Վանի Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Պատարագի Պատրաստութիւն

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Վանի նահանգային կառոյցի ղեկավար Մուզաֆէր Աքթուղ յայտնեց, որ արդէն սկսած են Սեպտեմբեր 8-ին կայանալիք պատարագի նախապատրաստական աշխատանքները:
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան արտօնութեամբ՝ 2010-էն ի վեր, տարին մէկ անգամ, Վանայ լիճի հռչակաւոր Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կ՝իրականացուի պատարագ:
Վերականգնուած էր 2010-ին եւ բացուած թանգարանի կարգավիճակով: Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք՝ հայ համայնքը տարին մէկ անգամ՝ Սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ Կիրակի օրը, այնտեղ պատարագ մատուցելու արտօնութիւն ստացած էր։
Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք առաջին անգամ պատարագ մատուցուեցաւ Սեպտեմբեր 19, 2010 -ին: Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, 2015-ին, թրքական իշխանութիւնները արգիլած էին պատարագ մատուցել` մեկնելով անվտանգութեան ապահովման խնդիրներէն: Վերջին անգամ պատարագ մատուցուեցաւ անցեալ տարի:

