Անցեալ Դեկտեմբերին, երբ Ֆրանսայի մէջ, տեղւոյն Ազգային ժողովին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը կը քննարկուէր եւ շաբաթներ շարունակ իբրեւ կիզակէտ, մելաններ կը հոսեցնէր, միեւնոյն ժամանակ այլ վայրի մը….Սուրբ Հողին վրայ, Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը իր կրթական հարցերու յանձնախումբին միջոցաւ կը քննէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Քննարկման ընթացքին, թէ՛ ձախակողմեան-ընկերվարական եւ թէ՛ աջակողմեան-ազգային միասնութիւն կուսակցութիւնները, ներկայացուցած էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իբրեւ յիշատակի օր նշման վերաբերեալ բանաձեւերու նախագիծերը:
Շաբաթներ ետք, տարեսկիզբին Իսրայէլի Արտաքին Գործոց նախարարը, առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ արտայայտուեցաւ, ծայրայեղ “Մեր Տունը Իսրայէլն է“ կուսակցութեան հետ գործակցելով:
Աւելին, Լիպըրման առանց բառերը ծամծմելու շեշտեց թէ Ֆրանսայէն անկախ, որեւէ այլ երկիր օրէնսդրութեամբ չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ առ այդ Իսրայէլ երբեք միջամտելու չի պատրաստուիր: Նոյնիսկ, ան եզրակացուց թէ հարցը, պատմական իրադարձութենէն քաղաքական վէճի վերածուած է, եւ այդ մէկը յաւելեալ պատճառ մըն է որ, Իսրայէլ երբեք միջամուխ չըլլայ:
Ամիսներ ետք, Յունիս 12-ին, Քնեսեթը յանձին նախագահ Ռեւին Ռիվլինի, փոխանցեց թէ պաշտօնապէս կ՛ուզէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով յատուկ լիագումար նիստ մը կատարել, շեշտելով թէ որքան ալ դիւանագիտական նկատառումները կարեւոր ըլլան, անոնք, պէտք չէ խանգարեն ճանչնալու այլ ժողովուրդի մը ապրած ողբերգութիւնը:
Այսպէս ամիսներ ետք, հակառակ Արտաքին Գործոց նախարարութեան եւ կարգ մը ազգայնամոլ կուսակցութիւններու դիրքորոշումներուն, Քնեսեթը սեթեւեթ քննարկում մը կատարեց, որ անցաւ հեզասահօրէն, առանց բուռն վիճաբանութեան : Միայն մէկ երեսփոխան, դէմ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, այդ ալ պատճառաբանելով թէ, հարցը պէտք է ձգել պատմաբաններու հայեցողութեան:
Հարցը փոխանցուած է Քնեսեթի կրթութեան ու մշակոյթի ենթայանձնախումբի քննարկման: Ի վերջոյ Իսրայէլի բարոյական ամենադոյզն պարտաւորութիւնն է յիշել աւելի քան մէկ միլիոն հայերու ջարդը` թուրքերու ձեռամբ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ