Գլխաւոր

Փունջ Մը 2026-ի Աշխարհի Ֆութպոլի Սխոյեանութեան «Քաղաքակողմնակալախայտառակութիւն»-ներէն

Սարգիս Տաղտէվիրեան
19
Յուլիս 2026

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը 4 տարին անգամ մը տեղի ունեցող ամէնէն ժողովրդական մրցաշարքն է երկրագունտին վրայ: Իրար մօտ կը բերէ տարատեսակ երկիրներու մարզիկներ, մտածողութիւններ, ապրելակերպեր եւ աշխարհակարգեր: Այս տարուան ախոյեանութիւնը կազակերպուած էր ամերիկեան ցամաքամասի 3 երկիրներու կողմէ. Ա․Մ․Ն․, Մեքսիքա եւ Քանատա: Մասնակցեցան 48 ազգային հաւաքականներ, առաջին անգամ ըլլալով, եւ լուրեր կը տարածուին, թէ այդ թիւը յաջորդին կարող է բարձրանալ 64-ի, որ ճիշդ է՝ առիթ կուտայ աւարտականներուն բնաւ չհասած երկիրներու եւ մարզիկներու վայելելու մասնակցելու պատիւը, սակայն նոյն ատեն, աշխարհի երկիրներու գրեթէ մէկ երրորդը հասցնել մրցաշարքին, կը նշանակէ կորսնցնել անոր լրջութիւնը ու մեծ ծախսի տակ դնել բազմաթիւ երկիրներու ֆութպոլի դաշնութիւնները:

Շատ գեղեցիկ, հետաքրքրաշարժ եւ անակնկալներով լեցուն մրցաշարք տեղի կ’ունենայ 4 տարին անգամ մը, ո՛չ միայն ֆութպոլի սիրահարներուն ու մարզասէրներուն, այլեւ խաղէն գրեթէ չհասկցողներուն համար:

Սակայն, ամէն սիրուն պատահարի մէջ անգամ, գոյութիւն կ’ունենան նաեւ տգեղութիւններ: Հոս պիտի տամ կարգ մը երեւոյթներ, որ, ըստ համեստիս, պղծեցին մարզաշխարհին պայծառութիւնը, թափանցիկութիւնը, նաեւ «աւելի բարձր, աւելի արագ, աւելի ուժեղ» նշանաբանը:

– Իրանի խումբին անվտանգութիւն չապահովելուն կողքին, Ֆ․Ի․Ֆ․Ա․-ն (Աշխարհի ֆութպոլի դաշնութիւնը) մերժեց, որ անոր խաղերը Ա․Մ․Ն․-էն տեղափոխուին Մեքսիքա, անոր պատասխանատուներուն խնդրանքով, պատճառաբանելով, որ բոլոր կարգադրութիւնները եղած են եւ խումբերուն ու հանդիսատեսներուն ճամբորդութեան եւ կեցութեան ապահավագրումները կատարուած… մինչ այդ, 2003-ին նոյն Ֆ․Ի․Ֆ․Ա․-ն աղջկանց Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկիրը ամբողջութեամբ փոխադրեց Չինաստանէն Ա․Մ․Ն․, ՍԱՐՍ համաճարակի պատճառով. այն ատեն ուղեւորութեան եւ պանդոկի կարգադրութիւններ երեւի չէին կատարուած…

Advertisement Subscribe Today

– Արժանթին-Անգլիա կիսաւարտականի (15 Յուլիս) մրցումէն ետք, առաջինին շատ գեղեցիկ խաղարկութենէն ու յաղթանակէն ետք, արժանթինցի խաղացողները «Մալուինեան կղզիները արժանթինեան են» լօզունքով պաստառ մը իրենց համակիրներէն վերցուցին ու դաշտին վրայ իրենք պարզեցին, ամբողջ խումբն ալ անոր ետին: Մալուինեան կղզիները նոյնինքն Ֆոլքլենտ կղզիներն են, որ Անգլիոյ կողմէ գաղութարարուած են, հակառակ արժանթինեան հողամասի մօտերը գտնուելուն. նոյնիսկ պատերազմ ալ տեղի ունեցած է այս երկու երկիրներուն միջեւ տիրելու համար անոնց:


Ըստ Ֆ․Ի․Ֆ․Ա․-ի կարգ մը անդամներու այդ պաստառը պարզելը քաղաքական արտայայտութիւն է, որ արգիլուած է Ֆ․Ի․Ֆ․Ա․-ի կանոններով, իսկ անգլիացի շարք մը համակիրներու, նոյն այդ խաղին, միջնադարու զինուորական տարազներով ներկայանալը քաղաքական կեցուածք չէ՛, Ուքրայինայի պատերազմին պատճառով Ռուսիոյ մարզական խումբերուն (ներառեալ ֆութպոլի) եւ առհասարակ ռուսահպատակ մարզիկներուն իրենց երկրին անունով դաշտ ներկայանալ արգիլելը, քաղաքական կողմնորոշում չե՛ն… Ա․Մ․Ն․-ի եւ Իսրայէլի Իրանի վրայ տակաւին շարունակուող յարձակումները, բոլորովին նման չեն ռուս-ուքրայինական հակամարտութեան, որպէսզի երկիր մը պատժուէր…
Մարզական աշխարհը շատո՜նց դուրս եկած է մարմնամարզութեան ոլորտէն եւ վերածուած է քաղաքական քարոզչութեան, շահարկումի ու ճնշումի միջոցի, նաեւ նիւթական եկամուտի ու կաշառակերութեան աղբիւրի:

– 1/16-րդ զտումներուն, Արժանթին-Եգիպտոս խաղին, Ֆարաոններու երկրի խումբին նշանակած 3-րդ կոլը ջնջուեցաւ… Կոլին վաւերացումը կրնա՜ր… կրնար Արժանթինի պարտութեան եւ դուրս մնալուն պատճառ դառնալ: Կոլին չեղարկումին պատճառը՝ 70-80 մեթր ետին պատահած խախտումի մը վերագրուեցաւ, բայց խաղին երկար ժամանակ շարունակուելէն եւ արժանթինեան դարպասը գրաւուելէն ետք. եթէ կար յանցանք, որ ինքնին խնդրայարոյց էր, շա՜տ առաջ պէտք է կանգնեցուէր խաղին ընթացքը:

– Ֆ․Ի․Ֆ․Ա․-ն բազմաթիւ նոր օրէնքներ որդեգրած էր ախոյեանութենէն առաջ, օրինակ. միայն խմբապետը իրաւունք ունէր խօսիլ իրաւարարներուն հետ, զանազան դիրքերու 5 երկվայրկեանի պայմանաժամով վերսկսիլ խաղը, եւայլն, որոնք մասամբ միայն յարգուեցան եւ բազմաթիւ հանդիսատեսներու կարծիքով (ու պնդումով), իրաւարարներու կողմէ կատարուեցան կողմնակալութեամբ կամ, լաւագոյն պարագային, կամայականութեամբ:

– Ամերիկացի խաղացող Ֆոլարին Պալոկըն, 1/32-րդ զտումներուն Պոսնիայի դէմ մրցումին, ստացաւ կարմիր քարտ, որ ֆութպոլի օրէնքով ու Ֆ․Ի․Ֆ․Ա․-ի «հսկողութեամբ» պէտք է արտաքսուած մնար Ա․Մ․Ն․-ի յաջորդ խաղին եւս (Պելճիքայի դէմ):


Սակայն, Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ դիմած է նոյն Ֆ․Ի․Ֆ․Ա․-ի նախագահ Ինֆանթինոյին, որ պատիժը ջնջուի կամ այլ կարգադրութիւն կատարուի, որպէսզի ամերիկացի մարզիկին արտօնուի խաղալ Պելճիքայի դէմ, անշուշտ, ըստ իրեն, տալով «մասնագիտական» բացատրութիւններ, թէ խախտումի հարուածը ուժեղ չէր, թէ պատիժը համապատասխան չէր յանցանքին, եւայլն. ու Ֆ․Ի․Ֆ․Ա․-ն ալ համակերպելով, «ոչխար-ոչխար», առանց «քաղաքական նկատառումներու» ընդունած է դիմումը ու առկախած է պատիժը: Պելճիքայի ֆութպոլի դաշնութիւնը, նոյնիսկ ԵՈՒ․Է․Ֆ․Ա․-ն (Եւրոպայի ֆութպոլի դաշնութիւնը) բողոքած են, բայց ապարդիւն: Հեգնանքով շեշտեմ, որ քաղաքական ոտնձգութիւն չէ՜ այս, երբ որոշակի անձերու կողմէ կատարուած է, նմանատիպ անհատներու… Հոս աւելցնեմ, որ կարմիր քարտի պատիժի ջնջումը Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն ընթացքին, աննախադէպ չէ. սակայն միայն մէկ դէպք պատահած է, այդ ալ 1962-ին Չիլիի մէջ կատարուած ախոյեանութեան, պրազիլցի Կառինչայի, կիսաւարտական խաղին Չիլիի դէմ մրցումին ստացած կարմիր քարտին պարագային, որ կը վերացուի հակառակորդ խումբի չիլիցի համակիրներու եւ Չիլիի նախագահին դիմումներուն ընդառաջելով, եւ ո՛չ թէ պրազիլցի նախագահին ու համակիրներուն: Պրազիլ յաղթած էր Չիլիին. կը յաղթէ նաեւ աւարտականին Չեխոսլովաքիոյ, դառնալով  աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, երկրորդ անգամ ըլլալով:

Այսքանը, տակաւին բոլոր խաղերը առանց մանրամասն վերաքննելու:

Ի միջի այլոց, Իրանի մասին կէտ մըն ալ նշեմ. ան միակ խումբն է, որ առանց պարտութեան դուրս մնաց մրցաշարքէն, իր երրորդ խաղին, Եգիպտոսի դէմ, 26 Յունիսին, նշանակած կՈլին օֆ-սայտով ջնջուելուն պատճառով, երկարատեւ վերատեսումէն ետք: Անշուշտ, ես Իրանի խումբը չեմ գովեր. այդքան ալ փայլուն չէին եւ չտպաւորեցին, սակայն իր դէմ ժխտական ճնշումը յստակօրէն առկայ էր:

Այսօր աւարտեցաւ Աշխարհի ֆութպոլի այս ախոյեանութիւնը. Սպանիա յետ երկարաձգութեան 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արժանթինը եւ տիրացաւ բաժակին, երկրորդ անգամ ըլլալով:

Բազմաթիւ դրական եւ բացասական մրցանիշներ հաստատուեցան խումբերուն, մարզիկներուն, ինչու չէ՛, նաեւ իրաւարարներուն կողմէ: Պիտի չցուցակագրեմ զանոնք, որովհետեւ տեղեկատուական լրատուութիւն չէ հոս ներկայացուածը, այլ պայծառատեսօրէն արձանագրումներու նշում:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button