ԳլխաւորԼրահոս

Քոնկրէսին Մէջ Արցախահայութեան Քննարկում


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Յուլիս 8-ին, Քոնկրէսին մէջ, տեղի ունեցաւ արցախահայութեան վերադարձի մասին զրոյց-քննարկում մը, նախաձեռնութեամբ Զուիցերիոյ խորհրդարանի կարգ մը պատգամաւորներու։
Ներկայ էին աւելի քան 200 մասնակիցներ, որոնք քոնկրէսի աշխատակիցներ, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, նախկին դիւանագէտներ եւ փորձագէտներ էին։ Խօսք առին զուիցերիացի պատգամաւորներ Էրիխ Ֆոնթոպել եւ Լուքաս Ռէյման, նաեւ «Միջազգային Քրիստոնէական Համերաշխութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Ճոն Էյպնըր, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան։
Քննարկման բացման խօսքը կատարեց քոնկրէսական Քրիս Սմիթի գրասենեակի ղեկավար Մարք Միլոշ։ Բանախօս անդրադարձան արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրագործման իրաւական, դիւանագիտական եւ մարդասիրական գործընթացներուն։
Պատգամաւոր Էրիխ Ֆոնթոպել ներկայացուց նախաձեռնութեան ծագումը որպէս անձնական պարտաւորութիւն, որ ստանձնած էր 2024-ին Հայաստան կատարած այցին ընթացքին, երբ հանդիպումներ ունեցած էր Արցախէն տեղահանուած անձերու հետ։ «Գաղթական կին մը ցոյց տուաւ իր նախկին տան տեսանիւթը, որ այժմ գրաւուած է։ Այդ պահը մէջս զգացում մը ստեղծեց։ Այն պահն էր, որ ես լաւապէս հասկցայ, թէ պէտք է գործի լծուիմ։ Խոստացայ իրեն եւ այլ գաղթականներու օգնել»։
Ֆոնթոպել շեշտեց նախաձեռնութեան չեզոք եւ համապարփակ բնոյթը։ «Այս խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը կը նախատեսէ Ա․Մ․Ն․-ի ներգրաւումը՝ առանց անմիջական վտանգի։ Մենք՝ զուիցերիացիներս, չեզոք ենք եւ փորձառութիւն ունինք նման հարթակներ ստեղծելու մէջ։ Այժմ մեզի պէտք է միջազգային լայն աջակցութիւն, յատկապէս՝ Ա․Մ․Ն․-էն»։
Պատգամաւոր Լուքաս Ռեյման նշեց, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները կը խախտեն միջազգային իրաւունքը.
«Արցախցի հայերու վտարումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ծանր խախտում մըն է։ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կայքէջին մէջ յստակ կը նշէ, որ քաղաքացիական բնակչութեան դէմ յարձակումներն ու բնակչութեան ապօրինի տեղահանումը պատերազմական յանցագործութիւններ են»։ Ան աւելցուց, որ ԵԱՀԿ-ը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Զուիցերիան 2026-ին պիտի ստանձնէ այդ կառոյցին նախագահութիւնը։
Ճոն Էյպնըր, «Միջազգային Քրիստոնէական Համերաշխութիւն» կազմակերպութեան նախագահը, էթնիք զտումը նկարագրեց որպէս Արցախի բնակչութեան դէմ իրականացուած դիտաւորեալ քաղաքականութեան աւարտ։ «Ատրպէյճանը սկսաւ ռազմական յարձակում՝ ինը ամիս տեւած շրջափակումէ ետք։ Շրջափակման նպատակն էր բնակչութիւնը սովի ճամբով ուժասպառ ընել։ Արդիւնքը եղաւ Արցախի հայ քրիստոնեաներու կրօնական զտումը։ «Զուիցերիական նախաձեռնութիւնը կը ծառայէ որպէս միջոց՝ Ա․Մ․Ն․-ին իր նախկին խոստումները յարգելու եւ կայուն խաղաղութեան նպաստելու։ Անիկա նաեւ միջոց մըն է՝ կասեցնելու աշխարհի ամենահին քրիստոնէական համայնքերէն մէկուն դէմ կատարուող ցեղային եւ կրօնական զտումը», նշեց Էյպնըր։

Հ․Հ․ նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, որ կը համակարգէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը, շեշտեց, թէ «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է յարգէ Մ․Ա․Կ․-ի արդարադատութեան միջազգային Դատարանի որոշումները եւ առաջ տանի վերադարձի պայմանները՝ հիմնուած իրաւունքներու եւ երաշխիքներու վրայ։ Ասիկա տեղական կամ ցեղային խնդիր չէ։ Ասիկա մարտահրաւէր մըն է՝ ուղղուած միջազգային կարգին եւ մարդու իրաւունքներուն հանդէպ արեւմտեան հանձնառութեան արժանահաւատութեան։ Այս հարթակը կողմերու ընտրութիւն չէ։ Անիկա չեզոք եւ սկզբունքային միջավայր մըն է, ուր լռեցուած ձայները կրնան հնչել, եւ ուր Ատրպէյճանն ու Արցախի հայերը կրնան համատեղ ելք գտնել»։
Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ընդգծեց, թէ «Իրական, կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւնը չի կրնար պարտադրուիլ Հայաստանին զէնքի սպառնալիքով՝ մարդու իրաւունքներու, միջազգային իրաւունքի եւ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան հաշուին։ Այսպէս կոչուած «խաղաղութեան պայմանները», որոնք կը պարտադրուին Երեւանին որպէս միակողմանի հնազանդութիւն ցեղասպանական Ատրպէյճանին, պէտք է մերժուին։ Անհրաժեշտ է նոր խաղաղութիւն մը, որու հիմքը պէտք է ըլլայ արցախահայութեան ապահով վերադարձը իրենց հայրենիք»։
Նշենք, թէ Ֆոնթոպել, Ռէյման, Էյպնըր եւ Օսկանեան ժամանած էին Ուաշինկթըն, բարձր մակարդակի շարք մը հանդիպումներ ունենալու նպատակով՝ պետական բաժանմունքներու, Քոնկրէսի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցելու վերոյիշեալ քոնկրէսական քննարկումին։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button