
Read Time:15 Second
ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք, “Ժառանգութիւն“ կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեան հանդիպում մը ունեցաւ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի հետ: Հանդիպումը տեւեց մէկուկէս ժամ: Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան յետ-ընտրական մթնոլորտն ու անոր յաջորդող զարգացումները: