ՓԱԿՈՒՄ՝ ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 9-ՐԴ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ

0 0
Read Time:15 Minute, 41 Second

Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ բա­նա­կու­մը աւար­տե­ցաւ Կի­րա­կի Օգոս­տոս 8, 2010-ին, Բիւ­րա­կա­նի բա­նա­կա­վայ­րին մէջ: Աշ­խար­հի 18 եր­կիր­նե­րէն Հա­յաս­տան ժա­մա­նած 560 սկաուտ­նե­րը յուզ­ուած, պատ­մու­թեան յանձ­նե­ցին այս յոյժ յի­շա­տա­կե­լի բա­նա­կու­մը:

Վեր­ջին եր­կու օրե­րուն անոնք ան­մո­ռա­նա­լի պա­հեր ան­ցու­ցին՝ այ­ցե­լե­լով Սե­ւա­նայ լիճ, նա­եւ խում­բե­րու բաժն­ուե­լով այ­ցե­լե­ցին Գառ­նի, Գե­ղարդ, Խոր Վի­րապ, Նո­րա­վանք, Սաղ­մո­սա­վանք, Մուղ­նի, Օշա­կան, Հաղ­բատ եւ Սա­նա­հին:

Փակ­ման հան­դի­սու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ յետ­մի­ջօ­րէ­ին՝ ներ­կա­յու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ան­դամ եւ Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ան­դամ Ար­տա­շէս Շահ­պազ­եա­նի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ եղ­բայր­ներ՝ Գրի­գո­րիս Պո­ղար­եա­նի, Միհ­րան Շիմ­շիր­եա­նի, Կար­պիս Գա­պա­սա­գալ­եա­նի, Յա­րութ Յա­րու­թիւն­եա­նի եւ Գար­լոս Սէ­ֆէր­եա­նի:

Փակ­ման հան­դի­սու­թիւնը սկսաւ »Մեր Հայ­րե­նիք« քայ­լեր­գով, որ­մէ ետք բա­րի գա­լուս­տի խօսք ար­տա­սա­նեց բա­նա­կու­մի հեր­թա­պահ եղբ. Ռո­մա­նոս Պետ­րոս­եան ու հրա­ւի­րեց բա­նա­կու­մի փոխ խմբա­պե­տու­հի քոյր Թա­լին Օր­տողլ­եա­նը փո­խան­ցե­լու զար­գաց­ման մրցու­մին ար­դիւնք­նե­րը: Առա­ջին դիր­քը գրա­ւեց Երու­սա­ղէ­մի Մե­կու­սի Շրջա­նը, երկ­րորդ դիր­քը Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նը, իսկ եր­րորդ դիր­քը՝ Լի­բա­նա­նի շրջա­նը:

Ապա բա­նա­կու­մի հեր­թա­պահ եղբ. Ռո­մա­նոս Պետ­րոս­եան հրա­ւի­րեց Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան սկաու­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եղբ. Կար­պիս Գա­պա­սա­գալ­եա­նը, »Արա­րատ­եան կարգ«ի տու­չու­թիւն կա­տա­րե­լու հա­մար: Եղբ. Գա­պա­սա­գալ­եան փո­խան­ցեց, թէ միու­թեան պատ­մու­թեան մէջ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կÿիրա­գործ­ուի »Արա­րատ­եան կարգ«ը եւ հրա­ւի­րեց քոյ­րեր Ալին Պաղ­տա­սար­եա­նը (Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն), Թա­լին Հին­տոյ­եա­նը (Արեւմտ­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն), եղ­բայր­ներ Ռո­մա­նոս Պետ­րոս­եա­նը (Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.էն), Յա­կոբ Չպլաք­եա­նը, Ժա­նօ Քէ­չէճ­եա­նը (Լի­բա­նա­նէն), Յա­րութ Պա­ղամ­եա­նը, Ռու­բէն Նալ­պանտ­եա­նը (Երու­սա­ղէ­մէն), Ակուս­թին Անալ­եա­նը (Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յէն), Աւե­տիս Տէր­վիշ­եա­նը (Սուր­իա­յէն) բեմ՝ ստա­նա­լու իրենց վկա­յա­գիր­ներն ու մե­տալ­նե­րը: Ծա­փող­ջոյն­նե­րով, եղ­բայր­ներն ու քոյ­րե­րը բարձ­րա­ցան բեմ, ուր Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը կա­տա­րե­ցին »Արա­րատ­եան կարգ«ի տու­չու­թիւնը:

Ապա, մաս­նա­կից պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րը իրենց յու­շան­ուէր­նե­րը փո­խան­ցե­ցին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան, բա­նա­կու­մի խմբա­պե­տու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Վար­չու­թեան: Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը իր կար­գին յու­շան­ուէր­ներ փո­խան­ցեց մաս­նա­կից պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն ու բա­նա­կու­մի խմբա­պե­տա­կան կազ­մին: Յու­շան­ուէր­ներ փո­խանց­ուե­ցան նա­եւ Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի գոր­ծա­վա­րու­թեան, »Մար­զիկ« պաշ­տօ­նա­թեր­թի թղթա­կից քոյր Սե­ւան Նա­զար­եա­նին, բա­նա­կու­մի խո­հա­նո­ցա­յին բա­ժի­նը ստանձնած Յա­րութ եւ Այ­տա Մա­տէն­եան­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ բու­ժօգ­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն:

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եղբ. Հրաչ Շմա­ւոն­եան շնոր­հա­ւո­րեց մաս­նա­կից­նե­րուն բա­նա­կու­մին հե­զա­սահ ըն­թաց­քին հա­մար՝ նշե­լով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը միշտ պատ­րաստ են սփիւռ­քա­հայ իրենց քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը հիւ­րըն­կա­լե­լու Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ան շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց բա­նա­կու­մի խմբա­պե­տա­կան կազ­մին եւ յատ­կա­պէս բա­նա­կու­մի ընդ­հա­նուր խմբա­պետ եղբ. Օշին Փի­րում­եա­նին, որուն յա­րա­տեւ եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ կա­րե­լի եղաւ իրա­գոր­ծել Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ բա­նա­կու­մը:

Բա­նա­կու­մի ընդ­հա­նուր խմբա­պետ եղբ. Օշին Փի­րում­եան խօս­քը մաս­նա­կից­նե­րուն ուղ­ղե­լով նշեց որ բա­նա­կու­մի սկիզբ կոչ ուղ­ղած էր իրա­կա­նու­թեան վե­րա­ծել »Գոր­ծենք մի­աս­նա­բար« նշա­նա­բա­նը եւ մաս­նա­կից­նե­րը գի­տա­կից նշա­նա­բա­նին ան­վե­րա­պահ աջակ­ցու­թեամբ ապա­հո­վե­ցին բա­նա­կու­մին յա­ջո­ղու­թիւնը: Ան փո­խան­ցեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական բա­նա­կում­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ աւել­ցած է նոր գե­ղե­ցիկ էջ մը, ուր ամ­փոփ­ուած ու մարմ­նա­ւոր­ուած են 18 եր­կիր­նե­րէն հա­մախմբ­ուած հայ երի­տա­սարդ­նե­րուն աշ­խա­տան­քը, յու­շերն ու իղ­ձե­րը՝ աւելց­նե­լով, որ այս բո­լո­րին հե­ղի­նակ­նե­րը մաս­նա­կից­ներն են իրենց նուիր­ուա­ծու­թեամբ, սկաու­տա­կան ոգի­ով ու խան­դա­վա­ռու­թեամբ:

Եղբ. Փի­րում­եան նշեց, որ 560 սկաուտ­նե­րը բա­նա­կու­մի ըն­թաց­քին տար­բեր աշ­խա­տանք­նե­րու մաս­նակ­ցած են, յաղ­թա­հա­րած են զա­նա­զան փոր­ձու­թիւն­ներ, մար­զած են միտքն ու մար­մի­նը ու նոր ըն­կեր­նե­րու ծա­նօ­թա­ցած են: Բա­ժան­ման պա­հը հա­սած է ու այդ ամէ­նէն դժուար պահն է, փո­խան­ցեց եղբ. Փի­րում­եան՝ յի­շեց­նե­լով սա­կայն, որ բո­լո­րին սիր­տե­րուն մէջ կը հնչէ »միայն ցտե­սու­թիւն եղ­բայրք, միայն ցտե­սու­թիւն, դարձ­եալ իրար կը հան­դի­պինք…«ը:

Փի­րում­եան շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ուղ­ղեց բո­լոր պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, որոնք անգ­նա­հա­տե­լի աջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին բա­նա­կու­մի խմբա­պե­տա­կան կազ­մին: Ան նա­եւ, բա­նա­կու­մի մաս­նա­կից­նե­րուն անու­նով շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց բա­նա­կու­մի խո­հա­նո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու կազ­մին՝ Յա­րութ եւ Այ­տա Մա­տէն­եան­նե­րուն, որոնք ան­շա­հախնդ­րօ­րէն իրենց եռանդն ու ժա­մա­նա­կը տրա­մադ­րե­ցին գոր­ծի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար: Շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղղ­ուե­ցաւ նա­եւ Կար­միր Խա­չի կա­մա­ւոր­նե­րուն, որոնք բա­նա­կա­վայ­րին մէջ մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն եղան բա­նա­կու­մի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան:

Վեր­ջին բաժ­նով, եղբ. Փի­րում­եան նշեց որ բա­նա­կու­մը առիթ եղաւ բո­լո­րին՝ հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նա­լու: Ան յոյս յայտ­նեց, որ այս­պի­սով իրենց սէ­րը հայ­րե­նի հո­ղին հան­դէպ աւե­լի ամ­րա­նայ եւ պատ­ճառ դառ­նայ, որ կրկին ու կրկին վե­րա­դառ­նան հայ­րե­նիք:

Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի խօս­քը փո­խան­ցեց Ար­տա­շէս Շահ­պազ­եան: Ան ող­ջու­նեց մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յու­թիւնը հայ­րե­նի­քին մէջ ու նշեց որ իրենք են ապա­գան, որուն շնոր­հիւ հայ­րե­նի­քը կը բար­գա­ւա­ճի ու կը յա­ռա­ջա­նայ: Ան շեշ­տեց Սփիւռք-Հա­յաս­տան ան­քակ­տե­լի կա­պե­րու իրո­ղու­թիւնը, նշե­լով որ մի­աս­նա­բար կա­րե­լի է իրա­գոր­ծել զա­նա­զան նպա­տակ­ներ: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի մէջ Դաշ­նակ­ցու­թեան խմբակ­ցու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի կող­մէ Ա. Շահ­պազ­եան շնոր­հա­ւո­րեց կազ­մա­կեր­պող­նե­րը, իրա­գոր­ծող­ներն ու մաս­նա­կից­նե­րը՝ նշե­լով, որ հայ­րե­նի­քը միշտ կը սպա­սէ բո­լո­րին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց ատե­նա­պետ եղբ. Գրի­գո­րիս Պո­ղար­եան: Ան նշեց, որ հրա­ժեշ­տի պա­հը հա­սած է, սա­կայն սոս­կա­կան բա­նա­կու­մի թիւ մը չէ, որ կþաւել­նայ նա­խորդ­նե­րուն վրայ, այլ բա­նա­կում, որ առա­ւել կեն­սու­նա­կու­թիւն տուած է միու­թեան եւ վե­րա­նո­րո­գած Հ.Մ.Ը.Մ.ական ուխ­տը, վե­րա­հաս­տա­տած հայ­րե­նի­քի հան­դէպ սէրն ու հա­ւա­տար­մու­թիւնը եւ վե­րար­ժե­ւո­րած սկաու­տին դե­րը: Եղբ. Պո­ղար­եան նշեց, որ յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն բո­լո­րը պի­տի վե­րա­դառ­նան իրենց տու­նե­րը աւե­լի հմտա­ցած սկաու­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րով եւ շատ աւե­լի հա­յա­ցած: Ան շեշ­տեց, թէ այդ է ար­դէն Հ.Մ.Ը.Մ.ին առա­քե­լու­թիւնը, հա­յաց­նել, իմաս­տա­յին ամ­բողջ խոր­քով հա­յաց­նել յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­նե­րը:

Եղբ. Պո­ղար­եան փո­խան­ցեց թէ Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ բա­նա­կու­մը պատ­մու­թեան պի­տի անց­նի նա­եւ տա­րի­նե­րու երա­զի մը իրա­կա­նա­ցու­մով՝ »Արա­րատ­եան կարգ«ի տու­չու­թեամբ: Ան հաս­տա­տեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատ­մու­թեան մէջ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով խմբա­պետ-խմբա­պե­տու­հի­ներ ամ­բող­ջաց­նե­լով »Արա­րատ­եան կարգ«ի պայ­ման­նե­րը ստա­ցան հա­մա­պա­տաս­խան մե­տալ եւ վկա­յա­գիր: Եղբ. Պո­ղար­եան նշեց, որ Արա­րատ­եան կար­գը ցու­ցա­նիշ չէ փառ­քի, այլ պար­զա­պէս հաս­տա­տա­կան թէ են­թա­կան իր »աղ­քա­տի լու­ման« զե­տե­ղած է ազ­գա­պահ­պա­նու­մի եւ ազ­գա­կերտ­ման գան­ձա­նա­կին մէջ:

Եղբ. Պո­ղար­եան շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ուղ­ղեց հայ­րե­նի պատ­կան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն իրենց տա­ծած հո­գա­ծու­թեան հա­մար: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բա­նա­կու­մի ծրագ­րա­ւո­րու­մին եւ գոր­ծադ­րու­թեան մաս­նակ­ցող բո­լոր քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն անխ­տիր: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ծնող­նե­րուն, որոնք իրենց զա­ւակ­նե­րը վստա­հած են Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որ դար­ձաւ երկ­րորդ ծնողք եւ երկ­րորդ դպրոց: Իսկ վեր­ջին շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քը ուղ­ղեց բա­նա­կու­մի մաս­նա­կից­նե­րուն, որոնց գոր­ծակ­ցու­թեամբ բա­նա­կու­մը աւար­տե­ցաւ յա­ջո­ղու­թեամբ:

Ապա, տե­ղի ու­նե­ցաւ  Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ բա­նա­կու­մի վեր­ջին դրօ­շա­կի արա­րո­ղու­թիւնը, որ­մէ ետք բա­նա­կու­մի դրօ­շը փո­խանց­ուե­ցաւ Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան սկաու­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եղբ. Կար­պիս Գա­պա­սա­գալ­եա­նի, որ իր կար­գին, մաս­նա­կից­նե­րուն ծա­փող­ջոյն­նե­րուն վրայ, բա­նա­կու­մի դրօ­շը փո­խան­ցեց բա­նա­կու­մի ընդ­հա­նուր խմբա­պետ եղբ. Օշին Փի­րում­եա­նին:

Նշենք թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան փոխ վար­չա­պետ եւ տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման նա­խա­րար մե­ծար­գոյ Ար­մէն Գէ­որգ­եան եւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար տիկ. Հրա­նոյշ Յա­կոբ­եան Հինգ­շաբ­թի, Օգոս­տոս 5, 2010ին այ­ցե­լու­թիւն տուին Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ բա­նա­կու­մի մաս­նա­կից­նե­րուն: Անոնց կÿըն­կե­րակ­ցէ­ին »Արի տուն« ծրա­գի­րի մաս­նա­կից­նե­րը:

Հիւ­րե­րը բա­նա­կա­վայ­րի մուտ­քին ըն­դուն­ուե­ցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եւ բա­նա­կու­մի խմբա­պե­տու­թեան կող­մէ: Բա­նա­կու­մի փող­կա­պը փո­խանց­ուե­ցաւ փոխ վար­չա­պե­տին ու նա­խա­րա­րուհի­ին: Ապա, պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թեամբ հիւ­րե­րը առաջ­նորդ­ուե­ցան բա­նա­կա­վայր:

Հիւ­րե­րուն բա­րի գա­լուս­տի խօսք ար­տա­սա­նեց բա­նա­կու­մի ընդ­հա­նուր խմբա­պետ եղբ. Օշին Փի­րում­եան: Ան նշեց որ բա­նա­կու­մի հին­գե­րորդ օրը հա­սած է իր աւար­տին եւ մաս­նա­կից­նե­րը օրը ան­ցու­ցած են սկաու­տա­կան մրցոյթ­նե­րով: Ապա ան հրա­ւի­րեց Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան սկաու­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եղբ. Կար­պիս Գա­պա­սա­գալ­եա­նը, որ­պէս­զի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան խօս­քը փո­խան­ցէ ներ­կա­նե­րուն: Այս վեր­ջի­նը ող­ջու­նեց փոխ վար­չա­պե­տին ու Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րուհի­ին ներ­կա­յու­թիւնը բա­նա­կա­վայ­րէն ներս: Ան նշեց որ Սփիւռ­քի Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտ­նե­րը նա­խա­պէս որե­ւէ պա­հանջք ներ­կա­յա­ցու­ցած չեն Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, սա­կայն առի­թը պա­տեհ հա­մա­րե­լով անոնք կը խնդրեն որ նա­խա­րա­րու­թիւնը աւե­լի մեծ բա­նա­կա­վայր մը տրա­մադ­րէ Հ.Մ.Ը.Մ.ին: Ան նշեց որ բա­նա­կա­վայ­րի տա­րած­քին պատ­ճա­ռով մաս­նա­կից­նե­րու թիւը սահ­մա­նա­փակ­ուած էր, իսկ աւե­լի մեծ բա­նա­կա­վայ­րի պա­րա­գա­յին, մաս­նա­կից­նե­րուն թիւը կը բարձ­րա­նայ հա­զա­րէն աւե­լի: Խօսք առաւ փոխ վար­չա­պետ Ար­մէն Գէ­որգ­եան, որ իր ու­րա­խու­թիւնը յայտ­նեց հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ բա­նա­կու­մի մաս­նա­կից­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լու առի­թով: Ան խոս­տա­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին աւե­լի ըն­դար­ձակ բա­նա­կա­վայր տրա­մադ­րե­լու փա­փա­քը հե­տապն­դել:

Յայ­տա­րար­ուե­ցան եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յաց­ման (մշա­կոյթ, ար­ուեստ, աւան­դու­թիւն­ներ) ար­դիւնք­նե­րը: Առա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Սուր­իոյ պատ­ուի­րա­կու­թիւնը, երկ­րորդ՝ Հա­յաս­տա­նի պատ­ուի­րա­կու­թիւնը եւ եր­րորդ Լի­բա­նա­նի պատ­ուի­րա­կու­թիւնը: Յա­տուկ յու­շան­ուէր­ներ յանձն­ուե­ցան յաղ­թա­կան շրջան­նե­րուն:

Կա­տար­ուե­ցաւ դրօ­շա­կի արա­րո­ղու­թիւն եւ »Յա­ռաջ Նա­հա­տակ« քայ­լեր­գով աւար­տե­ցաւ օր­ուան հիւ­րըն­կա­լու­թիւնը:

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը վա­յե­լող »Արի տուն« ծրա­գի­րի մաս­նա­կից­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Բիւ­րա­կա­նի բա­նա­կա­վայր: Անոնք շրջե­ցան կրպակ­նե­րը ու ծա­նօ­թա­ցան զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մշա­կոյթ­նե­րուն: Ապա անոնք ճա­շի հիւ­րը եղան հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բա­նա­կու­մի մաս­նա­կից­նե­րուն: Անոնք նա­եւ ներ­կայ գտնուե­ցան դրօ­շա­կի արա­րո­ղու­թեան, որ­մէ ետք խօսք առաւ բա­նա­կու­մի ընդ­հա­նուր խմբա­պետ Օշին Փի­րում­եան եւ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց »Արի տուն« ծրա­գի­րի մաս­նա­կից­նե­րուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի բա­նա­կա­վայ­րէն ներս: Բա­նա­կու­մի եւ »Արի տուն«ի մաս­նա­կից­նե­րուն յա­տուկ անակն­կալ կը սպա­սէր երե­կոյ­եան: Լէյ­լա Սա­րի­բէկ­եան եւ Ար­սէն Գրի­գոր­եան իրենց ներ­կա­յու­թեամբ եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով խան­դա­վա­ռե­ցին բո­լո­րին, հայ­րե­նի հո­ղին վրայ գտնուե­լու գո­հու­նա­կու­թիւնը կրկնա­պատ­կե­լով:

Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ բա­նա­կու­մը պատ­մու­թեան յանձն­ուե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ եւ յու­զիչ յի­շա­տակ­նե­րով, »Յա­ռաջ նա­հա­տակ« քայ­լեր­գով: Ապա հնչեց »Ցտե­սու­թիւն մըն է եղ­բայրք, միայն Ցտե­սու­թիւն…«:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles