Վահան Յովհաննիսեանի Յիշատակին
Երեք տարի առաջ, այսօր՝ Դեկտեմբեր 28-ին, կեանքէն հեռացած էր Վահանն Յովհաննիսեանը, խոր յուզում յառաջացնելով: Այս առթիւ, Երեւանի քաղաքային պանթէոն այցելեցին հարազատներ, մտերիմ եւ գաղափարակից ընկերներ:
Վահան Էդուարդի Յովհաննիսեան ծնած էր Օգոստոս 16, 1956-ին, Երեւան: Ան տեղւոյն թիւ 55 դպրոցը աւարտելէ ետք, կիսատ ձգելով Բրիւսովի հիմնարկի մէջ իր ուսումը` ան մեկնած է Մոսկուա մասնագիտացման համար: 1978-ին աւարտած է Մոսկուայի Մանկավարժական համալսարանը` գիտական կոչումներով պատմութեան եւ հնագիտութեան մէջ: Աւարտելէ ետք նշանակուած է աշխատանքի, հարաւային Սիպերիոյ մէջ: 1978-1980 թուականներուն ան ծառայած է խորհրդային բանակին: Բանակային ծառայութեան աւարտէն ետք Վահան Յովհաննիսեան գերադասեց վերադառնալ հայրենիք: Աշխատանքի կոչուեցաւ «Էրեբունի» թանգարանին մէջ, սկիզբը` որպէս գիտաշխատող, հետագային` իբրեւ գիտահետազօտական բաժնի վարիչ: Իսկ 1989 թուականէն ետք ան աշխատանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ:

