ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ.- ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԵՒ ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

0 0
Read Time:6 Minute, 13 Second
Ուր­բաթ, Օգոս­տոս 5-ին, երե­կոյ­եան ժա­մը 7:30ին, Տիթ­րոյ­թի Սուրբ Սար­գիս եկեղեց­ւոյ յա­րա­կից “Լիլի­ըն Առա­քելեան“ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ար­ցա­խի ազա­տագր­ուած տարա­ծաշր­ջա­նի բնա­կեց­ման եւ զար­գաց­ման ի նպաստ նուիր­ուած ձեռ­նարկ մը, որ կազ­մա­կերպ­ուած էր Հ.Օ.Մ.-ի Տիթ­րոյ­թի հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն կող­մէ, եւ այս առ­թիւ օր­ուայ գլխա­ւոր  պատգա­մա­խօս հրա­ւիր­ուած էր Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան շրջա­նի Հ.Յ.Դ.ի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի հեր­թա­պահ եւ “ Թիւֆէնք­եան“ հիմ­նար­կի վա­րիչ ընկ. Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եան:

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էր Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժպ. Տէր. Տա­րօն Քհնյ. Ստե­փան­եան, հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­ներ, “Ազա­տա­մարտ“ կո­մի­տէ­ու­թեան եւ յա­րա­կից միու­թիւն­նե­րու ընկ.-ընկհ. եւ կո­կիկ թիւով հա­սա­րա­կու­թիւն մը:

Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Տիթ­րո­յի­թի Հ.Օ.Մ.-ի գոր­ծուն­եայ ան­դամ­նե­րէն ընկհ. Անի Աթ­թար: Ան իր բա­րի գա­լուս­տի խօս­քէն ետք անդ­րա­դար­ձաւ օր­ուայ ձեռ­նար­կին նպա­տա­կին, եւ ապա հա­կիրճ գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց օր­ուայ պատ­գա­մա­խօս Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եա­նի կեն­սագ­րու­թիւնը եւ ապա զայն բեմ հրա­ւի­րեց:

Գաս­պար­եան առա­ջին հեր­թին անդ­րա­դար­ձաւ Արցա­խի պատ­մա­կա­նին եւ ըսաւ.- Ար­ցա­խը Պատ­մա­կան Հա­յաս­տանի ան­բա­ժան մա­սը եղած է մին­չեւ 1920, սա­կայն խորհր­դա­յին Միու­թեան կազ­մա­ւո­րու­մէն ետք, դա­ւադ­րա­բար ներ­քին իք­նա­վա­րու­թեամբ դրուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ: Ար­ցախ կը բաժն­ուի եր­կու մա­սի, լեռ­նա­յին եւ դաշ­տա­յին շրջան­նե­րով մեծ մա­սամբ բնակ­ուած հա­յե­րով, որոնց ապա­ցոյց հոն կը գտնուին հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նոց­ներ, Խաչ­քա­րեր, աւեր­ուած եկե­ղե­ցի­նե­րը ու մե­նաս­տան­նե­րը: Մենք, մեր ու­շադ­րու­թիւնը կեդ­րո­նա­ցու­ցած ենք 1915ի Օս­ման­եան պե­տու­թեան կող­մէ հա­յոց դէմ ի գործ դրուած  Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վրայ մոռ­նա­լով 1918-1920 Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ի գործ դրուած դաշ­տա­յին Ար­ցա­խի հա­յու­թեան կո­տորած­նե­րը, որուն հե­տե­ւան­քով դաշ­տա­յին Ար­ցա­խը դա­տարկ­ուեցաւ իր հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թե­նէն“:

Դա­սա­խօ­սը աւել­ցուց թէ 1992ին, Ար­ցա­խէ քա­ջա­րի մար­տիկ­նե­րը վե­րագ­րա­ուե­ցին Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խէն ար­ուես­տա­կա­նօ­րէն բաժ­նող բռնագ­րա­ւուած Լա­չի­նը, դաշ­տա­յին Ար­ցա­խը որու տա­րած­քը կ՛եր­կա­րի մին­չեւ Արաքս գետ Պարս­կաս­տա­նի սահ­մա­նագ­լուխ, որոնք Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան:

Ար­ցա­խի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հակեան եւ իր կա­ռա­վա­րու­թիւնը որո­շած են այդ տա­րածք­նե­րը բնա­կեց­նել հա­յե­րով, որով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նը Ար­ցա­խի մի­աց­նող Լա­չի­նի շրջա­նը եւ միւս ազա­տագր­ուած տա­րածք­նե­րը կեն­սական են թէ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Ար­ցա­խի հո­ղա­յին ամ­բող­ջու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ֆի­զի­քա­կան գո­յա­տեւ­ման:

Ներ­կա­յիս այդ առն­չու­թեամբ Ար­ցախ կա­ռա­վա­րութեան կող­քին սփիւռ­քա­հայ միու­թիւն­ներ ու ան­հատ գոր­ծատե­րէր նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան աջակ­ցու­թեամբ կը քա­ջալե­րէն հոն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տող հա­յոր­դի­նե­րը, որոնք հոն կայք հաս­տա­տած են Հոկ­տեմ­բեր 1988-ին Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ահա­ւոր երկ­րա­շար­ժի պատ­ճա­ռով իրենց բնա­կա­րան­նե­րը եւ ու­նեց­ուածք­նե­րը կորսն­ցու­ցին Գիւմրիի եւ Սպի­տա­կի շրջան­նե­րու, եւ ապա Պաք­ուի, Սում­կա­յի­թի եւ այլ շրջա­ննե­րու կո­տո­րած­նե­րէն ազատ­ուած հա­յոր­դի­նե­րով:

Անց­եալ տա­րի երբ Հա­լէպ կը գտնուէի, գա­միշլ­ի­աբ­նակ հա­յեր այ­ցե­լե­ցին զիս որ­պէս­զի տե­ղա­փոխ­ուին ու կայք հաստա­տեն Ար­ցախ: Անոնց խնդրան­քին ըն­դա­ռա­ջե­լով, անց­եալ տա­րի փո­խադր­ուե­ցան Ար­ցախ, կա­ռա­վա­րու­թեան ուԹիւֆէնք­եանհիմ­նադ­րա­մի օգ­նու­թեամբ կայք հաս­տա­տե­ցին դաշ­տա­յին Ար­ցա­խի մէջ, հո­ղա­գոր­ծու­թեան մէջ ու­նե­նա­լով փոր­ձա­ռու­թիւն, անց­եալ տա­րի արմ­տի­քի բեր­քէն կրցան լաւ գու­մար ապա­հո­վել, ներ­կա­յիս անոնց գեր­դաս­տա­նի գա­միշլի­աբ­նակ ըն­տա­նի­քի պա­րա­գա­ներ եւ բա­րե­կամ­ներ թիւով քսա­նէ աւե­լի ըն­տա­նիք­ներ մե­զի դի­մած են որ­պէս­զի օգ­նենք զի­րենք եւս Ար­ցախ փո­խադ­րե­լու: Անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ, անհ­րա­ժեշտ է այդ ազա­տագր­ուած տա­րածք­նե­րը զար­գաց­նել ըմ­պե­լի եւ որո­գե­լի ջու­րով, ելեկտ­րա­կա­նու­թեամբ, հո­ղը մշա­կե­լու մե­քե­նա­նե­րով, դպրոց­ներով, գոր­ծա­տե­ղի­նե­րով, հիւան­դա­նոց­նե­րով ու բուժ­ման կեդրոն­նե­րով: Օրի­նակ ազա­տագր­ուած Կով­սա­կան (Զան­գե­լան)ը որ շրջա­նի գիւ­ղա­քա­ղաքն է ու­նի շատ խղճա­լի հիւան­դա­նոց, վի­ճակ մը, անհ­րա­ժեշտ է զայն օժ­տել արդ­ի­ա­կան սար­քա­ւո­րումով հիւան­դա­նո­ցի մը, եւ շրջա­նը օժ­տել ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յութեան կեդ­րոն­նե­րով“:

Յար­գե­լի պատ­գա­մա­խօ­սը իր խօսքը աւար­տեց, ըսե­լով.- Ար­ցա­խը եւ ազա­տագր­ուած տարածքնե­րը կա­րե­նալ պա­հե­լը ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն է կեն­սա­կան ու անհ­րա­ժեշտ: Սփիւռք­եան կա­ռոյց­նե­րը, ըլ­լան բա­րե­սի­րա­կան եւ այլ միու­թիւն­ներ հե­տե­ւին Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ար­դէն իսկ իր լրու­մին հաս­նող Կի­լիկ­իա գիւ­ղի կա­ռու­ցու­մը, եւ վստահ եղէք որ միայն ու միայն այդ տա­րածք­նե­րը զար­գաց­նե­լով մենք կրնանք վե­րաբ­նա­կեց­նել եւ մի­ջազ­գա­յին տու­եալ օրենք­նե­րու հի­մամբ զա­նոնք պա­հել“: 

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles