Սպիտակի Երկրաշարժի 32-ամեակ

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second

Դեկտեմբեր 7, 1988-ին  տեղի ունեցաւ աւերիչ երկրաշարժը, որ ընդգրկեց հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան շրջանները, անոր տարածքին մօտաւորապէս 40 առ հարիւրը: Հաշուած վայրկեաններու ընթացքին լրիւ կամ մասնակի աւերակ դարձան Սպիտակ, Լենինական, Կիրովական, Ստեփանաւան քաղաքները, Սպիտակի, Ախուրեանի, Գուգարքի, Արագածի, Կալինինոյի, Ստեփանաւանի շրջաններու հարիւրէն աւելի գիւղեր ու բնակավայրեր: Զոհուեցաւ 25 հազարէն աւելի մարդ, 500 հազարը մնաց անօթեւան: Շարքէն դուրս եկաւ բնակելի շէնքերուն 17%-ը, շուրջ` 8 միլիոն քառ. մեթր բնակելի տարածութիւն: Դադրեցան գործել 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, շուրջ 1200 անասնապահական շինութիւններ աւերուեցան: Հայաստանի տնտեսութեան հասցուած վնասը կազմեց 13 միլիառ ռուբլի:

Հանրապետութիւն եկան հարիւրաւոր փրկարարներ եւ բժիշկներ: Շուրջ 170 հազար մարդ դուրս բերուեցաւ աղէտի գօտիէն եւ հանգրուան գտաւ Խորհրդային Միութեան տարբեր հանրապետութիւններու մէջ: Հայաստանին համակողմանի օգնութիւն ցոյց տուին աշխարհի աւելի քան 113 երկիրներ եւ 7 միջազգային կազմակերպութիւններ:

Երկրաշարժի առաջին ժամերէն սփիւռքի հայութիւնը համախմբուեցաւ եւ բազմակողմանի օգնութիւն ցոյց տուաւ իր հայրենակիցներուն: Բազմաթիւ սփիւռքահայեր շտապեցին հայրենիք` իրենց հետ բերելով սննդամթերք, հագուստ, դեղորայք: Անոնցմէ շատեր` բժիշկներ, հոգեբաններ, շինարարներ, ճարտարապետներ, մնացին Հայաստան եւ անմիջականօրէն մասնակցեցան փրկարարական եւ վերականգնողական աշխատանքներուն:

Տարբեր պետութիւններ շարունակեցին օգնութիւնը Հայաստանին նաեւ հետագայ տարիներուն: Իտալացիները ամբողջ բնակելի թաղամաս մը կառուցեցին Սպիտակի մէջ, նորվեկիացիները` ժամանակակից հիւանդանոց, որ կը կրէ մեծ հայասէր Ֆ. Նանսենի անունը: Թաղամաս կառուցած են աւստրիացիները: Գիւմրիի մէջ շահագործման յանձնուեցան անգլիացիներու կառուցած դպրոցը, որուն բացման մասնակցեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Մարկրեթ Թաչըրը:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles