ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ԿԱՆ ՏԱԳ­ՆԱ­ՊԻՆ “ԳՈՐԴ­ԵԱՆ ՀԱՆ­ԳՈՅՑ“-Ը

0 0
Read Time:9 Minute, 42 Second

syriadestruction  ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷՐ­ԵԱՆ

 

Մինչ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի ան­մեղ զո­հե­րուն թիւը ար­դէն կտրած-ան­ցած է 90 հա­զա­րը, քա­ղա­քա­կան հո­րի­զո­նին վրայ ոչ միայն դեռ չեն երե­ւիր դրա­կան լու­ծու­մի մը յոյ­սի նշոյլ­նե­րը, այ­լեւ ընդ­հա­կա­ռակն` մութ ամ­պե­րը աւելի­ով կու­տակ­ուած են ու հա­մա­տա­րած անձ­կու­թեան մատ­նած են ե՛ւ նոյ­նինքն Սուր­իոյ բնա­կիչ­նե­րը, ե՛ւ ընդ­հան­րա­պէս ամ­բողջ Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քը:

Հո­րի­զո­նը մթագ­նող վեր­ջին նո­րու­թիւնը եկաւ Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն: Նա­խա­գահ Օպա­մա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւնը քիմ­ի­ա­կան զէն­քե­րու գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար նա­խա­գահ Ասա­տի վար­չա­կար­գը “ստու­գա­պէս“ մե­ղադ­րե­լով` յայ­տա­րա­րեց, թէ որո­շած է հա­կա­դար­ձել ու զէնք հայ­թայ­թել Սուր­իոյ ընդ­դի­մադ­րու­թեան:

Աւե­լի՛ն. ամե­րիկ­եան կա­ռա­վա­րու­թիւնը նոյ­նիսկ առա­ջադ­րեց Սուր­իոյ օդա­յին տա­րած­քը մի­ջազ­գա­յին հա­կակշ­ռի տակ առ­նել եւ թոյլ չտալ նա­խա­գահ Ասա­տի օդու­ժին, որ “ազա­տօ­րէն“ հար­ուա­ծէ երկ­րի տա­րած­քին ապս­տամբ­նե­րուն գրա­ւած դիր­քե­րը:

Բայց Ռուս­իա ընդ­դի­մա­ցաւ ամե­րիկ­եան առա­ջար­կին եւ մեր­ժեց մի­ջազ­գա­յին օրի­նա­կա­նու­թիւն շնոր­հել Ուա­շինկ­թը­նի այդ քայ­լին:

Ու­շագ­րաւ է, որ Սուր­իոյ ընդ­դի­մադ­րու­թիւնը զի­նե­լու նա­խա­գահ Օպա­մա­յի որո­շու­մին դէմ կա­տար­ուած ամէ­նէն սուր քննա­դա­տու­թիւնը եկաւ նոյ­նինքն Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ներ­սէն, այ­լեւ` սուր­ի­ա­կան ընդ­դի­մադ­րու­թեան ամէ­նէն հե­տե­ւո­ղա­կան պաշտ­պան­նե­րէն:

Սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի սկիզ­բէն իսկ “Ազատ բա­նակ“-ին անհ­րա­ժեշտ զէն­քե­րը հայ­թայ­թե­լու պա­հան­ջին կողմ­նա­կից ամե­րիկ­եան քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը, ինչ­պէս, օրի­նակ, “Ոտ­քի կանգ­նէ Ամե­րի­կա“ շար­ժու­մին ղե­կա­վա­րը` զօր. Վալ­լե­լի, այս օրե­րուն ահա­զանգ կը հնչեց­նեն, որ Օպա­մա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւնը յստա­կօ­րէն չի ճշդեր, թէ սուր­ի­ա­կան ընդ­դի­մադ­րու­թեան ո՞ր թե­ւին զէնք հայ­թայ­թե­լու մա­սին է խօս­քը:

Ամե­րիկ­եան “Նիւզ­մաքս“-ին տրուած հար­ցազ­րոյ­ցի մը մէջ, Յու­նիս 18-ին, Վալ­լե­լի կ՛ազ­դա­րա­րէ. “Եթէ Իս­լամ եղ­բայր­նե­րուն ի նպաստ հեր­թա­կան քայլ մը նե­տե­լու մա­սին կը մտա­ծէ նա­խա­գահ Օպա­ման` փո­խա­նակ “Ազատ բա­նակ“-ի աշ­խար­հիկ ղե­կա­վա­րու­թեան թի­կունք կանգ­նե­լու, ապա ամե­րի­կա­ցին իրա­ւունք ու­նի մտա­հոգ­ուե­լու, որ իր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը կրկնեն կրօ­նա­մոլ ու­ժե­րուն սա­տա­րե­լու քա­ղա­քա­կան սխալ­նե­րը, որոնք բա­ցա­յայտ դար­ձան Եգիպ­տո­սի եւ Թուրք­իոյ նկատ­մամբ ամե­րիկ­եան կա­ռա­վա­րու­թեան որ­դեգ­րած զօ­րակ­ցու­թեան վար­քագ­ծով“:

Յատ­կա­պէս Թուրք­իոյ սպառ­նա­ցող կրօ­նա­կան մե­նա­տի­րու­թեան վտան­գին դէմ ահա­զանգ հնչեց­նող­նե­րը բազ­մա­ցած են Մ. Նա­հանգ­նե­րու ներ­սը եւ ար­դէն քա­ղա­քա­կան լուրջ կշիռ կը ներ­կա­յաց­նեն անոնք, որոնք Սուր­իոյ իշ­խող վար­չա­կար­գին կտրա­կա­նօ­րէն դէմ ըլ­լա­լով հան­դերձ, վար­չա­պետ Էր­տո­ղա­նի մէջ կը տես­նեն Իս­լամ եղ­բայ­րու­թեան գլխա­ւոր դրօ­շա­կի­րը, որ մե­ծա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ մրցա­պայ­քա­րի պղտոր ջու­րե­րուն մէջ կը փոր­ձէ օս­մա­նա­կան եր­բեմ­նի տի­րա­կա­լու­թիւնը վե­րա­հաս­տա­տե­լու “ձուկ“-ը որ­սալ…

Ան­կաս­կած որ իրա­պէս պղտոր են մե­ծա­պե­տա­կան մրցա­պայ­քա­րի ջու­րե­րը եւ միայն ժա­մա­նա­կը կրնայ պարզ ու մէկին յստա­կա­ցում մտցնել տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին “պա­տե­րազմ“-ի այ­սօ­րի­նակ “գորդ­եան հան­գոյց“-ին մէջ:

Մի­ա­ժա­մա­նակ որոշ է, որ տե­ղա­կան եւ շրջա­նա­յին բո­լոր շա­հագր­գիռ կող­մե­րը լծուած են իրենց դիր­քե­րու ամ­րապնդ­ման եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու բազ­մա­պատ­կու­մին, որ­պէս­զի ոտ­քի կո­խան չեր­թան մե­ծե­րու խա­ղին:

Իսկ ի՞նչ կ՛ը­նէ հա­յու­թիւնը:

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ իր գիտ­ցած ձե­ւով եւ առ­կայ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով օգ­նու­թեան հաս­նիլ Սուր­իոյ հա­յու­թեան: Յատ­կա­պէս հայ­րե­նիք ապաս­տա­նած սուր­ի­ա­հա­յե­րը ուս­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով եւ գոր­ծա­րա­րա­կան դիւ­րու­թիւն­նե­րով ապա­հո­վե­լու կող­քին, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վեր­ջերս ձեռ­նար­կած են նա­եւ Հա­յաս­տան հաս­տատ­ուած սուր­ի­ա­հա­յե­րուն հա­մար կեն­ցա­ղա­յին յար­մա­րու­թիւն­ներ ըն­ձե­ռե­լու, օրի­նակ` բնա­կա­րա­նա­յին յա­տուկ շէն­քեր կա­ռու­ցե­լու աշ­խա­տան­քին:

Իր կար­գին, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը, իբ­րեւ սփիւռ­քի հա­յու­թեան հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին գլխա­ւոր հե­ղի­նա­կու­թիւնը, նա­եւ` ազ­գըն­տիր իշ­խա­նու­թիւնը, Արամ Ա. Վե­հա­փա­ռի նա­խա­ձեռ­նած հա­մաս­փիւռք­եան նուի­րա­հա­ւա­քի եւ զօ­րակ­ցու­թեան հի­ման վրայ, կը շա­րու­նա­կէ ամէն առի­թով շեշ­տել Սուր­իոյ հա­յու­թեան մի­աս­նա­կա­նօ­րէն տէր կանգ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը:

Այս առու­մով, անց­եալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ան­թիլ­ի­ա­սի մէջ գու­մար­ուած Ազ­գա­յին ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տանք­նե­րու աւար­տին յա­տուկ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը առաջ­նա­հերթ օրա­կարգ հռչա­կեց Սուր­իոյ հայ գա­ղու­թին պահ­պա­նումն ու վե­րա­կանգ­նու­մը` ընդ­հան­րա­պէս Սուր­իոյ միջ­հա­մայն­քա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան ողջմ­տու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւնը շեշ­տե­լով:

Նոյն­պէս եւ ազ­գա­յին մեր կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ու հա­մա­հայ­կա­կան միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը, ի Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի, շարժ­ման մէջ դրած են իրենց ու­ժե­րը, որ­պէս­զի սփիւռ­քի հայ­րե­նա­մերձ գօտիի այս հիմ­նա­կան ու կեն­սա­յորդ կռուա­նը, հա­մայն հա­յու­թեան զօ­րակ­ցու­թեամբ, կա­րե­նայ դի­մագ­րա­ւել ինչ­պէս Սուր­իոյ, այն­պէս եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րը եւ ու­նե­ցած ծանր կո­րուստ­նե­րը` մարդ­կա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան:

Պատ­նէ­շի վրայ է նա­եւ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը, որ քննա­դա­տու­թեամբ եւ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեամբ` օրա­կար­գի վրայ կը պա­հէ Սուր­իոյ հա­յու­թեան լի­նե­լու­թեան մեծ խնդի­րը:

Քննու­թեան առար­կայ են ոչ միայն սուր­ի­ա­հա­յու­թեան ապա­հո­վու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րը, այ­լեւ` նոյ­նինքն գա­ղու­թի ապա­գա­յի մեծ խնդի­րը:

Օրա­կար­գը բաց է եւ տպա­գիր մա­մու­լի էջե­րուն, զանգ­ուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րով թէ հա­մա­ցան­ցի վրայ ազատ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած են թեր ու դէմ տե­սա­կէտ­ներ.

– Սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի ղե­կա­վար ու­ժե­րը որ­քա­նո՞վ պատ­րաստ են կամ ի վի­ճա­կի են մի­ջազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ այս աս­տի­ճան պղտոր ջու­րե­րու ոլո­րապ­տոյ­տին մէջ իրա­կա­նաց­նե­լու ապա­հով թի­ա­վա­րու­մը հա­յու­թեան նա­ւուն եւ փրկու­թեան քա­րափ հասց­նե­լու սփիւռ­քա­հա­յու­թեան այս ան­փո­խա­րի­նե­լի կռուա­նը:

– Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնը ռազ­մա­վա­րա­կան անհ­րա­ժեշտ լծակ­նե­րը ու­նի՞ն, իսկ եթէ այ­սօր չու­նին, կը մտա­ծե՞ն ստեղ­ծե­լու եւ կռա­նե­լու մա­սին, որ­պէս­զի Սուր­իոյ մէջ եւ շուրջ զար­գա­ցող իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ետե­ւէն շնչաս­պառ վա­զո­ղի ու գե­տին ին­կո­ղի վախ­ճա­նին չար­ժա­նա­նանք ազ­գո­վին, այլ կա­րե­նանք նա­խա­ձեռ­նո­ղի դիր­քեր գրա­ւել եւ անհ­րա­ժեշտ ճի­գը թա­փել` դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար առն­ուազն թրքա­կան հրձի­գու­թիւնը, որ գլխա­ւոր աղ­բիւր­նե­րէն մէկն է սուր­ի­ա­կան կնճի­ռի բար­դա­ցու­մին:

– Որ­քա­նո՞վ լուրջ են դէ­պի Հա­յաս­տան ներ­գաղթ կազ­մա­կեր­պե­լու մա­սին բարձ­րա­ձայն կա­տա­րուող ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը. Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնը իր օրա­կար­գին վրայ ու­նի՞ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մը. Սուր­իոյ հա­յու­թեան եւ զայն առաջ­նոր­դող ու­ժե­րուն տե­սա­կէ­տը առն­ուա՞ծ է. ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը, այն­պէս եւ սփիւռ­քի հա­յու­թիւնը ի՞նչ կը մտա­ծեն:

Հար­ցադ­րում­նե­րու եւ քննար­կում­նե­րու ծի­րը սահ­մա­նա­փա­կում չի ճանչ­նար, ոչ ալ 2013 թուա­կա­նին եւ հա­մա­ցան­ցի դա­րուն` կա­րե­լի է չորս պա­տե­րու մէջ կա­տար­ուած քննար­կում­նե­րով եզ­րա­փա­կել հա­մազ­գա­յին նշա­նա­կու­թեամբ այս աս­տի­ճան ծան­րակ­շիռ հար­ցե­րու վճռա­հա­տու­մը:

Օրա­կար­գը բաց է եւ ամէն բա­նէ առաջ եւ վեր կա­րի­քը ու­նինք հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը աշ­խու­ժաց­նե­լու, հու­նա­ւո­րե­լու եւ յա­ռա­ջա­տար ու­ժի վե­րա­ծե­լու կո­չու­մը ու­նե­ցող ամէն մտա­ծող հա­յու ձայ­նին:

Ան­կաշ­կանդ ու բարձ­րա­ձայն տե­սա­կէ­տին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles