Յօդուածներ

Քրիստափոր Արթինի Եւ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակին

Ռաֆֆի Սարգիսեան
Թորոնթօ, Գանատա

Վերացար, երկնային դիւցազներուն մօտ,

Ուռճալի եւ սրբազան փաղանգին գրկին։
Արեամբդ օծուած Վարանգաթաղը միացաւ ,
Հերոսարան Վիտոշի, Մշոյ եւ Սասնոյ շարքին։
Ազնիւ հոգիդ, շերտեր դարձած`
Մեր սրտերն ծարաւի անոր իջեւան,
Սուզուեցաւ, մեր մէջ թարմացած
Արտասուալից բիբեր` վրիժափայլ դարձան,
Իսկ փխրուն բազուկը դարձաւ պողպատ,
մարտակոչդ շեփորելու, մարտնչելու,
Իսկ խոնջ ձայներն դարձան որոտում`
կամքդ երգելու, այդ օծուն հողին հետ
Հաղորդուելու,
մե՛ր արեամբ ալ, հայրենիքը բեղմնաւորելու։
Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button