
ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 5-ին, պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլին, որ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ:
Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, իր կարգին ընդունեց Վրաստանի վարչապետը: Սարգսեան կարեւոր նկատեց բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները: Ան նշեց թէ Հայաստանը եւ Վրաստանը բարեկամ պետութիւններ են, եւ երկու ժողովուրդներն ալ իրարու կապուած են պատմականօրէն: Իր կարգին, վարչապետ Քվիրիքաշվիլի նշեց, որ վրացի ժողովուրդն ու վրացական կառավարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման:
Նշենք թէ, վրացական պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: