
Սուրբ Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 31րդ դպրոցական տարեշրջանը: Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 18ին, իսկ Նախակրթարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 19ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն:
Երկու հանդէսներուն, տնօրէնուհին՝ տիկին Հուրի Պոյամեանը ծանրացաւ դպրոցի յաջողութիւններուն եւ
իրագործումներուն վրայ, մատնանշելով…
– Թուաբանութեան Միջազգային Մրցումը (Math Kangaroo), որուն մէջ գլխաւորաբար երկու աշակերտներ գերազանց արդիւնքներ բերին նահանգային եւ ազգային մակարդակի վրայ։
– Բ. եւ Դ. կարգերու յաջաղութիւնը պաշտօնական քննութիւններու մէջ, որուն մէջ Սբ. Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանի աշակերտներու բերած արդիւնքները Անգլերէն Լեզուի եւ Թուաբանութեան մէջ կը դասուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած արդիւնքներու ամէնէն բարձր քսան առ հարիւրին կարգին։
Տնօրէնուհին ապա յիշեց դպրոցի կազմակերպած
– Տարեկան Գիտութեան Շաբաթը
– Մեծ Եղեռնի Հարիւրամեակի նուիրուած Շաբաթը
– Աւարտական Կարգի 12րդ Տարեկան Հայաստան Այցելութիւնը
– Եւ մանաւանդ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Դպրոց այցելութիւնը
Տիկ. Պոյամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուսուցչական Կազմին, Գրասենեակի Անձնակազմին, Ծնողական Յանձնախումբին, Դպրոցի Խնամակալութեան եւ Յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կը նպաստեն դպրոցի վերելքին։
Յունիս 18ին, Տիկին Պոյամեանը պատուեց դպրոցի արծաթեայ զարդասեղով երկու Մանկամսուրի մանկավարժներ, Տիկ. Տիրուհի Պազարպաշեանը եւ Տիկ. Վիլմա Չիմէնեանը իրենց 10 տարուայ նուիրական ծառայութեան համար։
Երկու հանդէսներու յայտագիրները նուիրուած էին Մեծ Եղեռնի Հարիւրամեակին։ Ըլլայ փոքրերը ըլլայ մեծերը հանդէսի թեման ներկայացուցին, արտասանութեամբ պարով եւ երգով։ Նախակրթարանի Հանդէսի, նիւթը համադրուած է հմուտօրէն հայերէնի դասատու՝ տիկին Արտեմիս Մկրտիչեանի կողմէ: Երկու հանդէսներուն իր փակման խօսքին մէջ, Տէր Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանը իր գնահատանքի խօսքը ըսաւ Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական Կազմին իրենց տարած աշխատանքին եւ նուիրումին համար:
Մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղան.- Գաբրիէլ Ալճալեան, Մանէ Արզումեան, Արմէն Պարսումեան, Մատլին Չինար, Սօնա Ֆիչիչեան, Կարօ Կէպէյեան, Սօնա Յարութիւնեան, Սօֆիա Գարամուսայեան, Կաբրիէլ Գույումճեան, Ուիլիամ Մանկիկեան, Փաթիլ Մարտիրոս, Սարինա Մարճիոս, Ավա Սողոմոնեան։
Նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղան.- Անի Պելորեան, Նարեկ Մինասեան, Նարինէ Մահսերէճեան, Նէյթըն Գէֆէյէան, Ռոզ Թինքճեան եւ Դալար Փանոսեան։
Նախակրթարանի վկայականներու բաշխումէն յետոյ տնօրէնը բաժնեց 2014-2015 Տարեշրջանի Մրցանակները.-
1.- ՀԱՅԵՐԷՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ
ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ
– Ազգային Առաջնորդարանի Մրցանակը ստացան՝ Դալար Փանոսեան, Նարեկ Մինասեան, Ռոզ Թինքճեան, Նէյթըն Գէֆէյէան, Անի Պելորեան եւ Նարինէ Մահսերէճեան
– Հայ Օգնութեան Միութեան Մրցանակը ստացաւ՝ Էնտրու Սարգիսեան
2.- ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐԸ
ՍՏԱՑԱՆ
– Ուսման մէջ Գերազանցութեան՝ Նարեկ Մինասեան եւ Ռոզ Թինքճեան
– Ուսման մէջ Յառաջդիմութեան՝ Անի Պելորեան եւ Նէյթըն Գէֆէյէան
3.- ՎԱՐՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿ
– Ռոզ Թինքճեան
4.- Հ.Օ.Մ.Ի ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ
Դ. Դասարան
– Առաջին Մրցանակ՝ Սեւանա Ստեփանեան
– Երկրորդ Մրցանակ՝ Քրիս Աշճեան
– Երրորդ Մրցանակ՝ Ալիք Ստեփանեան
– Առաջին Մրցանակ (Անգլերէն)՝ Թալին Անթոն
Ե. Դասարան
– Առաջին Մրցանակ՝ Նարինէ Մահսերէճեան եւ Նէյթըն Գէֆէյէան
– Երկրորդ Մրցանակ՝ Ռոզ Թինքճեան եւ Անի Պելորեան
– Երրորդ Մրցանակ՝ Դալար Փանոսեան եւ Նարեկ Մինասեան
5.- ՆՇԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԼՈՅՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ՝
ՄՐՑԱՆԱԿ
– Արուեստի մէջ՝ Վանա Գարակէօզեան
– Երաժշտութեան մէջ՝ Քրիս Աշճեան
(իւրաքանչիւրը ստացաւ 200 տոլարի կրթաթոշակ)
6.- ԱՆԱՀԻՏ ԳԱԶԱԶԵԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿԸ՝
ՍՏԱՑԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԷՋ
ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
– Ալիք Ստեփանեան եւ Կրէկորի Թինքճեան
(իւրաքանչիւրը ստացաւ 100 տոլարի կրթաթոշակ)։