Փարիզի Մէջ Կը Ցուցադրուին Պաքուի 19 Բանտարկեալներու Դիմանկարները
Օգոստոս 31-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 4-ը, Փարիզի սրտին մէջ բացուած է ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած Ատրպէյճանի մէջ պատանդ պահուող 19 հայ քաղաքական բանտարկեալներուն։ Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Փարիզի քաղաքապետարանին եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին (CCAF)։ Ցուցահանդէսին նպատակն է յիշեցնել, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան նկատմամբ գործադրուած բռնութիւնը եւ բռնի տեղահանութիւնը ուղեկցուած են Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ձերբակալութիւններով։
Այսօր անոնցմէ 19-ը տակաւին կը մնան ատրպէյճանական բանտերու մէջ։ Քաղաքապետարանի շէնքին վրայ հայ գերիներու դիմանկարներու ցուցադրութեամբ՝ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը կը փորձէ հանրային ուշադրութիւնը հրաւիրել անոնց ճակատագիրին վրայ։ Փարիզի այս նախաձեռնութիւնը մեկուսացուած քայլ մը չէ. Ֆրանսայի մայրաքաղաքը տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն իր աջակցութիւնը յայտնած է Արցախի հայութեան։
2020-ին Փարիզի քաղաքային խորհուրդը կոչ ուղղած էր Ֆրանսայի կառավարութեան՝ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։ 2023-ին՝ Արցախի շրջափակման եւ հայ բնակչութեան նկատմամբ ատրպէյճանական ճնշումներու սաստկացման շրջանին, Փարիզ մարդասիրական օգնութիւն նախաձեռնեց, իսկ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը անձամբ մեկնեցաւ Հայաստան՝ հասնելով մինչեւ Հակարիի կամուրջ՝ շրջափակուած արցախահայութեան աջակցելու համար։ Նոյն տարուան Նոյեմբերին Փարիզի քաղաքային խորհուրդը միաձայն Արցախի ժողովուրդին շնորհեց Փարիզի պատուաւոր քաղաքացիի կարգավիճակ՝ վերահաստատելով քաղաքին քաղաքական, բարոյական եւ մարդասիրական համերաշխութիւնը։
Փարիզի դիրքորոշումը լիովին համահունչ է Ֆրանսայի պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աճող ներգրաւուածութեան։ 2026-ի Փետրուար 3-ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովը ընդունեց բանաձեւ մը՝ պահանջելով Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդ-բանտարկեալներու ազատ արձակումը։ Նոյն տարուան Յուլիսին Կորսիկայի խորհրդարանը հանդէս եկաւ «Աջակցութիւն Արցախին եւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդ-բանտարկեալներու ազատ արձակում» խորագրով որոշումով։ Աւելի առաջ՝ 2025-ի Դեկտեմբերին, Նիսի քաղաքապետարանն ալ քաղաքապետարանի շէնքին ճակատին փակցուցած էր հայ պատանդ-բանտարկեալներու դիմանկարները՝ պահանջելով անոնց շուտափոյթ ազատ արձակումը։
Այս գործընթացներէն անմասն չէ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանը, որ բազմիցս պահանջած է Պաքուէն ազատ արձակել հայերը։ 2025-ի Ապրիլ 2-ի բանաձեւով կառոյցը պահանջած էր ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ ընդգծած էր արցախահայութեան՝ ապահով, անարգել եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը։
«Այսօր Փարիզի մէջ ցուցադրուող 19 դիմանկարները լոկ բանտարկեալներու դէմքեր չեն. անոնք Արցախի պատմութեան, անոր քաղաքական կեանքին եւ անոր ժողովուրդի իրաւունքներուն կենդանի վկաներն են»,- կը յայտնէ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան։ Ցուցահանդէսը միաժամանակ կը յիշեցնէ արցախահայութեան՝ իր սեփական հայրենիք վերադառնալու իրաւունքին մասին։ Պէտք է նշել, որ դեռեւս 2023-ի Նոյեմբեր 17-ին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը պարտաւորեցուցած էր Ատրպէյճանը ապահովելու Արցախը ստիպողաբար լքած անձերու ապահով, անարգել եւ արագ վերադարձը։
Այդ իրաւական պարտաւորութիւնը մինչեւ այսօր կը մնայ թուղթի վրայ։ «Քանի դեռ հայ գերիները ազատ չեն, անոնց դէմքերը պիտի շարունակեն յիշեցնել աշխարհին, որ արդարութիւնը չի կրնար փոխարինուիլ մոռացութեամբ, իսկ մարդու ազատութիւնը՝ քաղաքական պայմանաւորուածութիւններով»,- կը նշէ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան։


