ԱԶԱՏ ԲԵՄ.- ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 15 Second

 ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 Ծ.Խ.- Այսգրութիւնըկ՛անդրադառնայՀայրենիքիՆոյեմբեր 02, 2012-իթիւինմէջլոյստեսածԽաչիկՏէրՂուկասեանիՔաղաքացիականհասարակութեանխոստումներնուսահմանափակումներըյօդուածին ( էջ 7) մասին: Նշենքթէ, այսգրութիւնընաեւտեղադրուածէկայքէջին (hairenikweekly.com) մէջ, Հոկտեմբեր 30-էնիվեր, “յօդուածներսիւնակէններս: Հետեւաբար, ընթերցողինհամարկարելիպիտիըլլայ, այստեղեկութիւններըօգտագործելով, իրտրամադրութեանտակունենալԽ. ՏէրՂուկասեանիյօդուածըեւաւելիմօտէնհետեւիլՎ. Բրուտեանիկատարածմատնանշումներուն: Նաեւ, աւարտինտեղադրուածէԽ. ՏէրՂուկասեանիպատասխանգրութիւնը: 

Հետաքրքրութեամբ կարդացի գաղափարակից ընկերոջս` Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի “Քաղաքացիական հասարակութեան խոստումներն ու սահմանափակումները“ խորագրով յօդուածը, որ վերջերս լոյս տեսած էր “Ասպարէզ“ի, “Հայրենիք“ի ու հաւանաբար նաեւ կարգ մը այլ թերթերու մէջ:

Յօդուածին առանցքը “Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը“ ընդհանուր նիւթով համաժողովներու շարքի չորրորդն է: Այս համաժողովներուն նպատակը, ինչպէս շատ ճշգրտօրէն եւ մանաւանդ` արդարօրէն կը բնութագրէ յօդուածագիրը իր յօդուածին սկիզբը, “հայ ժողովուրդի պատմական գործընթացի ներկայ հանգրուանն ու անոր հեռարձակումը ընթացիկ դարուն մէջ, քաղաքական հոլովոյթներու ընկալում-հասկացութեան, մեկնաբանում-բացատրութեան, ինչպէս նաեւ “ի՞նչ ընել“ հարցում-յանձնառութեան յառաջդիմական գաղափարախօսութեան տեսադաշտին մէջ վերլուծելն է“:

Յօդուածագիրը իր արդար քննարկումը կը շարունակէ ըսելով, որ այս նպատակին համար, անհրաժեշտ էր այս համաժողովները վերածել Հայաստան-Սփիւռք հանդիպման միջավայրի, ապա` “յառաջդիմութիւն“ հասկացութիւնը տեղաւորել 21րդ դարու պայմաններու տրամաբանութեան մէջ եւ վերջապէս, դասեր քաղել այլ ժողովուրդներու փորձառութենէն: Ան կը շարունակէ ըսելով, որ նման նախաձեռնութեան մը կարիքը կը զգացուէր Հայաստանի ընկերային-տնտեսական կացութեան վերլուծելումով ու այս կէտին վրայ կու տայ ճշգրիտ հիմնաւորումներ, ինչպէս` հարստութեան եւ իշխանութեան խիստ կեդրոնացում, հասարակութեան բեւեռացում` ունեցողներու եւ չունեցողներու առումով, կնոջ նկատմամբ բռնութիւն, միջավայրի վայրագ ու անխնայ կողոպուտ, սեռային անհանդուրժողութիւն, համատարած փտածութիւն (corruption, որ մեր համոզումով սոսկական կաշառակերութենէն շա՜տ աւելի համընդգրկուն երեւոյթ է):

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ապա կը նշէ, թէ 2008-9 տարիներուն տեղի ունեցան երկու իրադարձութիւններ, որոնք բեկումնային եղան: Առաջինը Հայաստան-Թուրքիա փրոթոգոլներն էին, իսկ երկրորդը միջազգային ելեւմտական ճգնաժամը, որ մեր կարծիքով ծայրայեղ դրամատիրական գաղափարախօսութեան արդիւնքն է: “Կը թուի, թէ ի մասնաւորի առաջին իրադարձութիւնն ու անոր ժողովրդային հակազդեցութիւնը (…) ազգային հարցին կրկին բացարձակ առաջնահերթութիւն պիտի տար“, բայց կը շարունակէ ան, այդպէս չեղաւ, որովհետեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան սառեցուց փրոթոգոլներու գործընթացը եւ երկրորդ` միջազգային ելեւմտական ճգնաժամի պայմաններուն տակ, Հայաստանի ընկերային-տնտեսական հարցերը խորացան, անոր վրայ բարդուեցաւ նաեւ արտագաղթի հարցը եւայլն:

Փակագիծ մը: Այս վերջին կէտին շուրջ մեր կարծիքը տարբեր է, որովհետեւ կարելի չէ ՀՀ իշխանութիւններու իշխանամոլութիւնը, իր բոլոր յոռի դրսեւորումներով, ընդհանուր պատկերէն դուրս հանել: Սակայն մեր բուն ըսելիքը այս չէ:

Այս բաժինը ամփոփելով հաստատենք, որ անձնապէս գրեթէ ամբողջութեամբ կը բաժնենք “Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը“ նիւթով խորհրդաժողովներու հետապնդած ռազմավարական նպատակը, ինչպէս որ յօդուածագիր Խաչիկ Տէր Ղուկասեան իր յօդուածին մէջ բնութագրած է:

“Առ այդ,- կը շարունակէ յօդուածագիր ընկերս,- Հայերն ու յառաջդիմական քաղաքականութեան չորրորդ հանդիպման նախաձեռնողները ճիշդ ընտրած էին Հայաստանի անկախութեան 21 տարիներուն նուիրուած այս հանդիպման կիզակէտ դարձնել` հայրենի իրականութեան մէջ ծնունդ առած եւ զարգացած քաղաքացիական հասարակութեան յանձնառու հատուածներէ ներկայացուցիչներ“:

Հոս կը սկսի տարակարծութիւնս: Հետեւեալ պատճառներով:

ԱՌԱՋԻՆ.- Նշուած չորրորդ հանդիպման մասնակիցներու շարքին էր Հայաստանի մէջ գործող Pink կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Գաղտնիք չէ, որ սա միասեռականներու (արական եւ իգական) կազմակերպութիւն մըն է:

Անձնապէս զիս բացարձակապէս չի հետաքրքրեր, թէ ո՞վ իր ննջարանին մէջ ինչ կ՛ընէ: Զիս բացարձակապէս չի հետաքրքրեր, թէ ո՞վ ի՞նչ տեսակի սեռային ճաշակի տէր է: Երբ հայկական հանրային-հասարակական-քաղաքական միջավայրի քննարկումը կը կատարենք, մեր չափանիշը պէտք է ըլլայ այն, թէ ո՞վ ինչքանո՞վ ներդրում կ՛ունենայ մեր կեանքի առողջ զարգացման ու բարգաւաճման մէջ. եւ սեռային ճաշակը գործ չունի հոս: Մէկը կրնայ միասեռական չըլլալ, սակայն կրնայ կատարեալ անպէտք ու նոյնիսկ վնասակար ըլլալ մեր հասարակութեան համար: Եւ հակառակը, միասեռական մը կրնայ լուրջ ներդրում բերել հայկական հանրային կեանքին, իբրեւ տնտեսագէտ, գիտնական, արուեստագէտ կամ քաղաքական գործիչ ու ա՛յդ իսկ պատճառով, իր բերած ներդրումին պատճառով, ան արժանի է իմ յարգանքին եւ համոզուած եմ, որ նաեւ բոլորի՛ն յարգանքին պէտք է արժանանայ:

Արաբական գրականութեան մէջ հսկաներ կան, որոնք ոչ միայն միասեռական եղած են (օրինակ` Ապու Նաուաս), այլեւ իրենց ամբողջ գրական վաստակը միասեռականութեան թեմայով է: Սակայն արաբ բանասիրական միտքը զանոնք կը դասէ արաբական գրականութեան արժէքային համակարգին մէջ` պատուանդանի վրայ, յար եւ նման այլ մեծերու, որոնց մշակած գրականութիւնը էապէս հակադրուած է Ապու Նաուասի սեռային-անձնական ճաշակին:

Վերջերս ի յայտ եկաւ, որ CNN-ի ականաւոր լրագրողներէն Էնտըրսըն Քուփըր միասեռական է: Է, ուրեմն ի՞նչ ընենք, չլսե՞նք-չդիտե՞նք զինք, կամ` եթէ մինչեւ հիմա զայն չէինք դիտեր-լսեր, ասկէ ետք սկսինք մտիկ ընել ու հետեւի՞լ իրեն: Ի մէջ այլոց ըսեմ, որ ես Էնտըրսըն Քուփըրին չեմ հետեւիր հեռատեսիլին վրայ, որովհետեւ ան մաս կը կազմէ պալատական երգիչներու այն խումբին, որուն պարտականութիւնն է քարոզչութիւնը կատարել քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային այն գաղափարախօսութեան, որուն հետ ես իբրեւ դաշնակցական (եւ հետեւաբար նաեւ` իբրեւ համոզուած ընկերվարական) հիմնովին տարակարծիք եմ:

Այնպէս որ, նշեալ կազմակերպութիւնը բերել ու տեղաւորել յառաջդիմական մտածողութեան շրջագիծէն ներս, իր նպատակին չի ծառայեր` նուազագոյնը ըսելու համար:

ԵՐԿՐՈՐԴ.- Նոյն հանդիպման մասնակիցներու շարքին էր Human Rights Watch կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Հոս եւս խնդիր կայ, որովհետեւ այս կազմակերպութիւնը այնքան սերտօրէն կը գործակցի Մ. Նահանգներու Պետական բաժանմունքին հետ, որ հարցման նշաններ ստեղծած է:

Ամերիկեան անկախ վերլուծական կայքէջերէն counterpunch.org-ին մէջ առատ նիւթ կայ, ուր բացայայտուած են Պետական բաժանմունքին հետ նշեալ կազմակերպութեան կապերը: Բաւական է այս կայքէջի փնտռտուքի կոճակը սեղմել, եւ, voila, մեծ քանակութեամբ նիւթ պիտի երեւի ձեր համակարգիչներու պաստառին վրայ: Այդ կայքէջին վրայ գոյութիւն ունեցող կարգ մը տեղեկութիւններուն համաձայն, Human Rights Watch-ը ոչ միայն սերտ կապեր ունի Պետական բաժանմունքին հետ, այլ նաեւ քիչ մը աւելին:

Անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին, Human Rights Watch-ը եւս մաս կը կազմէր Լիպիոյ նախկին նախագահ Մուամմար Քազզա‎ֆիի դէմ Արեւմուտքին կողմէ շղթայազերծուած քարոզչական-քաղաքական պատերազմին` ամբաստանելով Լիպիոյ նախկին նախագահը մարդկային իրաւունքներու անլսելի բռնաբարումներով: Այդ երգչախումբին նաեւ մաս կը կազմէր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ԱՄԴ, ICJ) նախագահ Փիթըր Թոմքան եւս (ազգութեամբ սլովաք): Վերջինս, Լիպիոյ հարցերու “տաք“ օրերուն, միջազգային մամուլին մէջ Քազզա‎ֆին ամբաստանեց ըսելով, որ ան իր զինեալներուն Viagra կը բաժնէ, որպէսզի բռնաբարումներ կատարեն ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծեն ժողովուրդին մօտ: Քանի մը ամիս ետք ՄԱԿի յանձնաժողովներէն մէկը, ի շարս բազմաթիւ անկախ լրագրողներու, երեւան հանեցին, որ նման բան չէ պատահած, սուտ է գլխաւոր դատաւոր Թրոմքային պնդումը: Սակայն Թրոմքա վստահաբար ոչ իսկ մէկ գիշեր իր քունը փախցուց իր բացայայտ սուտին համար:

Անցնող Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, գրեթէ մէկ ամիս, լիպիացի “յեղափոխական“ զինեալներ պաշարման խիստ օղակի մէջ առին եւ անխնայ ռմբակոծեցին մայրաքաղաք Թրիփոլիի մօտակայ Պանի Ուալիտ քաղաքը (աղէտը ցարդ կը շարունակուի): Քանի մը հազար անմեղ քաղաքացիներ սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան: Արեւմտեան մամուլին հետ, քար լռութիւն պահեց նաեւ Human Rights Watch-ը: Պարզ է, չէ՞:

 ԵՐՐՈՐԴ.- Հանդիպման մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի մէջ գործող “Բաց հասարակութիւն“ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Այս մէկը հայաստանեան մասնաճիւղն է ծագումով հունգարացի-հրեայ, այժմ ամերիկահպատակ միլիառատէր Ճորճ Սորոսի Open Society կոչուած կազմակերպութեան:

Թէ՛ Վրաստանի “Վարդերու յեղափոխութեան“ եւ թէ՛ Ուքրայինայի “Նարնջագոյն“ անուանուած յեղափոխութիւններու հիմնական ‎ֆինանսաւորումը կատարուեցաւ Ճորճ Սորոսի կողմէ: Սորոս, բնականաբար եւ տրամաբանօրէն, այս քայլերը չէր կրնար առնել առանց Պետական բաժանմունքին կանաչ լոյսին, պնդումին, կամ պահանջին:

Եւ հիմա, “Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը“ խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ճորճ Սորոսի կազմակերպութեան հայաստանեան մասնաճիւղին ներկայացուցիչը: Չերկարենք:

Կարճ, նշեալ թեմայով խորհրդակցութեան ռազմավարական նպատակը, ինչպէս բանաձեւած է Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, աւելի քան դրական է, գովելի ու քաջալերելի: Նոյնը դժուար է ըսել զայն իրագործելու կոչուած մարտավարութեան մասին` նշեալ երեք հիմնաւորումներով: 

Նոյեմբեր 21, 2012

vproodian@gmail.com

ՏԱՐԱԿԱՐԾԻՔՉԵՄ

(Յստակեցում Վաչէ Բրուտեանի “Քաղաքացիական Հասարակութիւն. Ռազմավարութիւն եւ Մարտավարութիւն“ յօդուածի ակնարկին)

Խ. Տէր Ղուկասեան

Վաչէ Բրուտեան իր “Քաղաքացիական Հասարակութիւն. Ռազմավարութիւն եւ Մարտավարութիւն“ յօդուածով մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ Հայերը եւ Յառաջդիմական Քաղաքականութիւնը չորրորդ համաժողովի մասնակից երեք բանախօսերու ներկայացուցած կազմակերպութիւններու` Pink, Human Rights Watch եւ Open Society մասին եւ անոնց “յառաջդիմականութիւնը“ կը մերժէ:

Տարակարծիք չեմ իր բերած փաստերուն ինչ կը վերաբերի ի մասնաւորի Human Rights Watch եւ Open Society-ի յաճախ երկդիմի կեցուածքներուն, սկզբունքազուրկ (կամ այլ սկզբունքներով թելադրուած…) լռութիւններուն եւ մինչեւ իսկ քաղաքական ուղղակի թէ անուղղակի մեղսակցութեանց: Կը մնայ որ, առաջին, զոյգ կազմակերպութիւններու հետապնդած նպատակները` Մարդկային Իրաւանց եւ Բաց Հասարակութեան պաշտպանութիւն որպէս այդիպիսին յառաջդիմական են, եւ, երկրորդ, իրենց բոլոր քննադատելի ու ժխտական կողմերով զոյգ կազմակերպութիւններն ալ իրենց հետապնդած համամարդկային դատերուն մէջ ունեցած են նաեւ դրական ներդրում: Ճորճ Սորոսի հրապարակային քննադատութիւնը Ճորճ Պուշի քաղաքականութեան ինչպէս նաեւ Պարաք Օպամայի պաշտպանութիւնը ծանօթ է: Այս առարկայական իրողութիւնը ընդունիլ չի նշանակեր անտեսել որ Սորոս համաշխարհային մասշտապով Մեծ Դրամագլուխի տիպար ներկայացուցիչներէն է որուն հարստութեան կուտակումը հաւանաբար նոյնքան անպարկաշտօրէն եղած է որքամ անպարկեշտ է նոյն ինքն Մեծ Դրամագլուխը:

Նոյնն է պարագան Pink կազմակերպութեան այն իմաստով որ սեռային տեսակի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը իր էութեամբ յառաջդիմական կեցուածք է` անկախ անկէ թէ անոր յանձնառութիւնը ստանձնողները ի՛նչ հաշիւներով եւ ո՛ր ուղղուածութեամբ կը գործեն: Այս իմաստով, անձն ու նոյնիսկ կազմակերպութիւնը կարելի է, անհրաժե՛շտ է քննադատել, բայց ոչ սեռային ինքնութեան ազատութեան իրաւունքը: Աւելցնեմ որ Վաչէ Բրուտեան յստակօրէն կ’ըսէ թէ ինք հարց չունի սեռային ինքնութեան ազատութեան իրաւունքի հարցով, հետեւաբար այդ սկզբունքի յառաջդիմական բնոյթը հարցականի տակ չ’առնուիր: Հաւանաբար իր քննադատութիւնը ուղղուած ըլլար Pink կազմակերպութեան որուն “յառաջդիմականութիւնը“ անընդունելի կը համարէր –թէեւ այդ մասին մանրամասնութիւններ չկան իր յօդուածին մէջ: Ամենէն կարեւորը` իմ յօդուածիս երկրորդ բաժինը հիմնականօրէն քննադատական վերլուծման սեղմ փորձ մըն է այսպէս կոչուած “քաղաքացիական հասարակութեան“ եւ, կարծեմ, բաւական յստակօրէն դիտել տուած եմ որ կարելի չէ այս յղացքը զերծ պահել գաղափարախօսական ուղղուածութենէ:

Նման “ապագաղափարախօսական“ութեան որեւէ հաւակնութիւն ինքնին գաղափարախօսութիւն է որուն չեմ գիտեր եթէ կ’անդրադառնան Հայաստանի “քաղաքացիական հասարակութեան“ ներկայացուցիչները, ինչպէս կը նշեմ յօդուածիս աւարտին: Այս իմաստով ալ տարակարծիք չեմ Վաչէ Բրուտեանին հետ “յառաջդիմականութիւնը“ սահմանելու իր գաղափարախօսական ենթաթեքսի մեկնակէտով, որ, կը կրկնեմ, անհրաժեշտօրէն իր օրակարգին վրայ պէտք է ունենայ Մարդկային Իրաւունքներու, Բաց Հասարակութեան եւ Սեռային Ինքնութեան Ազատութեան սկզբունքները որոնք իրենց էութեամբ յառաջդիմական են:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles