
Մեծն Տիթրոյթի Հայ Գաղութը ժամադրուած էր Հայ Դատի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն Ազատութիւն պարգեւի դաբնեկիրներ Պարոնէս Քարոլայն Քոքսի եւ Մուրատ Թոփալեանի հետ:
Աւելի քան 400 հայորդիներու ներկայութեամբ, ձեռնարկը տեղի ունեցաւ այս առթիւ յատուկ ընտրուած Լիվոնիա քաղաքի “Սթիվընսըն“ բարձրագոյն վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7-ին:
Անգլիոյ լորտերու տան հայկական բարեկամութեան խումբի նախագահ եւ բազմիցս մարդասիրական առաքելութիւններով, Արցախ այցելած հայասէր Պարոնէս Քարոլայն Քոքս եւ Հայ Դատի ջահակիր, ազգային եւ հասարակական գործիչ Մուրատ Թոփալեան միատեղ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու, Միշիկըն Նահանգի, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներու ներկայացումով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտներու կողմէ որմէ ետք Հ.Յ.Դ. Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամները երգեցին Միացեալ Նահանգներու եւ հայկական օրհներգները, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկին Հելէն Մամփըրեան-Մովսիսեանին:
Ձեռնարկի հանդիսավար եւ միացեալ յանձնախումբի համանախագահ Ընկ. Մայքըլ Յակոբեանը ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը մեր անմեղ նահատակներուն: Իր բացման խօսքին մէջ, ան հաստատեց թէ բոլորս ալ սիրելիներ կորսնցուցած ենք Ցեղասպանութեան ընթացքին, սակայն մեր նահատակները մէզմէ կը պահանջեն վրէժը իրենց արդար դատին եւ ոչ թէ խոկալ. իսկ մենք հոս ենք եւ հոս ալ զօրաւոր պիտի մնանք մինչեւ մեր դատին արդար լուծումը:
Կարդացուեցաւ Ծերակուտական Տէպի Սթեփանոյի նամակը, Միշիկըն նահանգի կառավարիչին` Պրն. Ռիք Շնայտըրի, այս առթիւ կատարած հռչակումը եւ ոգեկոչումը նահանգի խորհրդարանէն ներս, որ կարդաց իր ներկայացուցիչը` օրիորդ Անիա Պիէչիւք, ներկաներուն կարգին էր նահանգիս 39-րդ ընտրաշրջանի երեսփոխան Քլինթ Քըսթոն:
Ապա ընկ. Յակոբեանը ներկայացուց Պարոնէս Քոքսի, կենսագրութեան ներկայացումէն ետք հրաւիրեց զինք: Բանախօսը զգայաշունչ արտայայտութիւններով ներկայացուց իր Արցախեան փորձառութիւնը: Մերթ ընդ մերթ դրուագներ մէջբերելով ներկաներուն մտովին տարաւ հեռու ազատագրուած մեր Արցախի լեռներն ու վանքերը, որոնց մասին այնքան հարազատութեամբ արտայայտուեցաւ: Ան հաստատեց.- “Կ՛զմայլիմ Հայ Ազգին վրայ եւ մեծ յարգանք ունիմ որովհետեւ դուք կարողացած էք քանիցս անգամ մոխիրներէն վերապրիլ եւ ծաղկիլ“:
Բանախօսութիւնը կարծէք հաճոյալի տեսիլք մէն էր, զոր աւարտին արժանացաւ ներկաներուոտընկայս երկարատեւ ծափողջոյններուն:
Այս առթիւ, միացեալ յանձնախումբի անունով ատենապետ Րաֆֆի Ուրլեանը հանգանակուած կոկիկ գումարը նուիրեց HART հիմնարկին:
Ապա Ուրլեան բեմ հրաւիրեց Տիթրոյթի Համազգայինի “Արաքս“ պարախումբը, հաստատելով թէ այս խումբը սկսաւ հազիւ երկու տասնեակ պարողներով իսկ այսօր ունի շուրջ հարիւր անդամ, խումբը գաղութիս յոյս եւ եռանդ կուտայ, Ապա պարախումբը ռազմահայրենասիրական պարեղանակներու ընկերակցութեամբ ներկայացուց զինուորի պարը (“Արիւնոտ Դրօշ“):
Հ.Յ.Դ. Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խօսքը փոխանցեց Տիթրոյթի մասնաճիւղի փոխ ատենապետուհի Անի Ասատուրեանը, հաստատելով թէ կառչած պիտի մնանք մեր պահանջատիրութեան սուրբ գործին:
Միացեալ յանձնախումբի համանախագահ Ընկ. Րաֆֆի Ուրլեան ներկայացուց Ընկ. Մուրատ Թոփալեանը, տասներկու տարիներ շարունակ նախագահած է Հայ Դատի Ամերիկայի թէ Համահայկական յանձնախումբերը, նուաճած է քանի մը մաքիստրոսի վկայականներու, դասաւանդած է զանազան դպրոցներու մէջ: Նախքան իր բանախօսութեան սկսիլը, ընկերը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիթրոյթի գաղութին որ իր ամէնադժուար օրերուն իրեն նեցուկ կանգնեցան:
Անցնելով իր բանախօսութեան ան ըսաւ մեր ցեղասպանութիւնը վաղուց հաստատուած էր, մասնագէտ պատմագէտներու, նախագահներու եւ զանազան երկիրներու կողմէ, այսօր ճանաչումի հանգրուանը անցած ենք, ժամանակը եկած է պահանջելու այն ինչ որ մեզմէ անիրաւութեամբ խլուեցաւ, հազարաւոր եկեղեցիներ, հազարաւոր կալուածներ, հողեր, դրամատուներու մէջ պահ դրուած հարստութիւններ եւ ամենակարեւորը մեր զոհերուն թափած անմեղ արիւնը. . .
Իր վերջին մէկ փորձառութենէն օրինակ մը մէջ բերելով ըսաւ.- “Անցեալները կը խօսէի խումբ մը օտար երիտասարդներու հետ, մէկը հարց տուաւ թէ ինչո՞ւ այլեւս կը կազմակերպէք յուշատօներ, հարիւր տարի անցաւ եւ դուք հայերդ լաւ կեանք նուաճած էք ներկայիս, պատասխանեցի թէ մենք ճիշդ ասոր համար է, լաւ ամերիկացիներ ենք ըսելով կը շարունակենք արդարութիւնը պահանջել. օրինակ մը տուի եւ խօսակիցիս ըսի.- Եթէ խումբ մը խուլիկան ձեր տունը մտնէ եւ սպաննէ հօրդ, բռնաբարէ մօրդ եւ քրոջդ, ապա իւրացնէ տուներնիդ ու մէջը ապրի եւ ուրանայ թէ ասոնցմէ որեւէ մէկը կատարած է, ինչ պիտի ընէիր դուն, ան պատասխանեց այդ ալ հարցում է անշուշտ պիտի պայքարէի, որ արդարութիւնը տեղը գտնէր: Իսկ ինչպէս զգացիր երբ Պոսթընի պայթումը պատահեցաւ կամ ինչպէս զգացիր երբ Սեպտեմբերի դէպքերը եղան, ան ըսաւ թէ շատ զայրացայ եւ ուզեցի բան մը ընեմ. ես ալ ըսի ինչ կը սպասես որ մենք ընենք լռենք եւ անցնինք, այդ պահուն զրուցակիցս ըսաւ որ իրաւունք ունիք իսկ յաջորդ տարի ես ալ ձեր հետ պիտի մասնակցիմ“:
Խօսքը ուղղելով ներկաներուն Քոքս ըսաւ.- “Սիրելիներ մենք միայն մեր արդար իրաւունքն է, որ կը պահանջենք, եւ չենք կրնար հանգիստ ունենալ մինչեւ մեր նահատակներուն վրէժը չ՛առնենք: Մեր վրէժի պատմութիւնը գրուեցաւ Լիզպոնի տղոց արիւնով“:
Ան եզրափակեց ըսելով որ “մենք ենք որ միայն կրնանք մեր իրաւունքները առնել մեր վճռակամ եւ հաստատ պահանջատիրութեամբ“:
Ներկաները յոտընկայս երկարատեւ ծափողջոյններով հաստատեցին իրենց միակամ հաւատքը մեր արդար դատին:
Տէր Հրանդ Քահանայ Գէորգեանի եւ պատուելի Վահան Թութիկեանի երկլեզու պահպանիչներով իր աւարտին հասաւ հանդիսութիւնը:
Սոյն ձեռնարկի յանձնախումբը կազմուած էր Հ.Յ.Դ. Տիթրոյթի “Ազատամարտ“ կոմիտէէն, Հ.Յ.Դ., Հ.Ե.Դ.ի, Հ.Օ.Մ.ի հինգ մասնաճիւղերէն, Հայ Դատի յանձնախումբէն, Տիթրոյթի Հայ Կեդրոնէն, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Սուրբ Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն, Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն, Սուրբ Վարդան հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն ներկայացուցիչներէ:
Ձեռնարկի աւարտին ի պատիւ հիւրերուն կոկիկ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ տեղական ճաշարաններէն մէկուն մէջ, մասնակցութեամբ ձեռնարկի հովանաւորներուն, գաղութի ազգային եւ հասարակական միութիւններու ներկայացուցիչներուն: Վերջին տարիներուն Տիթրոյթի հայ գաղութը վերագտած է իր երբեմնի փայլքը, շնորհիւ իր երիտասարդ ղեկավարութեան, նոր կեանք ներմուծելով ցեղասպանութենէն վերապրողներու սկսած գործին:
Նկատի ունենալով ձեռնարկի յայտագիրն ու ներկաներուն տպաւորութիւնները, հոս տեղին է գնահատել այս բացառիկ ձեռնարկը:
ՅՈՎԻԿ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ