
ԱՍՈՒՆՍԻՈՆ.- Փարակուայի ծերակոյտը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յատուկ բանաջեւ մը որդեգրելով: Այս բանաձեւը ընդունուած է միաձայնութեամբ:
Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Ալֆոնսօ Թապաքեան յայտնեց թէ բանաձեւը ներկայացուցած է Յառաջդիմական-Ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ ծերակուտական Տեզիրէ Մասի, գործակցելով այլ ծերակաուտականներու հետ, որոնց կարգին Ռոպերթօ Ասեվետօ, Սիսթօ Փերէյրա, Քարլոս Ամարիլա, Վիքթոր Պոկատօ, Առնոլտօ Վիենս…:
Ծերակոյտի անդամներուն կողմէ ստորագրուած հռչակագիրին մէջ, արձանագրուած է, թէ «Փարակուայ կը ճանչնայ հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութիւնը, որ գործադրուած է 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ կ՛ոգեկոչէ հարիւրերորդ տարելիցը` իբրեւ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր»: