Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆԵՐՍ` ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ՀԱՒԱՔ

0 0
Read Time:3 Minute, 38 Second

Nerses-PvdԱ.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով, շրջանէն ներս կը գտնուի Սուրիոյ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ Սուրիահայ Շտապ Օգնութեան Մարմնի անդամ՝ Ներսէս Սարգիսեան, որ զանազան գաղթօճախներ այցելեց եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկայ իրավիճակին մասին:
Սարգիսեան, այցելեց զանազան գաղթօճախներ, որոնց կարգին Նիւ Եորք, Պոսթըն, Փրովիտենս, Ուաշինկթըն, Տիթրոյթ, Շիքակօ եւ Ռէյսին: Սարգիսեան նշեց թէ Սուրիահայութիւնը խորհրդանիշն է հայութեան եւ հայկականութեան, եւ շնորհիւ իր կամքին չթուլացաւ եւ ցայսօր կը շարունակէ իր գաղութային ազգային եւ քաղաքացիական պարտաւորութիւնները՝ ազգային, միութենական, դպրոցական, եկեղեցական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներէ ներս։
Ներսէս Սարգիսեան պիտի շարունակէ իր այցելութիւնները եւ Սուրիահայութեան մասին զեկուցումներ փոխանցէ նաեւ Նիւ Ճըրզիի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ: Նաեւ, ան քանի մը օրով պիտի այցելէ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Շրջան եւ այցելէ Գալիֆորնիոյ գաղութին:

ՊՈՍԹԸՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10-ին Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրիահայութեան մասին հաւաք-զրոյց մը, ներկայայութեամբ, Հալէպէն ժամանած Սուրիոյ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Սուրահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմնի անդամ Ներսէս Սարգիսեանի:
Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը, տեղւոյն Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» Կոմիտէութեան եւ շրջանի Հ.Ե.Դ.-ին եւ Հ.Օ.Մ.-ի մասնաճիւղերուն:
Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» Կոմիտէութեան ներկայցուցիչ Յովհաննէս Ճանէսեան կատարեց ձեռնարկին բացումը, բեմ հրաւիրելով բանախօսը, որ ներկայացուց ներկայ իրավիճակը:
Յատկապէս ան անդրադարձաւ ապահովական դաժամ պայմաններուն մասին, որուն պատճառով, բազմաթիւ հայորդիներ ստիպուած են հեռանալ իրենց բնակարաններէն: Ան նշեց թէ գոյութիւն ունի ներքին տեղափոխութիւն, այսիքն բազմաթիւ հայորդիներ վտանգաւոր շրջաններ ձգելով, ապաստանած են ապահով շրջաններ, որոնց կարգին յատկաէս Լաթաքիա: Իսկ արտագաղթի գծով, շատեր մեկնած են եւ դեռ ալ կը մեկնին Գանատա եւ եւրոպական երկիրներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ դրամահաւաք եւ հիւրասիրութիւն:
ՓՐՈՎԻՏԵՆՍ

?
?

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11-ին, կազմակերպութեամբ Րոտ Այլընտի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան, տեղի ունեցաւ Սուրիահայութեան նուիրուած ձեռնարկը:
Ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնոյեան բեմ հրաւիրեց Ներսէս Սարգիսեանը, որ իր զեկուցումով տպաւորեց ներկաները: Ան յայտնեց թէ բազմաթիւ հայորդիներ որոնք նախապէս տնտեսապէս լաւ վիճակի մէջ էին, այժմ անգործ են: Սարգիսեան աւելցուց թէ հիմնարկներ, գործարաններ, գործատեղիներ որոնք սահմանամերձ շրջաննեու մէջ կը գտնուին, փուլ եկած են եւ թէ հայորդիներ իրենց արհեստին վերաբերող գործեր կը փորձեն կատարել, աւելի ապահով շրջաններէ ներս: Նաեւ, ան անդրադարձաւ գաղթի մասին, որուն արդիւնք ազդուած է գաղութն ու իր կարողականութիւնը:
Ցուցադրուեցաւ նաեւ ներկայ իրավիճակը ներկայացնող տեսաներիզը: Ապա կատարուեցաւ հաչց-պատասխան, դրամահաւաք եւ հիւրասիրութիւն:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

Հոծ բազմութիւն Ուաշինկթընի մէջ... Ներսէս Սարգիսեան խօսք կ՛առնէ Շիքակոյի մէջ
Հոծ բազմութիւն Ուաշինկթընի մէջ… Ներսէս Սարգիսեան խօսք կ՛առնէ Շիքակոյի մէջ

Տօնական օրերու սեմին, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12-ին, շրջանի գաղութը ժամանած էր Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ «Արապեան» սրահը, ներկայ գտնուելու համար Ներսէս Սարգիսեանի դասախօսութեան: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր տեղւոյն Հ.Յ.Դ. «Սեպուհ» Կոմիտէութեան կողմէ, տեղւոյն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հետ:
Բացման խօսքը կատարեց Հ.Յ.Դ. «Սեպուհ» Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Արամ Սարաֆեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը:
Ներսէս Սարրգիսեան յայտնեց թէ, գրեթէ հինգ տաիր թաւալած է երկրէն ներս տիրող դաժան իրավիճակէն եւ արդէն իսկ գաղութին կէսը հեռացած է երկրէն: Ան փոխանցեց թէ գաղթողներուն մէկ մասը մեկնած է հեռու երկիրներ, իսկ այլ մաս մըն ալ կը գտնուի Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Սարգիսեան յայտնեց թէ, հակառակ այս կացութեան, ամէն գնով ճիգ կը թափուի, որպէսզի ազգային, կրթական եւ ամենէն աւելի դժուարը՝ տնտեսական կեանքը շարունակուի: Այս գծով բոլոր կուսակցութիւններն ու միութիւնները, միասնաբար կը գործեն, օժանդակութիւն հասցնելու համար:
Ցուցադրուեցաւ տեսաներիզ մը, որ ամենայն հարազատութեամբ կը ներկայացնէր կեանքը ինչպէս որ էր, յատկապէս ամենէն աւելի ազդուած՝ Հալէպի մէջ:
Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Ուաշինկթընի մօտ Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:
Սարգսեան շեշտեց թէ Հալէպի Հ.Հ. հիւպատոսարանն ու Դաամսակոսի դեսպանատունը միշտ ալ կը փորձեն օժանդակել եւ նեցուկ կանգնիլ Սուրիահայութեան: Իսկ Ռոպերթ Աւետիսեան բաղդատական մը կատարեց Սուրիահայութեան դիմագրաւած կացութեան եւ Ատրպէյճանին բռնի ուժով տեղահանուած հայորդիներու միջեւ:
Ձեռնարկի աւարտին, կատարուեցաւ հարց-պատասխան եւ դրամահաւաք:

ՇԻՔԱԿՕ ԵՒ ՌԷՅՍԻՆ

Կիրակի, Դեկտեմբեր 13-ին, Կլենվիուի (Իլինոյ) «Շահնազարեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին մասին ձեռնարկը, ներկայութեամբ Սուրիոյ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Սուրահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմնի անդամ Ներսէս Սարգիսեանի հետ:
Ձեռնարկը կազմակերպած էին Շիքակոյի «Քրիստափոր» եւ Ռէյսինի «Մարզպետ» կոմիտէութիւնները, գործակցաբար տեղւոյն Երիտասարդական Միութիւններուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Օ.Մ.ի մասնաճիւղերուն հետ:
Հաւաքին բացումը կատարեց, շրջանի «Քրիստափոր» Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Խաժակ Առաքելեան, որ յայտնեց թէ հակառակ ներկայ կացութեան, Սուրիահայութիւնը շարունակ կը փորձէ կառչած մնալ իր արմատներուն: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ներսէս Սարգիսեանը, որ մանրամասնօրէն ներկայացուցիչ Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը եւ Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Ապա, աւարտին խօսք առաւ Գեր. Հայր Ղեւոնդ Պենտեզեան, որ շեշտեց թէ հայորդին միշտ ալ պայքարած է դժուարութիւններու դէմ, եւ շնորհիւ իր կամքին, միշտ ալ կրցած է յաղթական դուրս գալ: Ապա ան հրաւիրեց ներկաները, իրենց նիւթական օժանդակութիւնը բերելու:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles