Յօդուածներ

ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ԴԷՊԻ ՄԵԶ

Գէորգ Պետիկեան

 

Անկեղծօրէն յայտնեմ, որ շատ-շատերու համար, այս տողերը կրկնութիւններ կրնան ընել կամ թուիլ, որովհետեւ, պատեհութիւնը երբեք չէ պակսած այս բոլորի մասին խօսելու, կամ գրելու: Ու թէեւ միշտ խօսած եւ գրած ենք, բայց, հակառակ այս իրականութեան, կը կարծեմ որ պէտք է կրկնել, յիշեցնելու համար անհրաժեշտն ու ճշմարիտը: Որովհետեւ նման մատնանշումներ նաեւ ասպարէզ կը հանեն զանազան կէտեր, թերութիւններ, որոնք ինքնագիտակցութեան անձայն պատգամներ ըլլալէ չեն դադրիր:

Իրականութիւն է որ մենք ազգովին ուր ալ գտնուէինք, չէինք վարժուած այսպէս ապրիլ: Նաեւ քաջատեղեակ ենք, որ իբրեւ ազգ, տակաւին զոհ ենք աննպաստ պայմաններու:

Ահա թէ ինչո՞ւ ամէն տեղ, յաճախ յուզիչ է մեր ազգային պատկերը: Հոս-հոն հայու շնչած օդին մէջ սխալ «բաներ» կան: Ո՛չ առողջարար: Յաճախ թունաւոր: Հակառակ անոր որ փոթորկալից ամպերու տակ ապրինք, սակայն այնպէս կ’երեւի թէ մեր մտայնութիւնը քարանալով, ցարդ չենք կրցած զայն փոխել: Անհանգիստանհաւասար եւ հակասական կեանք։ Ու այս շատ «բաները» որոնք պատահած էին եւ որոնք պէտք չէ որ պատահէին, կամաց-կամաց հայու մեր հարազատ խանդավառութիւնը սկսած են մաշեցնել:

Նաեւ տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս ատելութիւնը գողցած է մեր սէրը, մեր՝ իրարու հանդէպ ունեցած վստահութիւնն ու յարգանքը:

Advertisement Subscribe Today

Հաւատացէ՛ք, հասկնալի եւ քիչ մըն ալ կոպիտ աղմուկով արձանագրած այս տողերս ու մանաւանդ անոնց վրայ մէկիկ-մէկիկ շարուած բառերս, դառնութեանս ձայներէն են հիւսուած: Անոր համար յաճախ բացականչութեան նման կը փրթին, իբրեւ ահազանգ, եւ իբրեւ անձրեւ սպառնացող «ամպ»:

Նաեւ յիշեցման կարգով՝ աւելցնեմ…կար ժամանակ, որ մեր ապրած այս աշխարհը ուրիշ էր: Նոյնպէս՝ հայոց աշխարհն ու «արտաշխարհները»: Պարզ, առանց ծածկուած բարդոյթի, յստակ գիրերու էջերով բացուած գիրքի նման:

Բայց, ներկայիս տեսնանելի է, թէ մեր ապրած նոյն այս աշխարհը ինչպէ՞ս փոխուած է:

Ո՛չ …ո՛չ, սխալ է… աշխարհը չէ՛ որ փոխուած է…այլ՝ մե՛նք ենք որ փոխուած ենք, մե՛ր կեցուածքով, մե՛ր գործելակերպով, մեր կենցաղով, մե՛ր մտայնութեամբ, մե՛ր սէրերով ու ատելութիւններով, մե՛ր նկարագրով, մեր անհոգութիւններով եւ անտարբերութիւններով, մե՛ր թունաւոր բառերով եւ մտածելակերպերով ու յատկապէս՝ փառամոլութենէն ծնունդ առած մեր նախանձով:

Շատ լաւ գիտենք, որ տարակարծիք կողմերու միջեւ ծագած անհասկացողութեան եւ հարցերուն շուտափոյթ լուծման համար, տեսնուած է դրական երկխօսութեան կողքին, երկզիջումն ալ մեծապէս իր նպաստը բերած է: Բայց, դժբախտաբար հայու մեր երկնքի տակ, նման «բան» մոռցուած է: Անգործնական նկատուած: Դիտմամբ կամ ակամայ: Ահա ե՛ւ հսկայ ե՛ւ տխուր իրականութիւն: Մանաւանդ՝ անբովանդակ: Անոր համար է որ մեր կարգ մը բարոյական հասկացողութիւնները արդէն կորսուած են եւ կամ կորսուելու վրայ են:

Կասկածի ու տարակուսանքներով լի մթնոլորտին մէջ կ’ապրի մեր ժողովուրդը: Թէեւ ուղղութիւնները շատ են, սակայն նման իրավիճակի մէջ կարելի չէ այսպէս պարզօրէն մօտենալ եւ արագ լուծումներ առաջարկել:

Ուրեմն… ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը՝ խալխուլ զգացումը: Աշխարհը ուր կ՛ապրինք, մեր ճակատագրի այն մասն է, որ կը կերտէ մեր կեանքը: Ու այդ ճակատագիրը նախասահմանուած չէ: Թէեւ նպատակները բազմազան են, իսկ ընտրութիւնը՝ կախում ունի մեր կամքէն: Ուստի կարճամտութիւն է խօսիլ առարկայական պայմաններու մասին: Որովհետեւ, անմեղօրէն ըսելով… մարդիկ կորսնցուցած են ինքնադատութիւն կոչուած հայելիին դիմաց ինքզինքնին դիտելու, նայելու, տեսնելու, ապա սրբագրելու ու սրբագրուելու կարողականութիւնն ու քաջութիւնը:

Ճիշդ է որ պարտուած ենք ամէն ճակատի վրայ, եւ կը հեւանք ու ամէն օր նոյն յոյսին կը սպասենք, սակայն կը մոռնանք որ փրկելու եւ փրկուելու համար, անպայման եւ անյապաղ զարկ պէտք է տալ մեր մշակոյթին:

Տեսանելի է թէ ինչպէ՞ս մեր նոր սերունդը, սնդիկի նման դուրս կը թափի մեր ափէն:

Միշտ կը տեսնենք, թէ խենթ հով մը, ինչպէ՞ս կը վազէ մէկ ծառէն միւսը, եւ կը փրցնէ թերթիկներ, որոնք կը թաւալին օդին մէջ խելակորոյս: Որչա՜փ կը նմանինք այս տերեւներուն, աշխարհի մեր ծփուն «հայրենիքներուն» երկնքի մէջ: Նոյն այդ հովն է, որ իր թեւերուն մէջ առած է մեր համրանքը, եւ կը խաղայ մեր ճակատագրին հետ:

Քաղցրահնչիւն բառերով ո՛չ անհատը կը փրկուի, ո՛չ ալ՝ ազգը: Կարգ մը գաղութներէ ներս դարձած ենք բազմութիւն, որ իր լոյսը փնտռելով կ’երազէ: Լաւ յիշե՛նք…ջաղացքի քարերը եթէ առանց ցորենի դառնան, իրենք զիրենք կը մաշեցնեն: Ու այնպէս կ’երեւի թէ հոսկէ-հոնկէ, ջաղացքի քարէն այրուածքի հոտը կու գայ արդէն:

Բայց, հպարտանքով նաեւ աւելցնեմ, որ հակառակ այս մերկ իրականութիւններուն, տակաւին եւ ամէն տեղ, ունինք բացառիկներու խումբեր, որոնց ներկայութիւնը օրհնութիւն եղած են մեզի: Ու նոյն այս բացառիկներն են, որոնք գերագոյն ճիգերով միշտ մեծ յանձնառութիւններու տակ կը մտնեն, ու այս ձեւով կը փորձեն հայ կեանքի բոցը վառ պահել: Անոնք, հոսանքն ի վեր ուժ ունենալով, նոյն այդ հոսող ժամանակին դէմ կը թիավարեն անսակարկ, ներքին հաւատքով, պատկանելիութեան հուրով, ազգին ծառայելու տենչով, եւ խաթարումէ հեռու մնալու նախաձեռնութեամբ ու ցեղային ու ազգային մեր ինքնութիւնը հաստատ պահելու փափաքով:

Այս մարդիկը մեր ազգային հպարտութիւնն են, ըլլան անոնք համախմբուած միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հովանիի տակ, կամ՝ անհատապէս:

Շատ խօսած ենք այս բոլորի մասին:

Քիչ վերը, պատգամ ըսի: Աւելցնեմ, որ այդ պատգամը նաեւ ընթերցողի իմացութիւնը կը հարստացնէ: Ուստի՝ ժամանակն է, որ վերադառնանք դէպի իրականութիւն ու մանաւանդ առանց սակարկութեան՝ նուիրուածութիւն, իւրաքանչիւրս իր դերին գիտակցութեամբ: Որովհետեւ, անգիր օրէնքի համաձայն, իւրաքանչիւրս իր ստանձնած դերին գիտակցութիւնը պէտք է որ ունենայ:

Արդ, կարճ կապեմ: Գիտեմ որ մարդկային միտքը երկարաշունչ ընթերցումներէն ինքզինք բաւական յոգնած կը զգայ: Ուրեմն, այս բոլորէն ետք եթէ հարց տրուի…ի՞նչ պէտք է ընել որ լաւին սպասումը կարօտի չվերածուի: Պատասխանը.-

Վերադառնալ դէպի մեզ…դէպի մեր ազգային ակունքներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button