Գլխաւոր
Փարիզի Մէջ Հանդիպում՝ Օլիվիէ Ֆօր – Իշխան Սաղաթէլեան

ՓԱՐԻԶ.- Աշխատանքային այցելութեամբ լոյսերու քաղաք ժամանած՝ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Հ.Հ. Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի ընկերակցութեամբ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Օլիվիէ Ֆօրի հետ, որ կը պատրաստուի մասնակցելու Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն։

