
Read Time:21 Second
Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. Վեհափառին, Կիրակի, Հոկտեմբեր 16-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հինգ երիտասարդ միաբաններ ստացան վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները՝ ձեռամբ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանին։
Սուրբ Պատարագէն ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը վեհարանին մէջ ընդունեց հայ եկեղեցւոյ նորընծայ վարդապետները եւ փոխանցեց իր հայրական ու Հայրապետական օրհնութիւնը։