Լրահոս

ՔՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

p4 h ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Օգոստոսի սկիզբէն ի վեր ծայր առած Ատրպէյճանական յարձակումները կասեցնելու հերթական յայտարարութիւններ կատարած են քոնկրէսականներ՝ Ճեքի Սփայըր, Թոնի Քարտենաս եւ Տէյվիտ Սիսիլին: “Անհրաժեշտ է դատապարտել Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ զինուորական յարձակումի աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ հայ քաղաքային անձերու եւ մինչեւ իսկ Հայաստանի մէջ գտնուող Միջազգային կարմիր խաչի ներկայացուցիչներու դէմ արձակազէններու օգտագործումը: Հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, Արցախի հայ ժողովուրդը կրցած է ստեղծել ժողովրդավար հասարակութիւն, որ վեր կը դասէ խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը“, նշեց Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճեքի Սփայըր` նշելով, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է կանգնի Արցախի ժողովուրդին կողքին` կասեցնելու ազրպէյճանական ռազմատենչութիւնը:

“Թուիթըր“ (դայլայլիչ) ընկերային ցանցի իր էջին վրայ խաղաղութեան եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի դիւանագիտական լուծման յոյս յայտնած է Թոնի Քարտենաս: Իսկ Տէյվիտ Սիսիլին խստօրէն դատապարտելով ատրպէյճանցի արձակազէններու յարձակումները, նշած է, որ շարունակական բախումները միայն պիտի խաթարեն շրջանի հանգիստը եւ պիտի վտանգեն զինադադարի համաձայնագիրը:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button