
ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
ԹՈՐՈՆԹՕ
Հայկական հարցի թղթածրարին պատմական կարեւորագոյն փաստաթուղթը հովանաւորած ու ստորագրած եւ ցարդ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչցող Ամերիկայի քթին տակ գտնուող G8-ի անդամ Գանատան` 2006-ին, պետական մակարդակով պաշտօնական ճանաչում շնորհեց Հայոց Ցեղասպանութեան: Այս քաղաքական սխրագործումը կը պարտինք Հայկական Հարցի հետապնդման ճանապարհին վրայ մարտնչող Հայ Դատի “Խենթ“-երու, որոնք շուրջ տասը տարուան վրայ երկարող ժամանակահատուածի մը ընթացքին, գիշերը ցերէկին խառնելով, քաղաքական բազմակողմանի եւ թիրախասլաց ծրագիրներ մշակեցին ու կարողացան անցնիլ վերոյիշեալ սխրագործումէն ալ անդին` պետական դպրոցներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գանատական կրթական ծրագրերու մէջ ներառնել տալով եւ 2014-ին Winnipeg-ի մէջ ամբողջանալիք Մարդկային Իրաւանց Թանգարանի կառոյցէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան համար մնայուն տարածաբաժին մը ապահովելով:
Վերոյիշեալ թանգարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան տեղադրումը բնական արդիւնքն է նաեւ երկար տարիներու ընթացքին քաղաքական եւ ակադեմական բեմահարթակներու վրայ քրտինք թափած ու տեսլական ունեցող` Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի եւ Թորոնթոյի Զօրեան Հիմնարկի ջանքերուն:
2014-ին, թանգարանը, ի շարս այլ ցեղասպանութիւններու, հասարակութեան պիտի ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան անվերաքննելի ու ճշմարտացի իրողութիւնը: Այլ դիտանկիւնով, գանատական այս թանգարանը, պատմական անհերքելի փաստարկումներու վրայ խարսխուած այն յաւիտենական յուշարձանն պիտի դառնայ, ուր դաստիարակուելու համար պիտի յաճախեն մարդկութեան գալիք սերունդները եւ միաժամանակ` իրենց յարգանքի տուրքը պիտի վճարեն թրքական բնաջնջման քաղաքականութեան աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ զոհերուն:
Բայց Դժբախտաբար, վերոյիշեալ իրագործումներէն ետք, յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն, գանատահայութեան քաղաքական հոտառութենէն վրիպեցաւ թրքազերիական հակազդեցութեան ուժգնութեան աստիճանաչափը, որ այս օրերուն դարձած է արդէն ահազանգային:
Վերջին քանի մը տարիներուն, պետական հսկայ կարողականութեամբ զինուած, թուրք-ազերի քաղաքական քարոզարշաւն ու տնտեսական սպառնալիքները, կը նպատակադրեն ամենէն ուշը մինչեւ 2015, Գանատայի իշխող կուսակցութեան Պահպանողականներու կառավարութեան Հայոց Ցեղասպանութեան գծով որդեգրած հայանպաստ վարքագիծը` նահանջի մատնել:
Վերոյիշեալ ոճրախաղը կրնայ յաջողութեան յանգիլ, եթէ իր դէմ չգտնէ հակադարձող քարոզչութիւն: Յատկապէս այսօր, եւ առնուազն մինչեւ 2015, ճակատագրական անհրաժեշտութիւն է, որ գանատահայութիւնը իր բոլո՛ր միջոցներով եւ ուժերու առաւելագո՛յն լարումով ամբողջական աշխուժացման ենթարկէ իր յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար Պահպանողական կուսակցութեան հետ, Թէ՛ նահանգային եւ թէ՛ դաշնակցային մակարդակներու վրայ, civil servant-ներէն մինչեւ վարչապետ, որպէսզի վերջնականօրէն վիժին մեր թշնամիներու “Խոջալու“-ական սադրանքները, գիտաժողովային-պատմաբանական պատրուակներն ու փրոթոքոլային տխրահռչակ հասցէագրումները:
Քաղաքական վերոյիշեալ թոհուբոհին դիմաց եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին կանգնած գանատահայութիւնը ընթացիկին մէջ տեղքայլ ընելու շռայլանքը չունի: Այս առնջութեամբ վերջին փաստը` մեր 98-րդ Ապրիլ 24-ն էր, զոր ոգեկոչեցինք քայլարշաւի ոչ այնքան խուռներամ շարքերով:
Առանց քաղաքական վերանորո՛գ հակազդեցութեան, արդէն սկսած ենք անդրադառնալ, որ մեր պահանջատիրական գործընթացը սկսած է մտահոգիչ սահմաններու մօտենալ քիչ մը ամէ՛ն տեղ: Եւ հոս, այս վտանգաւոր հանգրուանին, պարտաւոր ենք մեր պահանջատիրական գործընթացը դուրս բերել իր սովորական ուղիէն եւ կշռոյթէն: Հայ Դատի պատկան մարմիններուն պէտք է առաջարկել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները իրենց լրումին հասնին անոր 99-րդ տարեդարձին եւ մինչեւ 100-ամեակ` որդեգրուի Հայկական Հարցի ռազմավարական նոր հանգրուան մը:
Գանատահայութեան պարագային, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համագաղութային վերջին ոգեկոչման յարմարագոյն վայրը` Winnipeg-ի Մարդկային Իրաւանց նորաշէն թանգարանն է, ուր նահանգային ու դաշնակցային ներկայացուցիչներուն պարտաւոր ենք յայտնել հայ ժողովուրդի երախտագիտական ու շնորհակալական զգացումները` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում շնորհելու իրենց պատմական աննախընթա՛ց ներդրումին համար:
Իսկ Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնը կ՛արժէ ոգեկոչել դարձեալ Winnipeg-ի մէջ, բայց այս անգամ “Հայկական Հարցի Հատուցման օրակարգ“ով եւ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեամբ:
Արդ, յառաջիկայ ամիսներուն, մասնագիտական մօտեցումով անհրաժեշտ է կազմել Գանատայի, Հայաստանի, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Հարաւային Ամերիկաներու Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներէն բաղկացած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գործադիր Խորհուրդ մը, որ իր կարգին կ՛առաջացնէ ու կը համակարգէ հետեւեալ եռատեսակ մարմինները:
ա.- Հիմնադրամի Մարմին, որ կը կազմակերպէ ժողովրդային հանգանակութիւններ եւ կ՛ապահովէ պետական ու բարեսիրական նպաստներ` յարաբերական, փոխադրական (logistic) եւ այլ ծախսերու համար:
բ.- Հայկական Հարցի Հատուցման Մարմին, որ կ՛ընդգրկէ Կիլիկիոյ Վեհափառութիւնը, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը, Զօրեան Հիմնարկը եւ Հայաստանի Թանգարանի տնօրէնութիւնը: Այս մարմինը մնայուն շփման մէջ կ՛ըլլայ Winnipeg-ի Թանգարանի տնօրէնութեան, ակադեմական աշխարհին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հետ:
գ.- Քարոզչական Մարմիններ, որոնց գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ 25 Ապրիլ 2015-ին հայութեան զանգուածները հաւաքագրել Winnipeg-ի մէջ: Նոյն մարմինները, Social Media-ի հնարաւոր բոլո՛ր միջոցներով 100-ամեակի արձագանգը պէտք է հասցնեն Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր պետութիւններուն եւ քարոզչական հաստատութիւններուն:
Մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու հարիւրամեա՛յ պահանջն է, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն` հաւաքակա՛ն ուժերով, համահայկակա՛ն տեսլականով, պատնէշի վրայ զգաստ վիճակով եւ պատմակա՛ն պատասխանատուութեամբ թափ տանք Հայկական Հարցի Հատուցման դարաշրջանին: