ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ՀԱՅ ԳԱ­ՂՈՒ­ԹԻՆ ՀԱ­ՄԱՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 45 Second

 Սի­րե­լի Հայ­րե­նա­կից­ներ,

Բո­լորս ալ ար­դէն իսկ տեղ­եակ ենք, որ տարիէ մը աւե­լի, Սուր­ի­ան պա­տե­րազ­մա­կան նեղ պայ­ման­նե­րէ կ՛անց­նի: Այդ եր­կի­րը, ուր միշտ Քրիս­տոն­եա­նե­րը, եւ ի մաս­նա­ւո­րի հա­յե­րը, եր­կար տա­րի­նե­րու խա­ղա­ղու­թիւն կը վա­յե­լէ­ին, ահա դժբախ­տա­բար` զոհ կը դառ­նայ քա­ղա­քա­կան եւ պա­տե­րազ­մա­կան աղի­տա­լի պայ­ման­նե­րու:

Արդ, տրուած ըլ­լա­լով որ Սուր­իոյ մէջ գտնուող մեր հայ քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը, ան­կա­խա­բար թէ ինչ  հա­մայն­քի կամ կու­սակ­ցու­թեան կը պատ­կա­նին անոնք, դժուա­րա­գոյն պայ­ման­նե­րէ կ՛անց­նին սոյն պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռաւ, որ­պէս ան­դամ Սուր­ի­ա­հա­յե­րու Օգ­նու­թեան ֆոն­տի կեդ­րո­նա­կան յանձ­նա­խում­բին, կը մի­ա­նամ սոյն յանձ­նա­խում­բին միւս ան­դամ եւ ան­դա­մու­հի­նե­րուն, կոչ ուղ­ղե­լով մե­զի բո­լո­րիս ալ, որ առատ նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րով հաս­նինք մեր Սուր­ի­ա­հայ տա­ռա­պող քոյ­րե­րուն ու եղ­բայր­նե­րուն:

Մեր ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւնն է, սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ, հաս­նիլ մեր կա­րօտ­եալ ազ­գա­կից­նե­րուն իրենց այս նեղ պայ­ման­նե­րուն մէջ, եւ վստահ ըլ­լանք, որ Տէ­րը պի­տի տես­նէ ու պի­տի հա­տու­ցա­նէ մե­զի մեր քրիս­տո­նէ­ա­կան այս վսեմ արար­քին հա­մար:

 

Հ. Թով­մաս Վրդ. Կա­րա­պետ­եան

Ս. Ան­նա Հայ Կա­թո­ղի­կէ Եկե­ղեց­ւոյ Ժո­ղովր­դա­պետ,

Նիւ Եորք

Ան­դամ Սուր­ի­ա­հա­յե­րու Օգ­նու­թեան ֆոն­տին

Կեդ­րո­նա­կան Յանձ­նա­խում­բին

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles