ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

0 0
Read Time:3 Minute, 45 Second

 

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Տարիներու թաւալումին հետ աւանդութիւն դարձած է, որ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին եպիսկոպոսական պատարագ մատուցանէ իր անունով հիմնուած Վարդանանքի հերոսամարտը տօնելու։

Խորանին վրայ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի թեմի Առաջնորդ Բարձրշ. Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեանին կը սպասարկէին Հոգշ. Տ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Մեսրոպ  քհնյ. Լագիսեանը եւ եկեղեցւոյս դպիրները։

Արարողութեան ներկայ էին եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեան,  Ուաշինկթընի հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Ագթաւուքեան, Յովնանեան վարժարանի բարձրագոյն դասարաններու աշակերտները, ուսուցիչները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Սրբազան Հայրը սկսաւ իր քարոզը «Ո՞վ պիտի բաժնէ մեզ Քրիստոսի սէրէն» նիւթով։ Ան ըսաւ. «Պօղոս առաքեալ, որ ֆիզիքապէս չէր տեսած Քրիստոսը, սակայն առանց տեսնելու հաւատացած անոր եւ դարձած էր քրիստոնէութեան ամենէն աշխոյժ եւ կորովի առաքեալը, երբ կը խօսի իր եւ Քրիստոսի հետ յարաբերութեան մասին եւ իր անձնական նուիրումը կը յայտնէ Քրիստոսի հանդէպ, կը յայտարարէ թէ ո՞վ պիտի բաժնէ մեզ Քրիոտոսի սէրէն»։ Այնուհետեւ ան շարունակեց.- «Եւ որքա՜ն գեղեցիկ է, սիրելիներ, որ հայ ժողովուրդի մեր զաւակներն ալ, երբ Քրիստոսը ընդունեցին, առաքեալ Պօղոսին պէս չտեսան զայն, բայց հաւատացին եւ իրենց հաւատքին մէջ  զանազան առիթներով հալածուեցան, չարչարուեցան եւ նահատակուեցան, եւ երբ այսօր հաւաքուած ենք այստեղ, յատկապէս Յովնանեան Վարժարանի սիրելի աշակերտներ, եւ Վարդանանց տօնի առիթով եկած ենք աղօթելու այս եկեղեցիին մէջ, որ իր անունը՝ սուրբ Վարդանի անունը կը կրէ. Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի»։

Իր քարոզը ուղղելով աշակերտներուն, ըսաւ.- «Դուք ձեր դասարաններուն մէջ, քիչ մը աւելի բարձր կարգին մէջ լսած ըլլաք, կարդացած ըլլաք այն նամակը, որ Վարդան Մամիկոնեան, օրուան կաթողիկոսը՝ Յովսէփ, եւ բոլոր նախարարները ստորագրեցին եւ ղրկեցին Պարսկաստանի թագաւորին, ըսելով թէ ո՛չ կրակը, ո՛չ ջուրը, ո՛չ սուրը, ո՛չ մէկ բան մեզ կրնայ բաժնել Քրիստոսի սէրէն։ Վարդանանք գիտնալով  գացին ճակատամարտի, պահելու համար երկու ազատութիւն, ինչպէս պատմագիրը կ՚ըսէ, հաւատքի համար եւ հայրենիքի համար, պատերազմեցան այդ երկու արժէքներուն պահպանման համար, անոնք ազատութիւն ունենալու համար յայտարարեցին, թէ մեզ մեր հաւատքէն ո՛չ մէկը կրնայ շարժել եւ այդ հաւատքի ազատութիւնը մենք ունեցանք, եւ ահաւասիկ 1567 տարի է։ Եկած ենք հոս, որովհետեւ մեր հաւատքին, մեր այս աղօթքին համար, Վարդանները իրենց արիւնը տուին այդ ազատութեան սիրոյն»։

Իր յորդորները շարունակելով, Սրբազան Հայրը ըսաւ.- «Դուք այս սրբութիւններու ժառանգորդներն էք, ձեր ծնողները գիտակից են եւ ձեզ կը ղրկեն Յովնանեան Վարժարան որպէսզի այս սկզբունքները, ձեր հաւատքը, հայրենիքի սէրը, աճի ու զօրանայ եւ ձեզ հետագային լրիւ հայ դարձնէ։ Գրասեղանները ձեր պատերազմի դաշտն են՝ հայերէն գիրքը, հայոց պատմութեան գիրքը, կրօնի դասը ձեր զէնքերն են։ Բայց դուք ձեր դպրոցին մէջ տեսակ տեսակ թշնամիներու առջեւ էք. դուրսէն հազար ու մէկ տեսակ թշնամիներ են, կրնայ ըլլալ ձեր դպրոցին մէջ, կրնայ ըլլալ ձեր տուներուն մէջ նոյնիսկ, կը մտնեն սխալ սովորութիւններ, այնպիսի բաներ որոնք ձեզ կը հեռացնեն ձեր հայու քրիստոնեայի արմատներէն,  հետեւաբար՝  միմիայն Վարդան Մամիկոնեան զինուոր չունեցաւ, այսօր մենք ալ, ձեր ուսուցիչները, տնօրէնը, զինուորներ ունինք դպրոցին մէջ եւ դուք պարտաւոր էք հաւատարիմ զինուոր դառնալ մեր նախահայրերուն եւ մանաւանդ մեր Աստուծոյ։ Այս ազատութեան գաղափարը, սիրելիներ, այնքան փայլուն գաղափար է, որ այսօր երբ 1567 տարի ետք Վարդանանց տօնը կը տօնենք, մեր միտքը կու գայ այսօր ուրիշ ազատութիւն մը, որ հարիւր տարի առաջ մեր հայրենիքի մէջ կատարուեցաւ»։

Ան անդրադարձաւ այս տարի նշուող անկախութեան 100-ամեակին, յայտնելով թէ.- «Ինչո՞ւ այդ ազատութեան գաղափարը մեզ այնքան կ՚ուրախացնէ, ուրկէ՞ կու գայ։ Աւարայրէն եւ Վարդաններու պէս հերոսներէն, որոնք ո՛չ միայն Աւարայրի վրայ պատերազմեցան, այլ ամէն տեղ, ամէն դաշտի վրայ, տուներէն սկսեալ մինչեւ իրենց գործատեղիները, իրենց հաւատքին եւ հայրենիքի սիրոյն համար պայքարեցան։ Վարդանը անձ չէ, Վարդանը պատմութիւն է, եւ պատմութեան մէջէն հերոս մը կու գայ, կը կանգնի այսօր ձեր սրտերուն մէջ, ձեր դպրոցին մէջ, եւ եթէ հաւատարիմ կը մնաք այսօր, այնքան  ուրախ պիտի ըլլամ սիրելիներ որ դուք հայօրէն, ճշմարտօրէն կ՚ապրիք»։

Օշական Սրբազան իր խօսքը վերջացուց հետեւեալ խօսքերով.- «Յիսուսը, Վարդանները, մեր ֆետայիները տեսնելով կրնաք ձեր ինքնութիւնը, ինչ ըլլալը փաստել։ Այն ատէն հաւատացէք, որ բոլորս ալ, ձեր ծնողները եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը ուրախ պիտի ըլլան ձեզի պէս աշակերտներ ունենալու համար։ Կ՚աղօթեմ Աստուծոյ որ Վարդանանց այս ոգին եւ մեր հաւատքը, որ ով կրնայ մեզ բաժնել մերԱստուծմէ, Քրիստոսէն, ով կրնայ բաժնել մեր հայրենիքէն՝ Հայաստանէն, այս հաւատքը ձեր մէջ ամրապնդուի,  տոկուն  ըլլայ, որպէսզի կարենաք դուք ալ ձեր կեանքին մէջ, Վարդանին պէս պայքարիք յաղթանակի համար»։

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյս մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն, որ պատրաստուած էր տիկնանց միութեան անդամուհիներուն կողմէ։ Ճաշէն ետք, Յովնանեան վարժարանի աշակերտները աւուր պատշաճի յայտագիր մը ներկայացուցին  ու սրինգներով, թմբուկներով, զանգակներով եւ դաշնակով յուզեցին ներկաները։

Սուրճի ու անուշեղէնի սպասարկութիւնէն առաջ, եկեղեցւոյս հովիւի եւ հոգաբարձութեան անունով փորագրուած գրիչ մը յանձնուեցաւ Սրբազան Հօր իր քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակին որպէս յիշատակ, ինչպէս նաեւ խնդրելու որ իր մտածումներն ու յորդորները գրի առնէ եւ բոլորի տրամադրութեան յանձնէ։ Այս առիթով Սրբազան Հօր հատած կարկանդակը բաժնուեցաւ բոլորին։

Ներկաները օրուան խորհուրդով աւելի եւս գօտեպնդուած գոհունակութեամբ մեկնեցան։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles