ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՄԸ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁԻ ՄԸ ՑԱՒՈՏ ԽՕՍՔԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

1 1
Read Time:6 Minute, 57 Second

 Յ. Պալեան

            Հայ կեանքի մէջ, նաեւ՝ սփիւռքի, ներկայ հայրենադարձ մը եր-կու տող գրած է, որպէս նամակ: Իսկական երկտող: Իր խօսքին կշիռ տալու համար գրած է ժողովրդական անպաճոյճ բառերով, ըսելու, որ, Հայաստանի կացութիւնը լաւ չէ: Կարդացի քանի մը անգամ : Համա-կարգիչի պատուահանին վրայ պահեցի: Ո՛չ թեր, ո՛չ դէմ, ո՛չ քըն-նադատութիւն, ո՛չ աւուր պատշաճի քաղաքական վերլուծում, ո՛չ տե-ղեկատուութիւն: Մանաւանդ՝ ո՛չ ալ իր կրպակին մէջ հանգիստ նըս-տած «իմ կարծիքով» ըսելով բաւարարուող եւ մարգարէացող սուլիչ հայրենասէր:

            Արփիար Արփիարեան այնքա՜ն լաւ բնորոշած էր գաւառացի քահանային խօսքին ոչ թէ բառերը, այլ անոնց խորքի շեշտը, ըսելով՝ «պարզին վսեմութիւնը»:

            Այդպէս են հայրենադարձէ մը ստացած երկու տողերս, աւելի խօսուն, քան ինչ որ կ’ըսեն ներսի եւ դուրսի լրատուամիջոցները. թերթ, հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, խօսափող եւ լուսանկար: Լսեցի, իմացայ ինչ որ ըսուած էր՝ վսեմ պարզութեամբ. ԱՀԱՒՈՐ ՎԻՃԱԿ Է: ՎԵՐՋԸ ՉԵՄ ՏԵՍՆԵՐ ԿՈՐ, ՍԻՐԵԼԻ՛Ս…

            Եթէ այս հոգեխռով իրատեսութիւնը ունենայինք, ներսը եւ դուրսը, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւններ, քաղաքացիներ, բազ-մագոյն սփիւռքներ, հայրենաթողներ եւ հայրենադարձ չեղողներ, փո-խանակ հաւկուրութեամբ իրականութիւնը չտեսնելու, ահաւորէն անդին կը նայէինք, ո՛չ մատներու արանքէն, ինչպէս կ’ընեն ամէն բնոյթի «տուրիստ»-ները:

Արդարեւ, Հաայստանի կացութիւնը ահաւոր չէ միայն թշնամիի նա-խայարձակումներուն եւ գործած աւերներուն պատճառով, այլ նաեւ՝ մեր.  պետութիւն, քաղաքացիներ, սփիւռք(ներ):

            Հայրենիքի այն բեկորը որ մնացած է, պիտի մնա՞յ:

Նման հարցում կը նշանակէ դիտել դուրսէն, սպասելով որ ուրիշներ վճռեն, մեր փոխարէն տիրութիւն ընեն: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ պա-տասխանատուութեամբ հարց տալ. Պիտի պահե՞նք հայրենիքի վեր-ջին բեկորը որ մնացած է:

            Պիտի պահե՞նք. յոգնակի, ես դուն, ան, ՄԵՆՔ, եթէ դեռ այդ ՄԵՆՔը յանձնառու եւ հաւաքականի ըմբռնում ունեցող չանհե-տանալու կամքով գործող ժողովուրդ է:        Այսօ՛ր պէտք է խօսիլ դեռ մեզի պատկանող հայրենիք-հողակտորի մասին, եթէ ան գրական կամ յուշագրական պատկեր չէ, բեմական աղմուկ չէ, փառատենչիկի ցատ-քատախտակ (tremplin) չէ:

            Շուկաներ կը փակուին, կամ հրոյ ճարակակ կ’լլան. հարիւ-րաւորներ գործազուրկ պիտի ըլլան: Զօրանոցի կացարաններ հրոյ ճարակ կ’ըլլան եւ տասնեակով երիտասարդներ անհեթեթութեան զոհ կ’ըլլան: Եւ կեանքը կը շարունակուի այսօր՝ ինչպէս երէկ :

            Լրագրողներ կան, որոնք թաքնուած նկարահանող սարքերով իրականութիւններ կը մերկացնեն (caméra caché): Անոնց պէս իրաւ եւ դեռ զինաթափ չեղած հայրենասէրներ կը տագնապին, կ’ընդվզին եւ կը խօսին:

            Երեւանի փողոցները եւ շէնքերու պատերը օտարալեզու որ-մազդներ գրաւած են:   Գէորգ Եազըճեան Լեզուի Պետական Տեսչութեան բողոքած է:

             Հեռատեսիլի լրագրողներու եւ պետական պաշտօնեաներու բերնին մէջ կը վխտան օտար բառերը: Պետութիւնը չ’անհագստանար: Միշտ մտածած եմ, որ ժողովուրդ մը, ինչպիսի պայմաններու մէջ ալ գտնուի, երբ չի պաշտպաներ իր ինքնութեան կռուան լեզուն, ինչպէ՞ս իր երկիրը պիտի պաշտպանէ: Եթէ օրէնքով նախատեսուած պատժամիջոցներ կիրարկուին, բոլոր պետական պաշտօնեաները, գրեթէ բոլոր լրագրողները, վաճառականները եւ մանրավաճառները, տուգանքի կ’ենթարկուին կամ բանտ կը նստին:

            Լեզուի պաշտապանութեան Օրէնքը կայ: Օրէնքին հսկող Լեզուի Պետական Տեսչութիւն կայ, բայց աւերը կը շարունակուի, կարծէք այս քանդումին համար համախոութիւն կայ:

            Կ’ըսենք բանակ, բայց Հայաստան զինուորներ կը մեռնին իրենց կացարանին մէջ:

            Երեւան եւ ուրիշ քաղաքներ, գիւղեր, երկրագործական տարա-ծութիւններ կը վաճառուին, առանց ճշդելու, թէ ո՞վ է գնողը, ինչո՞ւ կը գնէ:

Դեռ չիմացանք, թէ ի՞նչ եղան պատերազմի ընթացքին զոհուածներու սէլոֆանի մէջ դրուած մարմինները, ո՞ւր հասաւ անոնց ինքնութիւն-ներու ճշդումը:

            Հեռատեսիլը ամէն օր կը զեկուցէ ոճիրներու, գողութիւններու, վթարներու եւ երբեմն ալ՝ դաւաճանութիւններու մասին:

            Բայց երբ կը լսէք պատասխանատուները, այն տպաւորութիւնը կ’ունենաք որ ամէն բան լաւ է «աշխարհներու լաւագոյնին մէջ», ինչ-պէս ֆրանսացի իմաստասէր Վոլթէրի Զատիկ գիրքին մէջ. տնտեսու-թիւնը աճ կ’արձանագրէ, երկրի աւագանիի անդամներուն մէկ ոտքը միշտ օդանաւի մէջ է, կը խօսին:

            Սփիւռք(ներ)ի համայնքները եթէ տարրական հաշուապա-հութիւն ընէին իրենց շրջանները հասնող արտագաղթողներու մա-սին… Երբեմն կ’ըսեն, որ եւրոպական այս կամ այն քաղաքի փողոցնե-րուն մէջ անոնք հազարաւոր են…

            Երկտողը կ’ըսէ. «ԱՀԱՒՈՐ ՎԻՃԱԿ Է: ՎԵՐՋԸ ՉԵՄ ՏԵՍՆԵՐ ԿՈՐ,  ՍԻՐԵԼԻ՛Ս»…

            Կը սպասէի, որ խօսի նաեւ ուքրայինական պատերազմի պատ-ճառով Հայաստան խուժած ռուսերու եւ այլազան ժողովուրդներու մասին, որոնք կը խճողեն Երեւանի փողոցները եւ կը բանեցնեն ճաշարանները, ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ երկիրը կը բար-գաւաճի, տնտեսութիւնը պիտի հասնի երկու թուանշանով աճի:

            Եթէ դադրէինք ինքնահիացման հանդէսներ սարքելէ եւ լսէինք իրատես հայրենասէրներու խօսքերը եւ դատումները… Բայց բանգէտ-ները սովորութիւն չունին ուրիշը լսելու:

            Հայաստանի ԱՌԱՒՕՏ թերթին մէջ կարդացի հետեւեալ տողե-րը, որոնք լոյս կը սփռեն նշած «երկտող»իս վրայ, ցոյց կու տան, որ հայրենադարձի յոռետեսութիւնը ո՛չ մասնակի է ո՛չ ալ շարքային զգա-ցական հայրենասէրի տրտունջ: Կ’արտագրեմ.

            «Իրապէս ամօթով եմ նայում Ադրբեջանի եւ Թուրքիայի միաց-եալ քաղաքականութեանը։ Ամաչում եմ, թէ միասին ինչ գրագէտ են գործում տասնամեակներ շարունակ, իսկ մենք ապիկար, անտրա-մաբանական միջոցներով ենք փորձում դրա դէմն առնել»,- խորհըր-դարանական ընդդիմութեան հրաւիրած՝ Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքի փակման թեմայով խորհրդարանական լսումների ժամա-նակ այսօր յայտարարեց Տէր Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը։ Նա նշեց․ «Մենք տարուբերուում ենք առաւելապաշտութեան եւ նուա-զապաշտութեան միջեւ։ Սկսում ենք «պայքար, պայքար մինչեւ վերջ»-ից  եւ հասնում, ինչպէս այսօր պարոն Արսէնեանը ներկայացրեց, ծայ-րայեղ մինիմալիզմի, տանք 120 000-ին, որ փրկենք 3 միլիոնին։ (ընդգծ. Յ.Պ.) Սա ծայրայեղ մինիմալիստական մօտեցում է։ Այդ 120.000-ը ՀՀ-ի քաղաքացիներն են, եւ ՀՀ-ն պարտաւորութիւն ունի այդ 120.000-ի հանդէպ։ ՀՀ-ն եւ ՀՀ-ի իշխանութիւնը չի կարող ձեռքերը լուանալ այդ 120.000 քաղաքացուց ու ասել, թէ նրանք Ադրբեջանի քաղաքացիներ են։ Ո՛չ, նրանք ՀՀ քաղաքացիներ են։ ՀՀ քաղաքացիներ են նաեւ Բաքուում գտնուող մեր գերիները։ Միջանցքը փակուել է 120.000-ին իր բնօրրանից դուրս մղելու համար, դժուա՞ր է սա հասկանալ»։ Ըստ Տէր Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի՝ այս ամէնն արուում է ՀՀ իշ-խանութեան թողտուութեամբ․ «Լրջագույն կասկած ունեմ, որ համա-ձայնութեամբ։ Յետոյ երեւի կը բացայայտուի»։ (Առաւօտ,՝ 3-3-2023)

            Սրբազանի անշպար եւ բիրտ քննադատութիւնը միացման ե միացեալ ճակատով գործելու կոչ է:Պէտք է լսել խօսքին իւրաքանչիւր բառը, հոն խտացած քննադատութիւնը եւ վերականգնելու կոչը: «Իրա-պէս ամօթով եմ նայում Ադրբեջանի եւ Թուրքիայի միացեալ քաղաքա-կանութեանը։ Ամաչում եմ, թէ միասին ինչ գրագէտ են գործում տաս-նամեակներ շարունակ, իսկ մենք ապիկար, անտրամաբանական մի-ջոցներով ենք փորձում դրա դէմն առնել»:

            Այս խօսքերը չեն ըսուած ներսի կամ դուրսի ընդդիմախօսի  կողմէ, այլ Հայաստանի բարձրաստիճան հոգեւոր առաջնորդի մը, որ լոյս կը սփռէ ստացած երկտողիս «ԱՀԱՒՈՐ ՎԻՃԱԿ Է: ՎԵՐՋԸ ՉԵՄ ՏԵՍՆԵՐ ԿՈՐ,  ՍԻՐԵԼԻ՛Ս…»ին վրայ:

            Միթէ՞ հայ ժողովուրդը, որ այնքան մեծ թիւով մտաւո-րականներ ունի,- խօսքս իրաւ մտաւորականներու մասին է, ոչ պա-տեհապաշտներու եւ ամէն կարգի աժանագին ամբոխավարներու, պո-պուլիստներու,-  կուրացած է, կորնցուցած է ազգային եւ մարդկային արժանապատուութիւն: Ինչո՞ւ անատակ դարձած ենք մեր ներուժը կարենալ օգտագործելու, կրկին ըսեմ, միշտ ներսի եւ դուրսի: Ինչպէ՞ս բացատրել, որ ազգի եւ հայրենիքի համար ճակատագրական այս օրե-րուն, Սփիւռքի գիտական ուժը, եւ այլ կարողականութիւնները, բացա-կայ են որոշումներու կայացումէն եւ անոնց գործադրութեան ընթաց-քէն (պրոցեսէն)…, անոր ձգելով թեր կամ դէմ խօսելու սին դերը, կամ ինչպէս յաճախ կ’ըսեմ, «Ամերիկայի հարուստ հօրեղբօր դերը»:

            Սփիւռքի կարողականութիւնները,- պոտենցեալը,- չեն օգտա-գործուիր ազգ եւ հայրենիք պաշտպանելու համար, այլ՝ նոյնինքն երկ-րին եւ պետութեան ուժերը չեն օգտագործուիր: Որոշում կայացնողնե-րու եւ եւ գործադրողներու շրջանակին մէջ չկան մտաւորականները, գիտնականները, տարբեր մարզերու տիրապետող ակադեմիկոսները: Ինչպէ՞ս բանակ եւ պատերազմ առաջնորդելու յաւականութիւն ունե-նալ առանց բանակ տեսած ըլլալու: Բանակ եւ պատերազմ հէքիաթ չեն, Քաջ Նազարի թատրոն չեն:

            Հայաստանի քաղաքացիները, անոնք որոնք իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն կը յառաջացնեն, լսա՞ծ են, կը լսե՞ն Սրբազան Աջա-պահեանի հոգիները, միտքերը եւ սէրերը մաքրազատելու, catharssis ընելու կոչը. «Իրապէս ամօթով եմ նայում Ադրբեջանի եւ Թուրքիայի միացեալ քաղաքականութեանը։ Ամաչում եմ, թէ միասին ինչ գրագէտ են գործում տասնամեակներ շարունակ, իսկ մենք ապիկար, անտրա-մաբանական միջոցներով ենք փորձում դրա դէմն առնել»:

            Ինչպէ՞ս չհասնիլ այն եզրակացութեան, որ պարտութիւններուն պատճառը մենք պէտք է փնտռենք մեր մէջ:

            Հայաստանի Ազգային Ժողովը, կառավարութիւնը, ընդդիմու-թիւնը, իրապէս կը լսե՞ն, լսեցի՞ն, Սրբազանի ամբաստանութիւնը, նաեւ այն՝ որ «Միջանցքը փակուել է 120.000-ին իր բնօրրանից դուրս մղելու համար, դժուա՞ր է սա հասկանալ»։ Ըստ Տէր Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի՝ այս ամէնն արուում է ՀՀ իշխանութեան թողտուութեամբ․ «Լրջագույն կասկած ունեմ, որ՝ համաձայնութեամբ։ Յետոյ երեւի կը բացայայտուի» (Ընդգծ.Յ.Պ.)…

Դեռ ի՞նչ պէտք է ըսուի, թմբիրէ արթննալու համար. իշխանու-թիւն, ընդդիմութիւն, եւ՝  «ուր հաց հոն կաց»ի սփիւռք եւ սփիւռքացող-ներ:

Պատմութիւնը կը վկայէ, որ փլուզման վտանգի առջեւ կանգ-նած ժողովուրդներ, օրհասական պահուն, իրենք իրենց մէջ գտած են ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ, յաայտնաբերած են նախախնամական առաջ-նորդը, վստահած են անոր, խմբուած են անոր շուրջ, առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններրու, ինչպէս ըրած է զօրավար տը Կոլ, դիմադրական շարժման ղեկավարութիւնը յանձնելով Ժան Մուլէնի: Իրաւ հայրենասէրներ եւ մեծեր միշտ գիտցած են համագործակցիլ նպատակի համար, իրենք զիրենք չեն համարած գերագոյն, անփոխա-րինելի, նախախնամական, այդ լուսապսակը կու տայ պատմութիւնը:

            Կը սպասուի ճշմարիտ առաջնորդը, որ իւրաքանչիւրին ներ-շնչէ ազգային իրաւ գիտակցութիւն, եւ անոր հունով հեռուի եւ մօտի հայերը բարձրացնէ յանձնառութեան, որ հայրենատիրութիւն է, ո՛չ աթոռ, ո՛չ ալ փառքի վաշխառութիւն:

            Ինչո՞ւ Աջապահեան սրբազանը չի հրաւիրուիր նաեւ Սփիւռք, բերելու համար կողմնապաշտական եւ իրարամերժական շատախօ-սութիւններէ տարբեր՝ վերականգնումի պատգամ եւ լոյս:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles