ՍՊԱՍԵԼՈՎ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻՆ՝ 21 ՅՈՒՆԻՍԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 18 Second

Մարք Յարութիւնեան

Փարիզ

Ամէնքս խենթ կը ծնինք: Ոմանք այդպէս կը մնան:

«Սպասելով Կոտոն», Սամուէլ Պէքէթ, թատերագիր, Ի դար

 

            Քանի մը օրէն, 20 Յունիսին Հայաստանի քաղաքացինեը պիտի քուէարկեն, ընտրելու համար Ազգային Ժողովը բաղկացնելու կոչուած կուսակցութիւններու ցանկերը:

            Ճշդում մը կարեւոր է. պիտի քուէարկեն Հայաստանի հայաստանաբնակ քաղաքացիները եւ պետական պաշտօնով արտասահման գտնուողները:

            Արդէն սփիւռքահայը քուէարկելու իրաւունք չունէր: Զրկուած է իր երազած-սիրած հայրենիքին մասին գործնապէս կարծիք յայտնելու իրաւունքէ:

            Հիմա արտասահման գտնուող արտագնայ աշխատանքի կամ այլ պատճառներով Հայաստանի քաղաքացին եւս իր ընտրելու իրաւունքէն պիտի զրկուի: Այլ առիթներով յիշեցուցած եմ, որ, օրինակ, երկրէն դուրս գտնուող ֆրանսացիները ոչ միայն կը քուէարկեն, այլ ունին իրենց պատգամաւորները երկրո Ազգային Ժողովին մէջ:

            Ըսենք՝ ազգի միութիւն սեւեռող քաղաքական հասունութեան հարց, եւ անցնինք:

            Խօսինք Հայաստանի թէժացած մթնոլորտի մասին:

            Նիկոլ Փաշինեանի ընտրաճառը 2018-ի աւելի սրուած թատրոնի կրկնութիւնն է, որ տեւական ընդդիմադրութիւն է, «օլիկարխ»-ներու եւ «էլիտա»-ի դէմ, նախանձ, ատելութիւն եւ կիրք հրահրելու անորակ ամբոխավարութիւն, զոր կը կոչենք ամբոխահաճութիւն, պոպուլիզմ, իշխանութիւն ձեռք բերելու կամ պահելու համար: Ֆրանսայի նախագահներէն մին, երբ ընդդիմադիր էր, կը գործածէր «մնայուն պետական յեղաշրջում» (Coup d’Etat permanent, François Mitterrand) տարազը:  Եթէ իշխանութիւն դարձած ընդդիմադիրը շարունակէ անցեալի կարգախօսներով հրապարակ գալ, այդ քաղաքական ղեկավարի ընթացք չէ, արդարանալի չէ այդ ընել: Ամբողջ երկիրը կը յայտնուի մէկը միւսին դէմ վիճակին մէջ:

            Փաշինեան երբ ժողովուրրդին կը դիմէ անոր վստահութիւնը ստանալու համար, պէտք է նախ իր երեք տարուան ղեկավարման հաշուետուութիւնը ընէ, խօսի ձեռք բերած դրական եւ բացասական արդիւնքներուն մասին: Կարծէք երեք տարի առաջուան տրիբունն է, որ կ’առաջնորդէ դժգոհութիւններու եւ ակնկալութիւններու ալիքին վրայ տատանող քաղաքացիներու զանգուածը:

            Փաշինեան ըսած էր, որ ոչինչ պիտի ընէ առանց ժողովուրդի հաւանութեան:

            Ե՞րբ եւ ո՞ր ժողովուրդի հաւանութեամբ միլիոններու պարգեւավճարներ բաժնեց իւրայիններուն: Միթէ՞ այս քաղաքավար եւ օրինականցուած ձեւը չէր քննադատուած-դատափետուած «թալանչիութեան»:

            Առանց ժողովուրդի հաւանութեան ոչինչ ընելու խոստում տուած Փաշինեան, այդ մոռցաւ, մոռցաւ նոյնիսկ իր համախոհներու մեծամասնութեամբ կազմուած Ազգային Ժողովը, մոռցաւ իր թիմակից նախարարները, առանձին գնաց անձնատուական (կապիտուալացիա) Եռակողմ Յայտարարութիւնը ստորագրելու: Չանհանգստացաւ երբ նախարարներ հրաժարեցան: Միթէ՞ այս վերաբերումը սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կարգի, գործակիցներու եւ տրուած խոստումի արհամարհանք չէր:

            Հայաստանի գիտակից քաղաքացին եւ սփիւռքի հայրենասէր եւ մտահոգ հայերը հարց պէտք է տան, թէ ինչպիսի Հայաստանի մը ղեկավարի պաշտօնին տիրացած էր Փաշինեան երեք տարի առաջ, եւ հիմա ինչպիսի Հայաստանով մը կը ներկայանայ ժողովուրդի դատին եւ վստահութեան: Հայը, ողջմտութեամբ բաղդատութիւն պէտք է ընէ. հազարաւոր զոհեր եւ հաշմանդամներ, Արցախի 75%ի կորուստ, անփառունակ պարտութիւն, նաեւ Հայաստանէն հողամասեր պոկելու ազրպէյճանական ցանկութիւններու դէմ անզօրութիւն, սահմաններու անպաշտպանութիւն, պառակտուած ժողովուրդ եւ արտագաղթ:

            Այս բոլորը անտեսելով, Փաշինեան ելքի դուռ կը փնտռէ իր թաւշեայ հռետորաբանութիւնը փոխարինլով պողպատեայ յեղափոխութեամբ, այսինքն՝ քաղաքացիական պատերազմի յաղթանակով փոխարինելու թշնամիին դէմ պարտութիւնը:

            Դեռ երէկ էր, որ զինուորական ծառայութենէ փախուստ տուած Փաշինեան բարձրագոչ կը յայտարարէր, որ ինք է Գերագոյն Հրամանատարը, բանակի եւ անոր զօրավարներուն պետը, հիմա պարտութեան առթած գորշութեան մէջ կը ձգտի հեղինակազրկել իրաւ հրամանատարները, յարուցանելով այլեւս սովորական դարձած եւ ամէն տեղ կրկնուող քրէական գործեր: Բայց ինչո՞ւ քրէական գործ չի յարուցաներ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԻՆ ԴԷՄ, որ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ Է: Թէեւ այս սկզբունք է, եւ տեղ չունի թաւիշի եւ պողպատի տրամաբանութեան մէջ: Պարզ չէ՞, որ բանակի պարտութիւնը կ’անձնաւորէ ոչ թէ շարքային զինուորը, այլ՝ հրամանատարը, ան որ կը հրամայէ, ան որ անձնատուր կ’ըլլայ, եւ ո՛չ խրամատի մէջ նստած հրաման գործադրողը:

            Այս մթնոլորտին մէջ կը զարմանամ, որ աղէտի մատնուած երկրին մէջ, նաե՛ւ՝ դուրսը, դեռ մարդիկ կան որոնք կացութեան ծանրութեան չեն անդրադառնար եւ կը լսեն ժամանակավրէպ դարձած քինախնդրութեան հռետորաբանութիւնը: Կը խորհիմ, որ հայ մտաւորականութիւնը, գրողներ, ակադեմիկոսներ, տնտեսագէտներ, արուեստագէտներ եւ միւսները, բաւարար չափով չեն առաջնորդեր լուսաբանական աշխատանքը:

            Կը զարմանամ նաեւ, որ ոչ Նախագահը, ոչ Ընտրական Կեդրոնական Մարմինը, ոչ դատարանները, հրապարակ չեն գար իշխանութեան չարաշահման հարցերով: Այսպէս, բոլոր թեկնածուներուն հաւասար իրաւունք եւ պարտաւորութիւն ունեցող թեկնածու Փաշինեանը, երբ վարչապետի պաշտօնակատարի հանգամանաքով չի տեղափոխուիր, այլ ՝ որպէս սոսկ քաղաքացի ընտրապայքարի համար, ինչո՞ւ կ’օգտագործուին պետական միջոցները, ոստիկանական ինքնաշարժներու շարասիւնը, ոստիկանական ջոկատները, մարզպետները, համայնքապետները, դպրոցներու տնօրէնները, պետական հիմնարկներու պատասխանատուները քաղաքացիներուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար:

            Նաեւ ճիշդ պէտք է ըմբռնել իրաւունք եւ պարտաւորութիւն: Ժամանակաւոր կառավարութիւն եւ վարչապետ լիիրաւ իրաւունքներ չունին, այս սկզբունք է, հիմնական որոշումներ կայացնելու եւ յանձնառութիւններ ընդունելու: Իրենք պարտաւոր են ընթացիկ հարցերուն լուծումներով զբաղելու, այդքա՛ն, ինչպէս Ֆրանսայի եւ այլ ժողովրդավարական երկրի մէջ կ’ըսեն՝ s’occupent d’expédier les affaires courantes, սպասելով ընտրութեան արդիւնքը եւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

            Հայաստանի մէջ ստեղծուած մթնոլորտի մասին երբ կը տեղեկանամ, երբ անոր մասին կը մտածեմ, ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ ժողովուրդը, անմիջականի եւ անոր առթած յուզումները եւ կիրքերը յաղթահարելով, չ’առաջնորդուիր ազգի եւ հայրենիքի լինելութեան եւ ապագայի հարցերով, դիմակայելու համար տեսանելի վտանգները եւ սպառնալիքները: Միթէ՞ այնքան ընկճուած ենք, կորսնցուցած ենք մեր իրատեսութիւնը, որ չենք անդրադառնար, թէ պատին զարնուած ենք եւ այս ընթացքով պիտի շարունակենք պատին զարնուիլ: Պատ՝ որ անպայման թշնամին չէ, այլ մենք ենք:

            Տեսակաւոր հռետորաբանութիւնները անպայման չեն վկայեր իմաստութեան եւ իրատեսութեան մասին: Դիրքապաշտութիւնը, ներսը եւ դուրսը, միշտ կրծած է մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ուժը:

            Շաբաթ մը ետք ականատես պիտի ըլլա՞նք ազգային զարթնող իմաստութեամբ ազգային-քաղաքական արդիւնքի մը, թէ…

            Մղձաւանջ եւ յուզում մեղմելու եւ յաղթահարելու բալասան են արուեստը եւ գրականութիւնը: Սամուէլ Պէքէթ, Ի դարու մեծ թատերագիրը, իր «Սպասելով Կոտոն» երկին մէջ կ’ըսէ. « Ամէնքս խենթ կը ծնինք: Ոմանք այդպէս կը մնան»:

            Վեց օր ետք, ընտրութիւն կատարելէ առաջ՝ մենք մեզ դիտենք Սամուէլ Պէքէթի մեր առջեւ դրած հայելիին մէջ: Այդ ճիգը բարիք կ’ըլլայ ազգին եւ հայրենիքին: Ի՞նչ ծնած ենք եւ ի՞նչ ենք:

            Եօթը օր ետք Պէքէթի հայելին պիտի ըսէ, թէ ո՞վ ենք եւ ի՞նչ ենք

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles