
Մայիսի վերջին կիրակի: Ժպիտ կար: Վերջ մեկուսացման: Եւ Մայրերու Օր: Էլպիս եւ Արմենակ սպիտակ վարդերով եկան:
Արմենակ ըսաւ, որ ճաշի հոգ չկայ: Իտալացիէն փիձձա ապսպրած է եւ քամած մածուն բերած՝ թանի համար:
Թզենիի շուքին սեղան դրինք, երկու մեծկակ փիձձա բերաւ երիտասարդ մը: Թանն ալ եկաւ սառոյցով ճոխացած սափորով:
Արմենակ երեքիս խօսեցաւ նախարարի պէս:
– Լսեցէ՛ք: Հրաժարած վարչապետը ընտրապայքար կը մղէ պետական միջոցներով: Հեռատեսիլի լրագրողները կը հետեւին, կը խօսին հրաժարեալի տեղափոխութիւններուն մասին, կրկին կը սփռեն անոր ամբոխահաճական ճառերը: Կարծէք ուրիշ թեկնածու չկայ, ընդդիմութիւն չկայ: Թեկնածու է, բայց կը շրջի ոստիկանական ինքնաշարժներու շարասիւնով: Եթէ նախկինները այսպէս վարուէին, պիտի գոռար, որ կոռուպցիա է:
Էլպիս յարեց.
– Այդ ըսած շարասիւնիդ ոստիկանները քաղաքացի չե՞ն, յանցաւոր են, մեղսակից են:
Մակարուհին աւելցուց.
– Արմենա՛կ, աշխարհ տեսած մարդ ես, կրնա՞ս բացատրել պաշտօնակատարի այն միտքը, որ ինք պարտուած է բայց պարտութեամբ՝ հպարտ: Ի հարկէ, հպարտառիթ պարտութեան համար, իրեն պէտք է վստահիլ երկրի ղեկը:
– Ոստիկանները, լաւ կը վարձատրուին, երկրին չեն ծառայեր: Մենատիրական երկիրներու մէջ կ’ըսեն՝ տիրոջ կը ծառայեն, կամազուրկ են:
Իմ կարգիս ըսի.
– Հրաժարողներ եղան: Անոնց դէմ քրէական հարց կը յարուցուի: Ոստիկան կամ քաղաքացի, միշտ կը խուսափին դատ-դատաստանէ:
– Այդ ալ քաղքենիացման հետեւանք է: Իսկ ինչ կը վերաբերի պարտութեամբ հպարտանալու հերոսութեան, ի՞նչ կրնամ ըսել: Բառարաններու մէջ սրբագրութիւն պէտք է ընել: Պարտութիւնը կը յուզէ, կ’ընկճէ, հոգեկան քանդում կը բերէ: Պաշտօնակատարը իր յեղափոխական բառարանագէտի ապագան կը պատրաստէ: Պարտութեան դիմաց պիտի գրէ՝ առիթ եւ պատճառ հպարտութեան,- ըսաւ Արմենակ:
– Գէշ գաղափար չէ, եթէ քիչ մըն ալ զբաղի պետական-քաղաքական առաջնորդներու արդիականացած-օտարացած-նեխած լեզուի հայացումով, Մատենադարանին առջեւ իր արձանն ալ կը դնեն,- ըսի:
– Մակա՛ր, լսէ վերջին լուրը: Հայաստանի առաջին նախագահի գրասենեակէն պատասխանած են հողատու պաշտօնակատարի բանավէճի հրաւէրին, որ ան «ազգակործան պատուհասի հետ խօսելիք չունի»: Իսկ երկրորդ նախագահէն նոյն հրաւէրին համար ըսած են, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, որը ազատագրել է հողեր, չպէտք է որեւէ իրավիճակում բանավիճի հողեր յանձնողի հետ»:
Մակարուհին միջամտեց.
-Կը խօսին: Բայց պարտութեամբ հպարտացող հրաժարեալ վարչապետը կ’ըսէ, որ իր ցանկը կը ստանայ ձայներու 60 տոկոսը:
– Եթէ այդ ըլլայ ընտրութեան արդիւնքը, պէտք է քննադատել մամուլը, որ ճիշդ լուրը չի հասցներ քաղաքացիին:
Էլպիս եզրակացուց.
– Մի՛ յոգնիք: Հայաստանցին դուխով կը քուէարկէ: Դուխը կը կրակէ «նախկիններու» դէմ: Եւ վերջ:
Այրած սրտերու դարման է սառնորակ թանը:
Մակարուհին լեցուց բաժակները:
Մակար ի Գաղիա, 2 Յունիս 2021