
Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ “Օգնի՛ր եղբօրդ“ նախաձեռնութեան մարդասիրական օգնութիւնը արդէն իսկ սկսած է կը բաժնուի բոլոր կարիքաւորներուն: Ան յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց մարդասիրական օգնութեան բաշխման սկզբունքներուն եւ արդէն իսկ սկսած նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
Ռէյիսեան յայտնեց թէ, միջ-միութենական, միջ-համայնքային շտապօգնութեան մարմնի կամաւորները օդակայան ժամանած էին, որպէսզի օժանդակութիւնը փոխադրեն քաղաք, որմէ ետք, բնականաբար, սկսած էր բաշխման աշխատանքը: Ըստ անոր, տակաւին կանուխ է խօսելու այն մասին, որ հասած օժանդակութիւնը բաւարա՞ր է, թէ՞ ոչ, որովհետեւ շտապօգնութեան մարմինի տղաները բաշխման հոլովոյթը տակաւին չեն սկսած, բեռը պիտի փոխադրուի քաղաք, եւ անոնք պիտի հասկնան` ինչպէս բաշխել:
“Այն մարդոց, որոնք կարիքաւոր են, օժանդակութեան պէտք ունին` ըլլան հայ եւ, ինչու չէ, եթէ կան ծանր կարիքի մէջ գտնուող սուրիացիներ, անպայման օգնութիւն պիտի ցուցաբերուի: Շտապ օգնութեան մարմինի տղաները օգտակար պիտի ըլլան բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք նեղ վիճակի մէջ կը գտնուին: Վստահաբար, օգնութիւնը պիտի բաշխուի բոլոր սուրիահայերուն: Դեռ թող տղաքը եկած օժանդակութիւնը ամբողջութեամբ ապահով փոխադրեն քաղաք, որմէ ետք պարզ պիտի դառնայ“, մանրամասնեց Ժիրայր Ռէյիսեան:
Երբ, օդակայանէն ժամանած բեռնակառքը հասաւ “Արամ Մանուկեան“ ժողովրդային տան մօտ, դիմաւորումի եւ շնորհակալութեան եկած էին Հալէպի նահանգապետ Մոհամետ Ուահիտ Աքատ, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գէորգեան, մեծ թիւով պատկերասփիւռի նկարողներ եւ լրագրողներ:
Հալէպի քաղաքապետ Մուհամմատ Ուահիտ Աքատ յայտարեց, թէ այս օգնութիւնը կ’ապացուցէ երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու առկայութեան մասին: Քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին` Սուրիոյ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերած մարդասիրական օգնութեան համար:
Հալէպի մէջ “Կարմիր Մահիկ“ կազմակերպութեան տնօրէն Հայիլ Աասի նշեց, որ Հայաստանի դեսպանատան եւ ազգային առաջնորդարանի հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք առանձնացուած են բոլոր այն սուրիացի ընտանիքները, որոնց պիտի յատկացուին այս օժանդակութիւնները: Օգնութիւն պիտի ստանան բախումներուն հետեւանքով առաւելապէս տուժած ընտանիքները:
“Գլխաւոր հիւպատոսը լրագրողներուն յայտնեց, որ այս օժանդակութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներէն խորհրդանշական քայլ մըն է, որ ունի իր բարոյական մեծ արժէքը եւ իմաստը, անկախ իր նիւթական արժէքէն, որովհետեւ երբ հայ ժողովուրդը տարիներ առաջ ծանր պայմաններու մէջ էր, սուրիացի արաբ ժողովուրդը օգնութեան ձեռք երկարեց, իսկ այսօր, երբ սուրիացի ժողովուրդը կը տագնապի, հայ ժողովուրդը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ չի կրնար ձեռնածալ մնալ, եւ նուազագոյն այս օգնութեամբ ձեռք չերկարել արաբ եղբայրներուն եւ իր ազգակիցներուն“, ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան:
Միւս կողմէ “Օգնի՛ր եղբօրդ“ նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ այս պահուն եւս աշխատիլ եւ արդէն կը նախապատրաստէ Սուրիոյ հայերուն ուղարկուելիք մարդասիրական օգնութեան երկրորդ խմբաքանակը:
Նախաձեռնութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան յայտնեց.- “Եթէ յառաջիկային իրավիճակը չհանդարտի եւ չլուծուի, պէտք է շարունակենք օգնութիւն ցուցաբերել մեր համայնքին, որուն կարիքը այսօր անոնք շատ ունին“: Ան տեղեկացուց, որ հայրենակիցներ կը շարունակեն արձագանգել, եւ արդէն օգնութեան առաջարկներ կան Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանէն, “ՀայՌուսգազարդ“ ընկերութենէն, “Սիվիլիթաս“ հիմնադրամէն եւ այլ անհատներէ ու կազմակերպութիւններէ: