ԱրտերկիրԼրահոս

Փարիզի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհ՝ Հայ Կիներուն Նուիրուած Յուշակոթող

Paris  h

Մարտ 8-ին, Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչ միութեան նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս եւ Կիներու միջազգային օրուան առիթով, լոյսերու քաղաքի՝ Փարիզի Սէն գետի ափին, Կոմիտասի արձանի մօտ, paris Hidalgo-4տեղի ունեցաւ յուշակոթողի բացման արարողութիւն` գլխաւորութեամբ Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի: Ձեռնարկին ներկայ եղան Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ, հասարակական-քաղաքական ու պետական գործիչներ, մշակութային ու լրատուական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, հարիւրաւոր ֆրանսահայեր եւ տեղացիներ:
Դեսպան Չիտեչեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն` ծագումով հայ իրենց քաղաքացիներու նախնիներու յիշատակին նկատմամբ ընդգծուած հոգատար վերաբերմունքին եւ մնայուն ուշադրութեան համար:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button