
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2012 ժամը 7:30-ին “Յակոբեան“ Գորգավաճառ հաստատութեան յատուկ ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծագոյն Տիթրոյթի Միացեալ Յանձնախումբի` Սուրիահայութեան օգնութեան նուիրուած “Ձեռքդ երկարէ եղբօրդ“ երկրորդ ձեռնարկը:
Այս յանձնախումբը կազմուած է չորս ամիսներ առաջ եւ բաղկացած Տիթրոյթի տասնըհինգ կազմակերպութիւններէ: Սուրբ Սարգիս Հայ Առաքելական, Սուրբ Վարդան Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ, Հայ Օգնութեան Միութիւն-Հինգ մասնաճիւղեր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Թէքէեան Մշակութային Միութիւն, Տիթրոյթի “Քոբերնիք Թանտրճեան“ Միութիւն, Համազգային Մշակութային Միութիւն, Տիթրոյթի Հ.Մ.Ը.Մ., Տիթրոյթի Վարդանանց Ասպետներ, Տիթրոյթի Վարդանանց Դուստրեր, Հայ Երկրաչափներու եւ գիտնականներու Տիթրոյթի մասնաճիւղ: Չորս ամիսներէ ի վեր Միացեալ Յանձնախումբը ժրաջան ու համերաշխ աշխատանքներ տարած է ունենալով զանազան տեսակի ձեռնարկներ:
Դեկտեմբեր 14-ին, տեղի ունեցաւ երկրորդ ձեռնարկը` մշակութային երեկոյ ու դրամահաւաք: Ձեռնարկի հանդիսավար` Հ.Օ.Մ.-ի ներկայացուցիչ Ընկ. Ճօրճի-էնն Օշական նախ բեմ հրաւիրեց Պրն. Ստեփան Գարուկեանը, որ հանդէսը բանայ Ամերիկեան եւ Հայկական քայլերգներով, որմէ ետք Ընկ. Օշական խօսքը ուղղեց ներկաներուն կոչ ընելով օգնութեան հասնիլ Սուրիահայութեան: Բեմ հրաւիրեց Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Արժանապատիւ Տէր Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, որ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն եւ խրախուսեց զանոնք որ ձեռք երկարեն Սուրիահայութեան: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ջութակահար Պր. Հարրի Յովակիմեանը, որ երեք մեղեդիներ նուագեց, Տիկ. Ռոզալին Պասմաճեան ընկերակցեցաւ մեներգով մը` Սայաթ Նովայէն:
Յանձնախումբի Համա-ատենապետ Ընկ. Շանթ Ժամկոչեանի կողմէ պատրաստուած շատ ուշագրաւ տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ որ ներկայացուց Սուրիահայութեան կեանքի պատմականը տագնապէն առաջ եւ վերջ:
Օրուան բանախօսն էր Փրոֆ. Դոկտ. Արա Սանճեանը, որ շատ գեղեցիկ կերպով ներկայացուց Սուրիահայութեան պատմականը, ու ապա տուաւ պատճառները թէ ինչու սկսաւ պատերազմը եւ ինչպէս կրնայ Սուրիահայութիւնը իր գոյութիւնը պահել Սուրիոյ մէջ, թէ արտասահմանի հայերը ինչ միջոցներով կրնան օգտակար ըլլալ Սուրիահայութեան, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ մէջ կամ տեղափոխուած դէպի տարբեր երկիրներ, ինչպէս Հայաստան, Լիբանան եւ այլուր:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Միացեալ Յանձնախումբի Համա-ատենապետուհի Ընկհ. Շաքէ Պասմաճեանը, որ Յանձնախումբի անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն որ քաջալերեցին այս Յանձնախումբի աշխատանքը եւ զօրավիգ կանգնեցան “Ձեռք երկարէ եղբօրդ“ ձեռնարկին: Ընկհ. Պասմաճեան խօսեցաւ Յանձնախումբի մինչ այսօր տարած աշխատանքներուն մասին եւ ներկաներէն խնդրեց որ մասնակից դառնան Սուրիահայութեան Օգնութեան իրենց կարողութեան չափով: Ան աւելցուց ըսելով թէ “Սուրիահայութիւնըմեծդերունեցածէտարիներէիվերհայապահպանմանգործինիխնդիրուայժմժամնէորբոլորսօգնութեանհասնինքմերսիրելիեղբայրներունուքոյրերուն, մանաւանդայսնեղօրերուն“: Ան նաեւ յիշեցուց թէ “այստօնականօրերունյիշենքմերսուրիահայսիրելիներըեւմերցանկինվրայաւելցնենքմէկնուէրեւսՍուրիահայութեան, տալովէորհայըկ՛ուրախանայեւնաեւկ՛ուրախացնէդժբախտազգակիցը: Այսօրէժամըվաղըուշէ“:
Ձեռնարկը փակեց Կաթողիկէ համայնքի հովիւ Հայր Անտոն Ադամեան, շատ խրախուսիչ խօսքերով, քաջալերեց ժողովուրդին որ օգնեն Սուրիահայութեան:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ դրամահաւաք ու հաւաքուեցաւ շուրջ 8,500.00 ամերիկեան տոլար: Յիշենք թէ առ այսօր Տիթրոյթի հայութիւնը Սուրիահայութեան Օգնութեան ֆոնտին հաւաքած է 40,000.00 ամերիկեան տոլար (երեք եկեղեցիներու հաւաքով միասին):
Ներկայ մը