուն ծա­նօթ են ձեր կարգ մը կար­ծիք­ներն ու տպա­ւո­րութ­իւն­նե­րը ժա­մա­նա­կա­կից հայ­րե­նի ար­ուես­տա­գէտ­նե­րուն մա­սին: Գի­տենք նա­եւ, որ դուք ար­ժա­նա­ւոր դուստրն էք լի­բա­նա­նա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան, դաս­տի­րակ եւ գրող Սի­սակ Վար­ժա­պետ­եա­նին: Կը խնդրեմ աս­կէ ան­դին որ դուք շա­րու­նա­կէք խօ­սիլ ձեր մա­սին…:

ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱՆԱյո՛, ծնած եմ Պէյ­րութ, մշա­կու­թա­սէր ըն­տա­նի­քի մը յար­կէն ներս: Մեծ հայրս Մա­րա­շի դպրո­ցին տնօ­րէն եղած էր, իսկ մեծ մայրս` ու­սուց­չու­հի նոյն վար­ժա­րա­նէն ներս: Ան ծա­ռա­յած էր նա­եւ Ամե­րիկ­եան Կար­միր Խա­չին  որու մի­ջո­ցով օգ­տա­կար եղած էր բա­րե­սի­րա­կան ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն:

Մեր ողջ գեր­դաս­տա­նը տուած է 23 աւագ քա­հա­նայ հայ­րեր: Ես հա­սակ առած եմ եւ կազ­մա­ւոր­ուած` մշա­կու­թա­յին շրջա­նա­կէ մը ներս, ի մաս­նա­ւո­րի Հ.Բ.Ը.­Մ.ի եւ Հ.Ե.Ը.ի Լի­բա­նա­նի ակումբ­նե­րէն ներս:

 

ՀԱՐ­ՑՈՒՄՈւ՞ր ստա­ցած էք ձեր ու­սու­մը:

ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱՆԵրկ­րոր­դա­կան ու­սումս ստա­ցած եմ Պէյ­րու­թի Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Քո­լէ­ճին մէջ, որ­մէ ետք յա­ճա­խած`  BCW աղջ­կանց քո­լէ­ճը, ուր­կէ շրջա­նա­ւարտ եղած եմ: Այ­նու­հե­տեւ ամուս­նոյս Ռաֆֆի­ին հետ եկած եմ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ, ուր յա­ճա­խած եմ Շի­քա­կո­յի Գե­ղա­րու­սե­տի հա­մալ­սա­րա­նը եւ աւար­տած: Զու­գա­հե­ռա­բար հե­տե­ւած եմ  Sohtleby՛sի կազ­մա­կեր­պած  master class ժա­մա­նա­կա­կից դա­սըն­թացք­նե­րուն:

 

ՀԱՐ­ՑՈՒՄԸնդ­հան­րա­պէս  ուր­կէ՞ կու գայ ար­ուեստ­նե­րու հան­դէպ ձեր ու­նե­ցած խոր սէ­րը: Կրնամ ըսել, որ ձեր սե­րուն­դէն քի­չեր միայն այդ­քա՛ն հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են մի­ջազ­գա­յին ար­ուեստ­նե­րու նկատ­մամբ:

ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱՆ Նախ, ան­շուշտ, այդ սէ­րը կու գայ ըն­տա­նե­կան մեր մի­ջա­վայ­րէն: Հայրս խոր յար­գանք եւ սէր ու­նե­ցած է, միշտ ար­ուեստ­նե­րու նկատ­մամբ: Այս առ­թիւ  հո՛ս պէտք է յի­շեմ, որ հայրս հե­ղի­նակն է հինգ հա­տոր­եայ եր­կա­սի­րու­թեան մը` “Հա­յե­րը Լի­բա­նա­նի Մէջ“, նա­եւ ու­նի թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն մը հա­յե­րէն  լեզ­ուի վե­րա­ծե­լով արաբ դա­սա­կան գրող­նե­րէն “Ապու Լա­լա Մա­հա­րի“ն,  Ժըպ­րա­նի “Մար­գա­րէն“ եւ այլ գոր­ծեր:

Պէ՛տք է ար­դար ըլ­լալ ըսե­լու, որ փոքր եղ­բայրս` Շահ­նու­րը, 1968ին Պէյ­րու­թի Համ­րա թա­ղա­մա­սին մէջ բա­ցած էր ցու­ցաս­րահ մը` Gallerie Contamporaine  անու­նով, որ բաց մնաց մին­չեւ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի նա­խօ­րէ­ին` 1976ին: Շահ­նու­րը ու­նի տա­ղանդ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու եւ հե­տաքրք­րու­թիւն` ար­ուես­տի գոր­ծե­րու հա­ւա­քոր­դի: Մա­նա­ւանդ մի­ջազ­գա­յին գոր­ծե­րու: Շահ­նու­րին ստեղ­ծա­գոր­ծութիւն­նե­րը միշտ ալ մաս կազ­մած են իմ կազ­մա­կեր­պած ար­ուես­տի ցու­ցա­հան­դէս­նե­րուս:

 

ՀԱՐ­ՑՈՒՄԻնչ­պէ՞ս պա­տա­հե­ցաւ, որ դուք ներգ­րաւ­ուիք հայ­րե­նի ժա­մա­նա­կա­կից կեր­պա­րուե­ս­տի զար­գաց­ման ու մա­նա­ւանդ տա­րած­ման նուի­րա­կան գոր­ծին մէջ:

ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱՆ Ան­կա­խու­թե­նէն ետք 1994ին, Ռաֆֆի­ին հետ այ­ցի գա­ցած էինք Հա­յաս­տան, բա­րե­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րու հա­մար, մաս կազ­մե­լով Հ.Բ.Ը.­Մ.ի կազ­մա­կեր­պած մաս­նա­ւոր շրջապ­տոյ­տին: Մեր խում­բին ան­դամ­նե­րը  ընդ­հան­րա­պէս հե­տաքրքր­ուած էին եկե­ղե­ցա­շի­նու­թեամբ, որ­բա­նոց­նե­րու օգ­տա­կար ըլ­լա­լով, հիւան­դա­նոց­նե­րու եւ դպրոց­նե­րու օժան­դա­կե­լով…: Նկա­տե­ցի սա­կայն, որ մեր խում­բէն ոչ ոք դոյզն հե­տաքրք­րու­թիւնը կը ցու­ցա­բե­րէ հայ­րե­նի երի­տա­սարդ նկա­րիչ­նե­րու նկատ­մամբ: Այդ օրե­րուն Շի­քա­կո­յի Ժա­մա­նա­կա­կ­ից Ար­ուես­տի թան­գա­րա­նին  հա­ւա­քորդ­նե­րու (collector) նա­խա­գահն էի եւ կը քա­ջա­լե­րէի հա­մաշ­խար­հա­յին օտար ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը:

Այդ պա­հուն ցաւ զգա­ցի, որ երբ  կրնա­յի օգ­տա­կար ըլ­լալ օտար­նե­րուն, սա­կայն  հե­ռու մնալ իմ ժո­ղո­վուր­դիս հա­րա­զատ տա­ղան­դա­ւոր ար­ուես­տա­գէտ­նե­րէն: Եւ առի որո­շումս, օգ­տա­կար ըլ­լա­լու մեր ա՛յն ար­ուես­տա­գէտ­նե­րուն, որոնք չու­նէ­ին մի­ջոց­ներ դուր­սի աշ­խար­հին առաջ  բաց­ուե­լու եւ իրենց տա­ղան­դը ներ­կա­յաց­նե­լու մի­ջազ­գա­յին ար­ուես­տի աշ­խար­հին:

Այդ օրե­րուն Հա­յաս­տա­նի ար­ուես­տի հրա­պա­րա­կին վրայ ծա­նօթ դէմք էր ար­ուես­տա­գէտ Հեն­րիկ Իգիդ­եա­նը, որ լաւ բա­րե­կամ ըլ­լա­լով հան­դերձ սահ­մա­նա­փակ թիւով երի­տա­սարդ ու­ժե­րու զօ­րա­վիգ կը կանգ­նէր:

Հա­յաս­տա­նի մէջ ան­կա­խու­թեան առա­ջին օրե­րուն  կա­յին կարգ մը ար­կա­ծախն­դիր­ներ, որոնք կը ջա­նա­յին շա­հա­գոր­ծել երի­տա­սարդ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը, որոնք ան­յոյս, անօգ­նա­կան ու ան­պաշտ­պան մատն­ուած էին յու­սա­խա­բու­թեան եւ կը յանձ­նէ­ին իրենց գոր­ծե­րը անոնց` ապա­հո­վե­լու հա­մար ապ­րուս­տի մը եկա­մու­տը:

Այս բո­լո­րը տես­նե­լով  որո­շե­ցի այ­նու­հե­տեւ օգ­տա­կար ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նին ար­ուես­տի ճամ­բով, քա­ջա­լե­րե­լով` եւ ծա­նօ­թաց­նե­լով այդ երի­տա­սարդ տա­ղանդ­նե­րուն գոր­ծե­րը ի մաս­նա­ւո­րի` պա­հե­լու հա­մար անոնց ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը գո­նէ, որ­պէս­զի կա­րե­նային շա­րու­նա­կել ստեղ­ծա­գոր­ծել հայ­րե­նի հո­ղին վրայ: Ու­րախ եմ ըսե­լու, որ այդ երի­տա­սարդ տա­ղանդ­նե­րէն շա­տեր այ­սօր ար­դէն մի­ջազ­գա­յին ար­ուես­տի շու­կա­նե­րու մէջ գնա­հատ­ուած են ոմանք  դար­ձած ծա­նօթ անուն­ներ:

 

ՀԱՐ­ՑՈՒՄՁեր հո­վա­նա­ւո­րած եւ քա­ջա­լե­րած ժա­մա­նա­կա­կից ար­ուես­տա­գէտ­նե­րէն կրնա՞ք յի­շել քա­նի մը անուն:

ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱՆ Նախ ըսեմ, որ իմ առա­քե­լու­թեանս մաս ու­զե­ցի կազ­մել այն ան­ծա­նօթ հայ ժա­մա­նա­կա­կից ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը, որոնք հե­ռու էին հրա­պա­րա­կէն: Կա­րե­ւոր էր, որ այ­սու­հե­տեւ անոնք կա­րե­նա­յին ինք­նա­բաւ դառ­նալ, ստեղ­ծա­գոր­ծել եւ իրենց գոր­ծե­րը ծա­խել նոր շրջա­նակն­երու մէջ: Պէտք էինք նա­եւ վերջ տալ ան­կա­խու­թեան առա­ջին օրե­րու այն դրա­մա­կան օգ­նու­թեան, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը` անոնք իրենց վաս­տա­կով  եւ աշ­խա­տան­քով ապա­հո­վե­լու էին ար­ժա­նա­պա­տիւ կեանք մը ու հպար­տօ­րէն վաստ­կիլ իրենց ապ­րուս­տը:

Քա­նի մը անուն տա­լու հա­մար յի­շենք` Սար­գիս Հա­մալ­պաշ­եան, Արա­րատ Սար­գիս­եան, Ար­թիւր Սար­գիս­եան, Վա­հան Ռու­մէլ­եան, Ռու­բէն Գրի­գոր­եան, Արե­ւիկ Արեւ­շատ­եան, Կա­րի­նէ Մա­զաք­եան, Ման­ուէլ եւ Սամ­ուէլ Պաղ­տա­սար­եան­ներ եւ Մար­ի­ամ Խա­չատր­եան:

 

ՀԱՐ­ՑՈՒՄԻ՞նչ սկզբուն­քով կը գոր­ծակ­ցիք վե­րո­յիշ­եալ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րուն հետ:

ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱՆ Ան­մի­ջա­պէս պէտք է ըսեմ, որ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը մնան բա­րե­կա­մա­կան եւ չեն հիմն­ուած միայն առեւտ­րա­կան սկզբունք­նե­րու վրայ: Բո­լոր տե­սա­կի ծախ­սե­րը մենք կ՛ընենք ան­շուշտ, ու նկար­նե­րու ծախ­ուած շա­հոյ­թէն մաս մը  կը տրա­մադ­րենք Քա­թա­լոկնե­րու պատ­րաս­տու­թեան եւ տպագ­րու­թեան ծախ­սե­րուն: Ինչ­պէս ըս­ուե­ցաւ  ոչ մէկ նպա­տակ ու­նինք շա­հոյթ ապա­հո­վե­լու  անոնց­մէ, այլ առա­ւե­լա­գոյ­նը կ՛ընենք հայ­րե­նի ժա­մա­նա­կա­կից ար­ուես­տա­գէտ­նե­րուն օգ­տա­կար ըլ­լա­լու եւ պա­հե­լու զա­նոնք իրենց հո­ղին վրայ:

Նոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­մար քա­թա­լոկնե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւնը աւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ է, որ­պէս մնա­յուն գործ մը կա­րե­նալ ներ­կա­յաց­նե­լու ցու­ցաս­րահ­նե­րու, հա­ւա­քող­նե­րու թէ թան­գա­րան­նե­րու հա­մար: Այ­լա­պէս կը նմա­նի տան մը, որ չու­նի հի­մեր, նոյն­պէս ալ  նկա­րիչ մը  ստիպ­ուած է ու­նե­նա­լու իր գոր­ծե­րուն անձ­նա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւնը:

 

ՀԱՐ­ՑՈՒՄՁեր այս ըն­դար­ձակ ծրա­գիր­նե­րուն ինչ­պէ՞ս սկսաք:

ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱՆ Նախ ցու­ցաս­րահ մը բա­ցինք Շի­քա­կո­յի մէջ, որ բա­ւա­կան մեծ յա­ջո­ղու­թիւն  ար­ձա­նագ­րեց: Ապա մտա­ծե­ցինք, որ այդ գոր­ծե­րէն ոմանք ներ­կա­յաց­նենք նախ Հա­յաս­տա­նի մէջ:  2001ին խմբա­յին ցու­ցա­հան­դէս մը մէջ­տեղ բե­րինք Երե­ւա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ, որուն մաս­նակ­ցե­ցան 36 նկա­րիչ­ներ: Այս եզա­կի երե­ւոյթ մըն էր ինք­նին հայ­րե­նի կեր­պար­ուես­տի աշ­խար­հին հա­մար:

ՀԱՐ­ՑՈՒՄԻսկ այ­սօ՞ր…:

ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱՆ Այ­սօր կը շա­րու­նա­կենք մեր գոր­ծը նո՛յն ու հա­ւա­նա­բար աւե­լի խան­դա­վա­ռու­թեամբ: Կը կազ­մա­կեր­պենք ցու­ցա­հան­դէս­ներ զա­նա­զան ոս­տան­նե­րու մէջ ըլ-լա՛յ Հա­յաս­տա­նի, ըլ­լա՛յ Ամե­րի­կա­յի տա­րած­քին:

Օրի­նակ` Երե­ւա­նի Մխի­թար Հե­րա­ցի բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի 90ամ­եա­կին առ­թիւ խմբա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սի մը կազ­մա­կերպ­ման իրա­կա­նա­ցու­մը, բարձ­րա­գոյն որա­կով: Նա­եւ  Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նի կազ­մու­թեան 15րդ տա­րե­դար­ձի առ­թիւ մեր կազ­մա­կեր­պած ցու­ցա­հան­դէ­սը:

Իսկ Ամե­րի­կա­յի մէջ, Նիւ Եոր­քի Առաջ­նոր­դա­րա­նի Ս. Վար­դան Մայր Տա­ճա­րի 40 ամ­եա­կի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պած ցու­ցա­հան­դէ­սը, ուր գլխա­ւո­րա­բար տեղ կը գրա­ւ-է­ի­ն ա­մե­րի­կա­հայ մեծ նկա­րիչ Ար­շիլ Կորքիի գոր­ծե­րը: Պըր­կըն նա­հան­գա­յին Քո­լէ­ճի (Նիւ Ճըր­զի) ցու­ցա­հան­դէ­սը եւ հա­րա­ւա­յին Քը­նէ­թի­քը­թի նա­հան­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նին նա­խա­գա­հու­թեան եկող` հա­յազ­գի Դոկտ. Մէյ­րի Փա­փազ­եա­նի հան­դի­սու­թեան առ­թիւ մեր ցու­ցա­հան­դէ­սը:

 

ՀԱՐ­ՑՈՒՄՎեր­ջերս Պէյ­րութ այ­ցե­լե­ցիք եւ լսե­ցինք, որ հան­դի­պած էք նա­եւՆո­ազ Արքցու­ցաս­րա­հը եւ տե­սակ­ցած տէր եւ տնօրէն` Տէր եւ Տի­կին Մով­սէս եւ Էլի­զա­պէթ Հեր­կէլ­եան­նե­րուն հետ: Գոր­ծակ­ցու­թեան յա­տուկ ծրա­գիր­ներ մշա­կե­ցիք արդ­եօք: Կրնա՞ք յի­շել այդ ծրա­գիր­նե­րէն մէ­կը կամ եր­կու­քը:

ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱՆԵղեռ­նի 100 ամ­եա­կի առի­թով ծրագ­րե­ցինք կազ­մա­կեր­պել իր վար­կով ու մա­կար­դա­կով մի­ջազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ շրջուն ցու­ցա­հան­դէս մը, միշտ գոր­ծակ­ցե­լով տար­բեր գա­ղութ­նե­րու մեր բո­լոր մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րուն հետ:  Այս ցու­ցա­հան­դէս­նե­րով  մեր մեկ­նա­կէ­տը պի­տի ըլ­լայ` աւե­լի օտար ար­ուես­տա­սէր հան­րու­թիւնը մօ­տեց­նե­լու մեր ժա­մա­նա­կա­կից կեր­պար­ուես­տին:

 

ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱՌ­ԵԱՆ

Էն­կըլ­վուտ, Նիւ Ճըր­զի

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles