
Մայիս 24ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան 15րդ համագումարը, որուն ընթացքին բաց քուէարկութեամբ՝ կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին վերընտրուեցաւ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը անդրադարձաւ Յովիկ Աբրահամեանի կառավարութեան եւ ընդունելի համարած է անոր եռամեայ ծրագրին մէջ նշուած հինգ տոկոս տնտեսական աճը:
Իր ելոյթին մէջ նախագահ Սարգսեան խոստացաւ ապահովել ժողովուրդին բարեկեցութիւնը եւ ազատութիւնները՝ Հանրապետականի անմիջական մասնակցութեամբ: “Գալիք տարիները լինելու են տնտեսական հնարաւորութիւնների ընդլայնման եւ մարդկանց բարեկեցութեան աւելացման ժամանակահատուած“, ըսաւ ան, որ նաեւ հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ Մաքսային Միութեան ալ՝ առանց, սակայն, անդրադառնալու Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն: “Մաքսային Միութեանն անդամակցելու հարցում մենք արդէն մտել ենք աւարտական փուլ: Մենք ակնկալում ենք Մաքսային Միութեան լայն շուկայի ձգողականութեան ազդեցութիւնը մեր տնտեսութեան վերելքի վրայ: Վստահութիւն ունենք, որ ներդրումների ու արտահանման աճը նկատելիօրէն բարձր են լինելու“, յայտնեց ան:
Արցախի մասին խօսելով՝ Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, թէ պատերազմը կը շարունակուի այլ՝ տեղեկատուական հարթութեան մէջ. “Պատերազմը դեռ չի աւարտուել ո՛չ յաղթողի, ո՛չ պարտուողի համար“:
Իշխանութեան գլուխը գտնուող կուսակցութեան անդամները բացի նախագահէն, ընտրած են նաեւ Գործադիր մարմինը‘ ընդամէնը մէկ փոփոխութեամբ. նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան դադրած է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան ղեկավար մարմնի անդամ ըլլալէ, զայն փոխարինած է խորհրդարանական խմբակցութեան նոր ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը: