Փարիզի Մէջ Լիզպոնի Հինգի Ոգեկոչում
Փարիզի ՀՅԴ «Արմէն Կարօ» ենթակոմիտէն` իր աւանդութեան հաւատարիմ եւ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ոգեկոչեց Լիզպոնի հինգ մարտիկներուն յիշատակը: Նախորդ տարիներուն, եկեղեցական արարողութենէն ետք, բոլորը կը համախմբուէին Փարիզի Մշակոյթի տան մէջ կազմակերպուած հոգեճաշին շուրջ: Քառասուներորդ տարելիցը նշուեցաւ Ալֆորվիլի տան մէջ, իսկ անցեալ տարի հոգեհանգիստը եւ հոգեճաշը տեղի ունեցան Իսի-լէ-Մուլինոյի եկեղեցւոյ եւ շրջանի համագործակցութեամբ:
Այս տարի սակայն, տարբեր էր: Հոգեհանգիստի կարգէն ետք` խունկով եւ երգով բոլորը ուղղուեցան դէպի Փարիզի Փէր Լաշէզի գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին Ա․ անկախութեան մեծերէն քանի մը հատը:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեանի շիրիմին առջեւ բոլորը վերահաստատեցին Լիզպոնի հինգ հերոսներուն կատարած անձնազոհութեան ու հերոսական արարքին իմաստն ու անոր հաւատարիմ մնալու խոստումը: Ռոմիկ Տաւիթեան իր խօսքին մէջ յիշեց Սեդրակը, Վաչէն, Արան, Սարգիսը եւ Սիմոնը, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին` արդարութեան ձայնը բարձրացնելու նպատակով: Անոնք ըսած էին, թէ մոռացութեան, անտարբերութեան եւ անարդարութեան դէմ ըմբոստանալն էր իրենց միակ ընտրութիւնը: «Անոնց արարքը ճիչ մըն էր ընդդէմ լռութեան: Աշխարհը մերժած էր լսել, անոնք դիմեցին ուժի` իբրեւ աշխարհը սթափեցնելու միակ միջոց: Երբ չկայ արդարութիւնը, լռութիւնը կրնայ դառնալ պայթումի պատճառ», ըսաւ Տաւիթեան:
Թալին Թաշճեանի գեղեցիկ ձայնը հնչեցուց «Մատաղ ազատութեան խորանին»-ը:
Անկէ ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի շիրիմը: Այս երկու շիրիմները նոյն ճեմուղիին մէջ գրեթէ դէմ առ դէմ կը գտնուին եւ «անընդհատ կը խօսակցին»` ոչ միայն չմոռնալու, այլ մանաւանդ չկորսուելու այս օտարութեան մէջ:
Այս քանի մը քառակուսի մեթրերունվրայ անոնք վերապրեցան պատմութեան նշանակալի դէպքերը եւ վերյիշեցին նուիրեալ դէմքեր:
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ինչպէ՛ս ճանաչման համար մղուող պայքարը կը շարունակուի: Ան նշեց, որ անցեալին հետ այս կենդանի կապը մեզ բոլորս կը պարտաւորեցնէ շարունակել պայքարը` հետեւելով Լիզպոնի հինգ հերոսներուն պատգամին:
Յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նաեւ մեր «Նեմեսիս»- ներուն` ընթերցելով Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին» գիրքին սկզբնատողերը. «Նրանց` որոնք խիզախ կեանքով դաժան մահը հեգնեցին, եւ հպարտ մահով մեր սեւ կեանքին փայլ տուին»:

