
13-15 Սեպտեմբեր 2021
Հայաստան-Արցախի անկախութեան 30-րդ տարեդարձին եւ յետ 44-օրեայ պատերազմի փուլին նուիրուած որեւէ քննարկում կիսատ պիտի ըլլայ, եթէ ետ կանգնինք ապագան տեսնելու, վերականգնումի եւ բարեփոխման յոյսը բարձր պահելու կամքի արտայայտութենէն:
Աւելորդ կը նկատենք երկար-բարակ կրկնել այն իրականութիւններն ու տուեալները (կամ՝ տուեալներու բացակայութիւնը), որոնք փաստած են, որ ինքզինք վերարտադրած եւ իբրեւ թէ ժողովուրդին կամքը իրականացնող իշխանութիւնը ատակ չէ, կարող չէ կամ (ներքին ու արտաքին գետիններուն վրայ) իսկական յենարանը չունի Հայաստան-Արցախի ի նպաստ որեւէ բան իրականացնելու, եւ թէ՝ իրաւացի են ընդդիմադիրներու (մինչեւ իսկ իշխանութեան համակրող կարգ մը համախոհներու քողարկեալ) այն հաստատումները, թէ բոլոր հարցերուն եւ դժբախտութեանց փարատումը կը սկսի այս իշխանութեան (եւ իր մարմնաւորած տրամաբանութեան) հեռացումով, հայութեան ու Հայաստան-Արցախի շահերուն նախանձախնդիրներու իշխանութեան ձեւաւորումով:
Ընդդիմադիրները այս իրականութեան իրազեկ էին 44-օրեայ պատերազմէն շատ առաջ, երբ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» կերպասը սկսաւ գունատիլ (կամ անոր իսկական գոյնը սկսաւ երեւիլ): Տարի մը ետք իսկ, ահազանգեր հնչեցին. ահազանգողներուն շարքին էին «քալողներ». անոնց թիւը յաւելում կրեց, այդ օրուան խորհրդարանական ընդդիմադրութեան ղեկավարներ եւս կարմիր դրօշներ բարձրացուցին (անոնց այսօրուան մեկուսացումը, ինքնամեկուսացումը կամ իրողական լռութիւնը քննարկելի այլ հարց է): «Քալողներ»էն մէկ քանին հեռացան աղէտարարներու խումբէն եւ… թիրախաւորուեցան:
Տարի մը առաջ պայթած պատերազմէն ետք, շուտով ձեւաւորուեցաւ իսկական ընդդիմադրութիւն մը, որ հրապարակ եկաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» անունով, յետոյ, իրողական տարանջատումի մատնուեցաւ եւ վերաձեւաւորում ստացաւ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին: Այսօր, ընդդիմադիր ճակատը խորհրդարանին մէջ ունի ո՛չ-ազդու քուէներու յենարան մը, փաստօրէն անկարող՝ կասեցնելու Արցախէն ու Հայաստանէն նոր զիչումներ ընելու իշխանաւորներուն բացորոշ քայլերը: Աւելի քան 10 ամիսէ ի վեր, հիմնական ախտաճանաչումն ու դարմանի պահանջները մնացած են անփոփոխ, վէճ չեն վերցներ:
***
Ստեղծուած նոր պատկերին մէջ, ամէն օր քիչ մը աւելի՛ կը շեշտուի այն, որ ընդդիմադիր ճակատը հսկայ «անելիք ունի», սկսելով արձանագրուած կորուստներուն վերականգնումէն, հասնելու համար ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԻԱՐԺԷՔ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ՝ Հայաստան-Արցախի եւ ողջ հայութեան ի նպաստ «ճամբու քարտէս»ի մը յստակացման: Երբ կ’ըսենք «լիարժէք քաղաքականութիւն», ի մտի չունինք միայն հողային ու մարդկային կորուտներու գիծերը, ընդունելով հանդերձ անոնց առաջնահերթ կարեւորութիւնը (արդէն ընդդիմադիրները շեշտելով կը շեշտեն այս երեսը, եւ սա ձեւի համար չ’ըլլար): Այս ընելու համար, պէտք է ունենալ հեռանկարային դիտարկում ու մօտեցում, որոշ չափով ձերբազատիլ օրը օրին պատահող դէպքերու հեւքէն, որովհետեւ երբ ձեռնարկուի ամբողջ «անտառը» տեսնելու եւ «անտառին» հարցերը դիմագրաւել-դարմանելու գործին, առանձին «ծառեր»ը բնականաբար կը գտնեն իրենց բաժինները:
Ընդդիմադիր ճակատը մեծ գործ ունի (նորութիւն չենք ըսեր) ԱԶԳԸ լուսաբանելու առումով: Շեշտը կը դնենք բառին առաջին արմատին՝ ԼՈՅՍին վրայ. պէտք է լոյս բանալ զանգուածի տեսողութենէն եւ կամեցողութենէն վրիպող դաժան իրականութիւններուն վրայ, Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր գիւղերու մէջ ապրողին բացատրել, թէ ներկայ ընթացքը շարունակելով ու անոր (իրական կամ շինծու) յենարան տրամադրելով, Հայաստանն ալ պիտի մատնուի Արցախի ճակատագիրին, պատառ-պատառ պիտի կորսուի: Հարցը այն չէ, որ կորսուածը անկարելի է վերականգնել, վերաշահիլ, այլ կորուստը որքան մեծնայ, վերականգնումն ալ այնքան դժուար, յաւելեալ զոհաբերում պահանջող պիտի ըլլայ:
Ընդդիմադրութեան դիմագրաւած դժուարութիւններէն մէկն ալ (եւ հոս կը շեշտուի «անելիք»ներուն մէկ այլ ոլորտը) այն է, որ իշխանութիւնը, ինչպէս ընկալեալ է, ճանաչում ունի եւ կը տիրապերտէ պետութեան կարողութիւններուն: Ընդդիմադիրներուն բարենպատակ առաջադրանքներուն կենսագործումը կրկնակիօրէն կը դժուարանայ: Այս իրողութիւնը բացատրելու համար, կ’արժէ արձանագրել ընդդիմադիր անձնաւորութեան մը վերջերս կատարած մէկ դիտարկումը: Իշխանութեան ոլորտէն դուրս քաղաքական աշխատանք տանող եւ գերիներու, Արցախի եւ Հայաստանի շահերը հետապնդող գործիչը պատմեց մօտաւորապէս հետեւեալը. «Երբ Արցախի կամ Հայաստանի հողերուն պատկանելիութեան մեր պահանջներով կը ներկայանանք եւրոպացի գործընկերներու, անոնք իսկական հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն եւ պատրաստակամ են օգնելու մեզի, սակայն նաեւ կ’ըսեն, թէ ձեր (միջազգայնօրէն ճանչցուած) իշխանութիւնը նման պահանջ չունի, հետամուտ է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղ յարաբերութիւններ ու գործակցութիւն մշակելու» (անկախ այն իրողութենէն, որ նման գործակութենէ օտարները ինչպիսի՜ շահեր կը հետապնդեն), «հետեւաբար, մեր ձեռքերը ձեւով մը կապուած կ’ըլլան եւ մեր կողմէ որեւէ քայլ՝ որ յարիր չէ իշխանութեան ծրագիրներուն ու պատկերացումներուն, կրնայ դիտուիլ իբրեւ ներքին հարցերու միջամտութիւն…»: Նման «խափանում, արգելակում»՝ իշխանութեան կողմէ, ծրագրուա՞ծ է, անգիտակցաբա՞ր կը կատարուի թէ այլ պատճառներ կան, ըստ էութեան կարեւոր չեն: Փաստը այն է, որ մեր իրաւունքներուն սայլը կը մնայ անշարժ (ըսել կ’ուզենք, դէպի ետ ընթացքը կը շարունակուի):
Որեւէ ընդդիմադիր ճակատ, խորհրդարանական թէ այլ, տարրական իրաւունքը ունի երկրէն ներս իր տեսածներուն հիմամբ, իշխանութեան սխալները սրբագրելու դիտաւորութեամբ, քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանք տանելու: Սա կ’ենթադրէ հաշուի առնել ո՛չ միայն սեփական ժողովուրդդ լուսաբանելը, այլ նաեւ արդար պահանջներուն արտաքին յենարաններ գտնելը (բանալին կը մնայ շահակցութիւնը): Ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքները իրաւունք կու տան ընդդիմադիրներու, որ ձեռնարկեն քաղաքական-դիւանագիտական ԱԶԴՈՒ գործունէութեան: Հայաստանը միակ երկիրը չէ, ուր ընդդիմադիրներ արդարութեան հետամուտ են, հոն՝ ուր իշխանութիւնը կրաւորական է կամ կը թերանայ, վնասի պատճառ կ’ըլլայ:
Լիարժէք եւ արդիւնքի ակնկալութեամբ աշխատանքի համար, նախապայման է գոնէ ինքն իրեն համար (նաեւ մեր ժողովուրդին աչքին) յստակացնել քաղաքական, տնտեսական, մշակութային-կրթական եւ այլ ոլրոտներու յստակ հեռանկարները: Այսօր, լայն զանգուածը վստահաբար համամիտ է ընդդիմադիրներու՝ «այս իշխանութիւնը պէտք է հեռանայ»ին, սակայն նաեւ արդար սպասումը ունի տեսնելու, թէ զայն փոխարինողը ճիշդ ի՞նչ ընելու պիտի գայ, այսինքն՝ քաղաքականապէս, զինուորապէս, դիւանագիտական առումով ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէ՝ Արցախը վերաշահելու, Հայաստանի հողերուն ամբողջականութիւնը վերականգնելու, բանակը իր մարտունակ դերին վերադարձնելու, սակայն նաեւ տնտեսական-ընկերային հարցերը դարմանելու համար: Գիւղացիներ կան, որոնց համար ջրաբաշխումը առաջնահերթութիւն կը վայելէ, մտաւորականը, առեւտրականը, գործարանատէրը, զբօսաշրջութեան կալուածին ծառայողը, մէկ խօսքով՝ տարբեր ասպարէզներու մէջ գործողները ունին իւրայատուկ առաջնահերթուիւններ: Առանց անտեսելու նախապէս յիշուած՝ հիմնական առաջնահերթութիւնները, եթէ ընդդիմադիրները հրապարակ գան աւելի յստակ եւ մանրամասնուած ծրագիրներով, առաջադրանքներով, կասկած չկայ, որ զանգուածը պիտի նախընտրէ զինք: Թէեւ կարելի չէ մեծ բաղդատութիւններ ընել, սակայն այսօր աշխարհի մէջ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, մեծ ու նուազ մեծ հռչակուած երկիրներու մէջ ընդդիմադիրներուն կողմէ գործող իշխանութեան «տապալում»ն ու փոխարինումը, նոր քոալիսիոններու կազմութիւնը կը հետեւի այս ընդհանրական «տեսութեան», անգիր օրէնքին (նաեւ՝ գրաւոր, ինչպէս կը թելադրէ ժողովրդավարութիւնը):
Քաղաքական իմաստով, վախճանական ու ամբողջական նպատակակէտերու յստակացումը նոյնքան հրամայական է: Երբ կը խօսինք, օրինակի համար, հողային իրաւունքի եւ պահանջ մասին, ու եթէ իբրեւ անմիջական թիրախ՝ նկատի ունինք Արցախն ու Սիւնիքը, կարելի չէ յետին դարակը ձգել ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆի մայր ծրագիրը, որ 102 տարիէ ի վեր մեզի ժառանգ մնացած է անդրանիկ հանրապետութեան օրերէն: Հաւանաբար այսօր մտածող ըլլայ, թէ նման «երազային առաջադրանքներ»ու ժամանակը չէ (իսկ ե՞րբ է ժամանակը…), քաղաքական իրապաշտութիւնն ու գործնապաշտութիւնը ուրիշ բան կը թելադրեն: Սակայն երբ չունիս երկրիդ վերականգնումը եւ ամբողջականութիւնը նկատի ունեցող հեռանկարային ծրագիր (ընդգծենք՝ վերականգնում հասկացութիւնը համապարփակ է, կ’ընդգրկէ բոլոր մարզերը), դուն քեզ կը դնես այս կամ այն երկրէն ներս (իբրեւ թէ բարի նպատակով) միջամտութիւն կատարող մեծ պետութիւններուն աթոռին վրայ: (Քանի մը օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն, առանց խպնելու կը յայտարարէր, որ իր երկրի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարները չէին կրնար պատկերացնել, որ Արեւմուտքին աջակցութիւնը վայելող՝ Աֆղանիստանի իշխանութիւնը «Թալեպան»ի ուժին առջեւ փուլ պիտի գար քանի մը օրուան մէջ, անշուշտ մեղադրանքի բաժին մըն ալ կը հանէր ամերիկացի «հին»ին՝ Թրամփի, ըսելով, որ ան էր «Թալեպան»ին հետ բանակցութիւն բացողը եւ ամերիկեան ուժերու հեռացման ժամանակացոյցը ճշդողը: Ի դէպ, Հայաստանի մէջ որոշ յոյսեր կը կապուին ամերիկացի եւ այլ՝ նմանօրինակ «հեռատեսներու»…):
***
Վէճ չի վերցներ այլեւս. այս իշխանութիւնը ընելիք չունի այլեւս (իր ընելիքը պիտի ըլլայ… Հայաստանէն նոր հողեր ազերիական յայտարարելն ու «խաղաղութեան» սիրոյն՝ զիչումէ զիչում վազելը): Անոր դիմաց, ընդդիմադիրները ահագին «անելիք ունին», ներքին եւ արտաքին գիծերու վրայ գործնական, իրապաշտ եւ հայրենիքի շահերուն համապատասխան ծրագիրներու մշակումէն, անոնց բացայայտումէն ու ժողվրդականացումէն՝ մինչեւ ըստ կարելւոյն իրականացումը, հանգրուան առ հանգրուան, ապահովել անոնց ներքին եւ արտաքին՝ անսասանելի յենարաններու ապահովումը:
Արցախի ու Հայաստանի վերականգնումի, իսկական ապագայի կերտումի անխուսափելի դարձակէտի առջեւ ենք 30-ամեակի օրերուն: Իսկական խաղաղութիւնն ու բարի դրացիական յարաբերութիւնները չեն կրնար զարգանալ եւ արմատներ նետել, եթէ չապահովուին ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ հիմերը: Ուրեմն՝ «անելի՛ք», «անելի՛ք» ու դարձեա՛լ «անելիք» կայ, իսկ այդ «անելիքները» չեն կրնար իրականանալ, եթէ չշաղախուին հայրենասիրութեան հարկադրած ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՄԲ:
Եզրակացնելու համար կ’արժէ անգամ մը եւս շեշտել. 44-օրեայ պատերազմը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ եղաւ Ցեղասպանութենէն ետք ամէնէն աղետալի փուլը: Ազգովին ինկանք վիհի մը մէջ, որմէ դուրս գալը անկարելի չէ, ունի իր հսկայական դժուարութիւնները, հրամայական կը դարձնէ հայութեան բոլոր ուժերուն եւ կարողականութեան մէկտեղումը: Չենք ուզեր հաւատալ այն խօսքին, որ «մեր լաւագոյնն իսկ բաւարար չէ» (Our best isn’t good enough): Մեր պատմութիւնը մեզի ժառանգ հասցուցած է հակառակին բազում փաստերը: Այս մօտեցումով ալ, պիտի վանենք մեր մտածողութենէն ու կեանքէն Հայկը, Արամները (Նահապետն ու Մանուկեանը), Արտաւազդն ու Սասունի «Ծուռ»երը վանելու ամէն փորձ, ընդհակառակը՝ մեր հին ու ժամանակակից բոլոր հերոսները պիտի վերականգնենք մեր կեանքին, նոր սերունդներո՛ւ կեանքին ու հոգիին մէջ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր «ղումաշը» կազմուած է անոնց ժառանգութեամբ: Հայկէն մինչեւ մերօրեայ նահատակ հերոսները թուրքին ու ազերիին չեն պատկանիր, այլ կ’ապրին մեր հոգիներուն մէջ, կը ջրդեղեն մեր հաւաքական կեանքը, յենարանն են վերջին տարիներուն տարանջատուած մեր միասնութեան վերականգնումին: (Վերջ այս շարքին):