Լրահոս

Վաղարշապատի Աւագանիի Ընտրութիւններ․- Հ․Յ․Դ․-ի Թեկնածուն՝ «Յաղթանակ» Դաշինքը Գլխաւորած Սեւակ Խաչատրեանն Է

 

ԵՐԵՒԱՆ․- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի մասնակցի Նոյեմբեր 16-ին կայանալիք Վաղարշապատ (Էջմիածին) համայնքի աւագանիի ընտրութիւններուն, գործակցելով «Յաղթանակ» դաշինքին հետ։ Նախընտրական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Սեւակ Խաչատրեան։

Տեղւոյն Հ․Յ․Դ․  «Վաչէ Ռոստոմեան» կոմիտէութիւնը, հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ․-

«Կարեւորելով մեր համայնքին՝ ամբողջ հայութեան հոգեւոր ու մշակութային կեդրոնին զարգացում, արդարութիւն եւ հոգատարութիւն բերելու հանձնառութիւնը, եւ գիտակցելով համապետական ընտրութիւններէն առաջ Վաղարշապատի խոշորացուած համայնքի ընտրութիւններուն նշանակութիւնը՝ կը կոչենք՝

– Վաղարշապատ համայնքի սիրելի բնակիչներուն՝ մասնակցիլ սպասուող ընտրութիւններուն եւ, իրենց ձայնը վստահելով պատասխանատու ուժերուն, կանխել մեր ինքնութեան դէմ ուղղուած արշաւները եւ համայնքի համար բանալ զարգացման նոր էջ մը։

– Ընդդիմադիր բոլոր ուժերուն՝ գործել համախմբումի տրամաբանութեամբ, բացառել իշխող ուժին հետ նախընտրական կամ հետընտրական որեւէ համագործակցութիւն, եւ իրենց ամբողջ ջանքերը ներդնել հանուն հաղթանակի կերտման»։

Advertisement Subscribe Today

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button