ՍԵՌԱՅԻՆ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

0 0
Read Time:13 Minute, 31 Second

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, Գանատա
Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, հայ իգական սեռը՝ հայ մայրը, հայ կինն ու աղջիկը ստացան ամենածանր հարուածը. անոնք կրեցին կեանքի ամենէն դաժան եւ վարկաբեկիչ պայմանները: Անոնք խոշտանգուեցան, պղծուեցան եւ ունեցան կոտտացող վէրքեր ու ցաւեր: Անոնց կեանքը եղաւ տառապանք ու տանջանք, համազօր՝ խաչելութեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջ տեւողութեան, թուրք ոճրագործներն ու դահիճները օգտագործած են սեռային բռնութիւնները, մթաքնելով շուայտութեան անասնական կիրքերէ: Անոնք իրականացուցած են սեռային բռնութիւններուն ամէն ձեւերը՝ հանդիսաւոր բռնաբարութիւն, մանկապղծութիւն, դիակապղծութիւն, այլ ընտրանքային միջոցներով սեռական բաւարարուածութիւն, հետաքրքրութիւն մերկութեան, սեռային մարմնամասերու ցուցադրութիւն, համասեռամոլութիւն, խմբային սեռային յարաբերութիւն, եւ այլ ձեւեր: Տակաւին, հայ աղջիկներուն պարտադրուած է պոռնկութիւն: Անոնք ենթարկուած են նաեւ սեռային հաշմումի, հատումի եւ կտրատումի:
Այս բոլորին թիրախը եղած են ո՛չ միայն հայ կանայք, այլ նաեւ տղամարդիկ եւ երեխաներ: Հայ կիները ո՛չ միայն զոհ դարձած են թուրքերու սեռային բռնութիւններուն եւ չարաշահութիւններուն, այլ նաեւ՝ գերիվարութեան, բռնի լուծացումի, մարմնականֆիզիքական վնասի եւ սպանութեան: Յաղթողի զգացողութիւնը դրսեւորուած է թուրքերուն մէջ՝ սեռային բռնութիւններու ընդմէջէն:
Թուրքերուն նպատակը, սեռային չարաշահումներուն ու բռնութիւններուն ընդմէջէն, եղած է հայ աղջիկներուն մարմնական տանջանքներ պատճառել եւ սեռային գոհացում ու բաւարարութիւն ստանալ:
Թուրք ոճրագործներ հայ աղջկան մը բռնաբարումն ու անպատւումը նկատած են ամբողջ հայ ազգին բռնաբարումն ու անպատւումը, այլ խօսքով, անոնք կը պատժէին հայ ազգը եւ կը լուծէին իրենց վրէժը հայերէն:
Հայ աղջիկներուն բռնաբարումը նկատուած է նաեւ միջոց մը՝ պարտադիր յղութեան, եւ թրքացումի ձեւերէն մէկը:
Թուրք ղեկավարութիւնները ընդունած եւ քաջալերած են սեռային բռնութիւնները, որոնք նկատուած են Ցեղասպանութեան շրջանին: Անոնք հաւատացած են, որ բռնաբարուած հայ կիները պիտի լքեն իրենց ամուսինները, հարազատները եւ ցեղակիցները ու պիտի միանան թուրք կողակիցներուն կամ անձնասպան պիտի ըլլան ու պիտի անհետանան: Անոնք հաւատացած են նաեւ, որ թիրախ դարձած հայ աղջիկները պիտի հեռանան իրենց ընտանիքներէն՝ վախի, նուաստացումի, ամօթխածութեան եւ յանցանքի զգացումներով:
Թուրք զինուորներ դեռատի հայ աղջիկները բռնի ուժով փոխադրած են Պոլիս, իբրեւ նուէր Պոլսոյ կեդրոնական հրամանատարութեան անձնակազմի անդամներուն:
Կարգ մը թուրք բժիշկներ կատարած են նաեւ անմարդկային եւ հրէշային անդամահատումներ շատ մը հայ աղջիկներու վրայ, յագեցնելու համար իրենց վատառողջ սեռային կիրքերը: Շատեր խոստովանած են, թէ ինչ մեծ հաճոյքով եւ մոլեգնօրէն իրենց պապակը կը յագեցնէին անչափահաս, 12 տարիքը չբոլորած հայ պարմանուհիներու կուսութիւնը ըմբոշխնելով եւ դիտելով պղծուած հայ անմեղուհիներու զոհաբերումը իրենց ձեռքով սարքուած բագիններու վրայ:
Այս բոլորը կատարուած են մէկ յստակ միտումով, որ բնաջնջուի Հայ ազգի նոր սերունդ ծնող հատուածը, այլ խօսքով՝ հայ իգական սեռը:
Բռնաբարութիւնները տեղի ունեցած են յաճախ հրապարակային եւ հանդիսաւոր ձեւով՝ փողոցներու, եկեղեցիներու, զօրանոցներու, աքսորի ճանապարհներու մէջ եւ ընտանիքի անդամներու ներկայութեան:
Թուրք զինուորներ նուաստացուցիչ ձեւով բռնաբարած են հայ կիներն ու աղջիկները: Հայ կանանց սպանութիւնը կատարուած է ամենէն վատ եւ նուաստացուցիչ ձեւերով, օրինակ՝ երկար եւ ցաւագին բռնաբարում եւ ապա սպանութիւն:
Հրապարակային եւ իրենց ծնողներու ներկայութեան հայ աղջիկներու բռնաբարումը նուաստացուցած է ենթակաները, անոնք ապրած են յուսալքում, բարոյալքում եւ ահաբեկում: Իրենց հետ ծնողներն ալ մատնուած են նոյն բարոյալքումին եւ յուսախաբութեան:
Այս ողղութեամբ վերապրողներու, օտար միսիոնարներու, թղթակիցներու եւ պաշտօնակատարներու վկայութիւններն ու փաստարկութիւնները ուշագրաւ են: Անոնցմէ յիշենք մէկ քանի օրինակներ.
Վերապրող Սարգիս Պալապանեան իր «Կեանքիս տաք ու պաղ օրերը» գիրքին մէջ յիշատակած է. «Հայ աղջիկներն ու կիները կը կողոպտուէին, բռնաբարումի եւ անարգանքի կ՚ենթարկուէին օր ցերեկով, բոլորին աչքերուն առջեւ: Հայուհի մը չարչարելը քաջագործութիւն կը համարուէր»:
Հըրպըրթ Ատամզ Կիպընզ, իր «1915-ի հայկական դէպքերը» յօդուածին մէջ գրած է. «Սիրուն աղջիկները կը խլուէին հարէմներուն համար, կամ պահապաններու կողմէ կը բռնարարուէին ամէն օր, սպասելով մահուան, իբր գթառատ ազատարարի»:
Խարբերդից մինչեւ Ուրֆա ճանապարհին գիրքին մէջ տիկին Պ. Ֆեանց պատմած է. «Իւրաքանչիւր 10 զինուորի կը յատկացնէին մէկ կին, անոր հետ 23 ժամ անընդմէջ կը զուարճանային, ապա տանջահար, կիսամերկ, յաճախ ուշաթափ կը ձգէին եւ կը հեռանային: Չպղծուած չթողեցին նոյնիսկ 8-10 տարեկան աղջիկներ: Անոնց մէջ կային յղի կիներ, որոնք բռնաբարուելէ եւ ծեծուելէ ետք, վաղաժամ կը ծննդաբերէին, արիւնաքամ վիճակով ու կը մեռնէին մեր աչքին առջեւ»:
Գերմանացի ականատեսի մը յուշերէն. «Ռաս էլ Այն եկաւ աքսորեալ հայերու կարաւան մը, բաղկացած 200 կիներէ եւ աղջիկներէ, մերկ վիճակի մէջ. Անոնք չորս օր շարունակ քալած էին մերկ վիճակով, արեւու կիզիչ ճառագայթներուն տակ: Թէլ Ապiատի եւ Կիւլթեփէի միջեւ ճանապարհի կողքին, վեց տարբեր վայրերու մէջ տեսայ 18 մերկ կիներու եւ երկու երեխաներու դիակներ, մեծ մասամբ այլանդակուած, կը կրէին բռնութեան հետքեր»:
Գերմանացի Արմին Թ. Վեկնէր գրած է Միջագետքի անապատներուն մէջ զոհուած հայերու մասին. «Պաշտօնատար թուրք անձնաւորութիւնները, սպաները եւ զինուորները արիւնռուշտ խրախճանքներու ընթացքին, ապաստանարաններէն դուրս կը բերէին մանկատի որբ աղջիկներ՝ իրենց անասնական կիրքին յագուրդ տալու համար»:
Մահմէտ Ալի՝ ձեւականօրէն թրքացած հայ մը պատմած է. «Տրապիզոնի Կարմիր մահիկ հիւանդանոցին մէջ, նահանգապետը՝ Ճեմալ Ազմի, տասնեակ մը հայ դեռատի աղջիկներ քանիցս բռնաբարած եւ պղծած է, յագեցնելով իր սեռային վայրագ կիրքը: Ճեմալ Ազմի խոստովանած է ըսելով. «1013 տարեկան գեղեցիկ հայ աղջիկներէն զատեցի մէկ քանին եւ յանձնեցի 14 տարեկան տղուս՝ իբրեւ նուէր, իսկ մնացեալները պղծելէ ետք, խեղդամահ ըրի Սեւ ծովուն մէջ»։
Տիարպեքիրի Սիլվանի զինուորական հիւանդանոցի բժշկապետ տոքթ. Նեթհիի կիրքերուն զոհ գացած են շատ մը անմեղ հայ որբուհիներ։
Գերմանացի պաշտօնեայ Պասթենտորֆ կը յիշէ. «Ռաս էլ Այնի հայերու հսկիչը, Նուրի Շաուխ բժիշկ Ֆարախին խոստովանած է, որ ինք կը զուարճանար տասներկու տարեկան հայ աղջիկներու պղծումով»:
Մուշի մէջ հայ կիներ ու աղջիկներ բռնաբարուած են իրենց ամուսիններուն եւ ծնողքին ներկայութեան: Գեղեցիկ աղջիկները առեւանգուած եւ ղրկուած են թուրքերու եւ քիւրտերու տուները՝ անորոշ նպատակներով, իսկ մնացեալը ողջակիզուած եւ կամ բռնաբարուելէ ետք սպանուած են:
Մշեցի հայ կին մը վկայած է. «810 տարեկան հայ աղջիկները կը բռնաբարուէին թուրքերու կողմէ, կարաւանին առջեւ, ապա կը սպաննուէին»:
Ուրֆայէն դուրս, թուրք դահիճները, կապելէ ետք հայ աղջիկներուն ձեռքերը, վայրագօրէն բռնաբարած են զանոնք եւ ապա զգայազիրկ վիճակի մէջ ձգելով՝ հեռացած են:
Տալւորիկի մէջ 60 հայ կիներ եւ աղջիկներ պատսպարուած են եկեղեցւոյ մէջ: Թուրք զինուորներ մտած են եկեղեցի եւ յարձակած են հայ կանանց վրայ, բռնաբարած են զանոնք եւ ապա սպանած են բոլորը:
Ամերիկացի միսիոնար Ֆ. Հ. Լեսլի իր յուշերուն մէջ գրած է. «Ուրֆայի մէջ, 1915-ի ջարդերուն, հայ կանայք մատնուած էին սեռային բռնութիւններու եւ շահագործումի»:
1896ին, Ուրֆայի կոտորածներուն, թուրք զինուորներ մերկացուցած են հայ աղջիկները եւ զանոնք զօրանոցներ տանելով՝ բռնաբարած են բոլորը:
Տրապիզոնի ոստիկանապետ Նուրի Պոլիս հայ երիտասարդ աղջիկներ իբրեւ նուէր տարած է թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ իշխանաւորներու: Տրապիզոնի պետական հիւանդանոցը վերածուած է հայ կիներու կեդրոնի մը, ուր թուրք բարձրաստիճան զինուորականներ անոնց հետ ունեցած են պարտադիր, բռնի եւ վայրագ սեռային յարաբերութիւն: Գեղեցկագոյն հայ աղջիկները բռնաբարուած են բարձրագոյն աստիճանաւորներու կողմէ:
Անգլիացի պետական գործավար Ֆիլիփ Բ. Կրէյվիս վկայած է. «Ինչ որ կը պատահէր հայ աղջիկներուն՝ կը նմանէր խրախճանքային սպանութեան»:
Եագոպ Քիւնցլըր իր «Տեղահանութեան սարսափներէն» գրութեան մէջ կը յիշէ. «Կանայք խումբ առ խումբ կը քշուէին քաղաքէն դուրս: Հոն կը սպասէին շատ մը թուրքեր, որոնք կ՚ընտրէին իրենց հաւնածը ու կ՚առնէին, կը տանէին իրենց տուները….»:
Քարէն Եփփէ 1926-ին վկայած է. «Հազարաւոր հայ կիներ, զորս անձամբ ազատած էի իսլամ տուներէ, մեծամասնութիւնը այդ տուներու տղամարդոց կողմէ մատնուած էր սեռային շահագործումի եւ ունեցած էր բռնի սեռային յարաբերութիւն»:
Ատանայի ջարդերուն, 1909-ի Ապրիլին, թուրք զինուորները մտած են Պոյաճեան ընտանիքի տունը, սպանած են բոլոր տղամարդիկը, ապա բռնաբարելէ ետք տան աղջիկները եւ կիները՝ անոնց արիւնոտ ներքնազգեստները կախած են պատուհաններէն, քշած են բոլորը՝ կիսամերկ վիճակով ցուցադրելով թուրք խուժանին եւ հրաւիրած են թուրք տղամարդիկը, որպէսզի անոնք ալ բռնաբարեն կիսամերկ հայ աղջիկները:
Թուրք զինուորականներ, վրանային խրախճանքներու ընթացքին, բռնաբարած են իրենց առեւանգած դեռատի եւ գեղեցիկ կոյս հայ աղջիկները. անոնցմէ մաս մը ազատ արձակած են, իսկ մնացեալը դաժանօրէն սպանած են վրաններուն մէջ:
25 թուրք ոստիկաններ Սասունի Ռեճէպ լերան վրայ պղծելէ ետք երիտասարդ հայ աղջիկ մը՝ գլխիվար կախած են երկու ծառեր իրարու միացնող ջուանէն:
Տրապիզոնի գերմանացի հիւպատոս Հենրիխ Պերկ Ֆէլտ վկայած է. «Բազմաթիւ հայ աղջիկներու բռնաբարումը կարելի է նկատել միջոց մը հայութեան ամբողջական ոչնչացման»:
Վերապրող Բիւզանդ Ճամպազեանի յուշերէն. «Ճամբու ընթացքին սկսանք նորէն դիակներ համրել: Ճերմակեղէնի կտորներն ու փուշերուն վրայ ծփացող երկար մազերը շատ բան կը պատմէին…»:
Արմէն Անուշ իր «Արեան ճանապարհով» գիրքին մէջ կը պատմէ. «Կնոջ մը դիակը ինկած էր քարերուն մէջ, բոլորովին մերկ. փորը ճեղքուած էր, արիւնը լճացած էր գետինը եւ այդ լճացած արեան մէջ թափած էին աղիքները: Քիչ մը անդին տեսայ ուրիշ կնոջ մը դիակը, այս անգամ առանց գլուխի: Քանի մը քայլ անդին՝ քարերուն մէջ ու քարերուն պէս ինկած էր անոր արիւնոտ գլուխը՝ երկար մազերով»:
ԱրշալոյսՕրորա Մարտիկանեան, իր հօրը եւ եղբօրը սպանութենէն ետք, ականատես եղած է մեծ քրոջ՝ Լուսային, եւ հօրաքրոջ՝ Հակենուշին սպանութեան: Թուրք զինուորներ խոշտանգած են զանոնք եւ մերկացնելէ ետք, դաշունահարած են՝ հերձատելով անոնց կրծքագեղձերը, որովհետեւ անոնք մերժած էին իսլամութիւնը եւ զինուորներու կողմէ բռնաբարումը: Իր յուշերուն մէջ, Օրորա Մարտիկանեան գրած է. «Իւրաքանչիւր հայ աղջիկ մէկ գիշերուան մէջ զզուանքով կը գոհացնէր տասնեակ մը վաւաշ եւ արիւնարբու ճիւաղներ: Գեղեցիկ աղջիկները կ՛արժանանային մեծաւորներու գիշերային նենգամիտ խրախճանքներուն, մղձաւանջային սարսափներուն եւ գազանային բռնաբարումին: Զինեալները, մերկ հայ աղջիկներէն քանի մը մեթր անդին հողին մէջ հանգչեցուցին իրենց սուրերը, անոնց սրածայր մասը ուղղուած դէպի երկինք: Մինչ այդ, ձիաւոր զինեալներ սուրացին ոտքի կայնած հոլանի հայ աղջիկներուն քովէն, բռնեցին անոնց վարսերէն եւ զանոնք նետեցին սրածայր սուրերուն վրայ….: Թուրք զինուորները պատրաստած էին մանր փայտեայ ցցուն խաչեր: Անոնք մերկացուցին 16 հայ աղջիկները, բռնաբարեցին զանոնք վայրագօրէն եւ ապա փայտեայ ցցուն խաչերը մխրճեցին անոնց հեշտոցին մէջ»:
Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, թուրք ոճրագործներ գործադրած են մանկապղծութիւն: Հայ երեխաներ, 2-14 տարեկան, զոհ գացած են թուրք ոճրագործներու սեռային բռնութիւններուն: Այս մասին, վերապրողներու, օտար միսիոնարներու, թղթակիցներու եւ պաշտօնակատարներու վկայութիւններն ու փաստարկութիւնները ուշագրաւ են: Այս վկայութիւններէն եւ փաստարկութիւններէն կարելի է յիշել մաս մը.
Եդեսիոյ կոտորածներուն ընթացքին, թուրք զինուորներ բռնաբարած են 14 տարեկան հայ պատանի մը եւ կիսամերկ վերադարձուցած են հօրենական տունը:
Ատանայի կոտորածներուն, Համիտիէ գիւղաքաղաքին վրայ յարձակումի ընթացքին, թուրքեր բռնաբարած են 610 տարեկան հայ երեխաներ իրենց ծնողներու ներկայութեան: Իսկ Գէոզալթումի մէջ, 78 տարեկան հայ երեխաներ զոհ գացած են թուրք զինուորներու սեռային կիրքերուն:
Վանեցի վերապրող Մաքրուհի Սահակեան վկայած է. «Մեր հարեւանի ութ տարեկան աղջիկը թուրքերը երեք հոգով բռնաբարեցին իրենց բակին մէջ: Ան մէկ ժամ յետոյ մահացաւ»:
Հալէպի գերման հիւպատոս Ռէոսլերի վկայութեամբ՝ Ռաս էլ Այնի մէջ Նուրի Շաուխը բժիշկ Ֆարայեւի յայտնած է, որ ինք 12 տարեկանէն վար հայ աղջիկները բռնաբարելով՝ մեծ հաճոյք առած է: Հիւպատոսը ըսած է նաեւ, որ տեսած է երկու տարեկան հայ աղջնակի մը դիակը՝ սեռային օրկաններու արիւնաթաթախ վիճակով:
Գերմանացի ուսուցիչ Նիւպագէի վկայած է հետեւեալը. «Հալէպի Պաղտատ երկաթուղիի պահեստապետ Կրաուգէն ընդունած է 14 տարեկան հայ աղջնակ մը, զոր թուրք զինուորները մէկ գիշերուան մէջ քանիցս բռնաբարած են եւ խեղճ աղջիկը կորսնցուցած է իր գիտակցութիւնը»:
Դիակապղծութիւնը ընդհանրապէս կ՚ընդգրկէ կնոջ դիակի հետ սեռային յարաբերութիւն, սեռային գրգռուածութիւն ունենալ՝ տեսնելով կնոջ դիակը, հետաքրքրութիւն՝ սեռային օրկաններու նկատմամբ եւ դիակներու մասնատում: Դիակապղծութիւնը առանձնայատուկ երեւոյթ մը եղած է: Թուրք ոճրագործները դիակապղծութիւն իրականացուցած են երկու ձեւերով՝ սեռային եւ ոչսեռային: Սեռային դիակապղծութիւնը կատարուած է սեռային ցանկութիւններով, իսկ ոչ սեռային դիակապղծութիւնը՝ ոչ սեռային ցանկութիւններով, այսինքն դիակի մասնատումով: Այս մասին կան հազարաւոր վկայութիւններ եւ նկարագրութիւններ, որոնցմէ արձանագրենք հետեւեալները.
Պէրէճիքի թուրքերը յարձակած են Կարապետ անունով հայու մը տան վրայ, որպէսզի առեւանգեն անոր գեղեցիկ աղջիկը: Խեղճ աղջիկը, գիտնալով պատահելիքը, ինքզինք նետած է ջրհորին մէջ եւ մահացած: Թուրքերը, տան մէջ գտնուողները սպանելէ ետք, ջրհորէն դուրս բերած են մահացած աղջկան դիակը եւ բռնաբարած են զայն ըսելով. «Փառք Մուհամմէտին»:
Ատանայի կոտորածներուն, Միսիսի մէջ 40 թուրք զինուորներ շարքով բռնաբարած են 60 տարեկան հայ կին մը, որ չդիմանալով տանջանքին՝ մեռած է: Թուրք զինուորները շարունակած են բռնաբարել մեռած կինը:
Ուրֆայի կոտորածներէն ականատեսի մը վկայութիւնը. «Թուրքերը շատ մը հայ կիներ եւ աղջիկներ խայտառակեցին իրենց հայրերուն ու ամուսիններուն աչքին առջեւ, կտրեցին անոնց կուրծքերը եւ սպանեցին զանոնք: Եղան գազաններ, որոնք իրենց կիրքը բաւարարեցին՝ խայտառակութենէ խուսափելու համար իրենց կեանքին վերջ տուած աղջիկներու դիակներու վրայ»:
Պարսիկ գրող Ա. Ամարզադէի վկայութիւնը իր Հալէպ գտնուած միջոցին. «Ամէնուր տեսնում էինք հայ կանանց ու տղամարդկանց, ովքեր ընկել ու մահացել էին կամ մահանալու վրայ էին: Հետագայում լսեցինք, որ այդ վայրերի երիտասարդներից ոմանք չէին քաշուել գոհացում տալ իրենց կրքերին՝ անարգելով մահամերձ կամ մահացած հայ աղջիկների պատիւը»:
Տոմինիկեան միսիոնար Եասէթ Սիմոն ականատես եղած է Մարտին քաղաքի ողբերգութիւններուն: Ահաւասիկ անոր վկայութիւնը՝ թուրքերու սեռային «սխրագործութիւններուն» մասին. «Խենեշում եւս, կիրքն աւելի քստմնելի համարձակութիւն ստացաւ: Իրենց կիրքը յագեցնելու համար, բռնացան ո՛չ միայն ողջ, այլեւ մեռած կանանց վրայ: Ու վերջապէս գազանութիւնը հասաւ զազրելիութեան գագաթնակէտին: Տիգրանակերտի ձորակին մէջ ժամանակաւոր ցուցահանդէս սարքեցին, ուր զինուորների հսկողութեամբ ցուցադրեցին զոհուած կանանց մարմինները՝ սրունքները վեր, արեւից ուռած ու այլանդակուած անդամներով»:
Թուրքքիւրտ լրագրող Մուջգան Հալիս Demokrat Haber կայքէջին վրայ գրած է. «Հայ կանանց հանդէպ իրագործուած բռնաբարութիւններին յաջորդում էին բռնի ամուսնութիւնները»:
Տերնոն, Մարտինի ցեղասպանութեան մասին իր գիրքին մէջ գրած է. «Թուրքեր հայ կանանց աշխատեցնում էին որպէս սեքսստրուկներ»:
Ոճրագործ եւ գազանաբարոյ թուրք զինուորներ գործադրած են սեռային բռնաբարութեան այլ տեսակներ: Անոնք, բռնաբարելէ ետք հայ կիներն ու աղջիկները, մասնատած են անոնց մերկ մարմինները, տաք ունելիներ մխրճած են անոնց ստինքներուն մէջ, հատած են անոնց կուրծքերն ու սեռային օրկանները: Պապի մէջ ոճրագործ իսլամ ժողովուրդը հաւաքուած է դիակներու շուրջ եւ վայրագօրէն հատած է դիակներուն սեռային օրկանները: Չմշկածակցի վերապրող Ա. Մարտիխանեան վկայած է՝ «Հասան Չելեբիի ճանապարհին, զափթիէներից մէկը Հեղուշին տարաւ ճանապարհից հեռու: Աղջիկը դիմադրում էր, իսկ զափթիէն նրան անողոքաբար ծեծում: Բռնաբարելուց յետոյ, զափթիէն իր դանակը խրեց նրա կրծքի մէջ եւ այդ վիճակով քարշ տուեց դէպի մեզ»:
Թուրք դահիճները սեռային բաւարարուածութեան համար դիմած են նաեւ այլ ընտրանքային միջոցներու: Տարագրութեան ընթացքին, կարաւաններու հսկող թուրք ոստիկաններ յաճախ հայ կանանց ստիպած են մերկանալ եւ այդպէս քալել, որպէսզի սեռային հաճոյք ունենան: Այս մասին ալ կան բազմաթիւ վկայութիւններ, որոնցմէ կը յիշենք հետեւեալները.
Ուրֆայէն բաւական հեռու վայրի մը մէջ, թուրք ոստիկաններ մերկացուցած են 800 հոգինոց կարաւանի մը բոլոր կիները:
Գերմանացի Նիւպագէի վկայութիւնը. «Թուրք զինուորները, որպէսզի սեռային հաճոյք վայելէին, հայ գեղջկուհիներուն կը ստիպէին մերկանալ եւ քալել օրերով, 40 աստիճան կիզիչ արեւու ճառագայթներուն տակ, մինչեւ որ անոնց մորթը ամբողջովին արեւահարուէր»:
Թուրք ոճրագործները ո՛չ միայն մերկացնելով գոհացում տուած են իրենց սեռային կիրքին, այլ նաեւ մերկացնելէ ետք հայ պարմանուհիները՝ ստիպած են զանոնք, որ մերկ վիճակով պարեն: Այս մասին ահաւասիկ շարք մը վկայութիւններ.
Վերապրող Հ. Տիշտիշեան իր յուշագրութեան մէջ գրած է, որ Զապէլ անունով հայուհի մը պատմած է հետեւեալը. «Հաջի Իսմայիլն իր տունը հարէմի վերածել եւ գիշերային խրախճանքներ կազմակերպել քսան հայ աղջիկների ու իր ինն ընկերների մասնակցութեամբ: Այդ խրախճանքների ժամանակ ստիպել են հայ աղջիկներին՝ մերկանալ եւ պարել, ինչպէս նաեւ գործադրել են բռնութիւններ՝ ընդհուպ ստիպելով նրանց զբաղուել օրալ սեքսով»:
Վերապրող Հ. Խաչատուրեան իր յուշագրութեան մէջ գրած է. «Դդմաշի նոր նահանգապետն իր ստացած պաշտօնի առթիւ խրախճանք է կազմակերպում տանը, որի ժամանակ հրամայում է բերել երեք գեղեցկադէմ հայուհիների եւ ստիպում նրանց մերկանալ ու պարել»: Ան նաեւ գրած է. «Դդմաշենցիների աքսորի ճանապարհին, ոստիկաններն առանձնացրել են 15 հայ կանանց ու երիտասարդ աղջիկների եւ բաց երկնքի տակ հրամայել են նրանց մերկ պարել, որից յետոյ՝ զանազան սեռական բռնութիւնների ենթարկել»:
Ուրիշ վերապրող մը գրած է. «Բողազլեան գաւառի Փաշալար գիւղում, Մահմուդ աղայի որդին տանը խրախճանք է կազմակերպում եւ իր թուրք ընկերների հետ մտրակների հարուածների ներքոյ ստիպում երեք հայուհիների՝ մերկ պարել»:
Անգլիացի գործակալ մը Փորթ Սայիտէն զեկուցած է. « Լսելով Միդանից եկող ամբոխի աղմուկը՝ դուրս է եկել հիւրանոցից եւ տեսել թէ ինչպէս են զինուորները տանում 300 կամ 400 մերկ հայ աղջիկների եւ կանանց: Նրանց աճուրդի հանելով՝ վաճառել են նոյնիսկ երկու կամ չորս ֆրանկի դիմաց: Գնելու իրաւունք ունէին միայն մուսուլմանները: Վաճառողները շարունակ բացագանչում էին. «Ձեզ՝ ուղղահաւատներիդ, քրիստոնեաների խայտառակութիւնը թող զուարճանք պատճառի»:
Խարբերդի Ամերիկայի հիւպատոս Լեսլի Դաւիթը նկարագրած է սպանդի տեսարանները հետեւեալ ձեւով. «Շատ աճիւնների վրայ սուինների սպիներ կային. հիմնականում խոցուած էր նրանց որովայնը, կուրծքը, երբեմն նաեւ՝ կոկորդը»:
Գերմանացի ականատեսներ վկայած են «Թէլ Ապիատի եւ Ռաս էլ Այնի երկաթուղային թմբի մօտ զանգուածաբար ընկած են եղել անարգուած կանանց մերկ մարմինները: Նրանցից շատերի յետանցքներում խցկած են եղել դագանակներ»:
Վերապրող արաբկիրցի մը վկայած է, որ 1915-ի. Յուլիսի 1-ին, Մալաթիայէն Ատըեաման տանող ճամբուն վրայ տեսած է 23 հայ աղջիկներու մերկ դիակները, որոնց հեշտոցներուն մէջ քար էր դրուած»:
Թուրք ոճրագործ զինուորները յղի հայ կիներու փորերը պատռած են, անոնց չծնած ապրող մանկիկները սպանած են եւ մէկդի ձգած են մայրերը, որպէսզի արիւնլուայ մահանան: Անոնք այս միջոցին դիմած են՝ իւրացնելով Թալաաթի մէկ յայտնի խօսքը. «Խտրութիւն կարելի չէ ընել անմեղի մը եւ յանցաւորի մը միջեւ, որովհետեւ անմեղն ալ կրնայ ապագային յանցաւոր դառնալ»: Ահաւասիկ նաեւ վերապրող Թովմաս Պօղոսեանի վկայութիւնը. «Վայրենի թուրք զինուորներ զուարճութեան համար շատ յաճախ յղի կանանց փորը կը ճեղքէին նախքան սպանելը, եւ դուրս կը հանէին մանկիկները եւ սուրի ծայրը անցուցած` հռհռելով միւս ընկերներուն ցոյց կու տային մանկիկին հոգեվարքի թպրտոցները»:

Օգտագործուած աղբիւրներ.-
1. Անտոնեան Արամ, Մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդը, Պոլիս, 1921, վերահրատարակուած Պէյրութ, 1978:
2. Անտոնեան Արամ, Այն սեւ օրերուն, վերահրատարակուած Պէյրութ, 1985:
3. Անտոնեան Ա., Մեծ ոճիրը, Հայկական վերջին կոտորածները եւ Թալէաթ փաշա, Պոսթըն, 1921:
4. Ապրիլեան Եղեռնի բացառիկ, Յեղափոխական Ալպոմ, Պէյրութ, 1975.
5. Բախտիկեան, Ներսէս Արք., Խորշակահար Մանկութիւն, Անթիլիաս:
6. Գրիգորեան Յասմիկ, Ոճրագործների վարքային դրսեւորումներն օսմանեան կայսրութիւնում հայերի դէմ իրականացուած կոտորածների ու Ցեղասպա-նութեան ընթացքում. սեռական բռնութիւնները, «Ասպարէզ» օրաթերթ, 29 Ապրիլ 2014:
7. Ճամպազեան Բիւզանդ, Պատանի կեանքի մը պատմութիւնը, մատենաշար ապրիլեան եղեռնի, թիւ 4, Անթիլիաս, 1960:
8. Ճէյքըպսըն Մարիա, Օրագրութիւն (1907-1919), Թարգ. Ներսէս Եպիսկոպոս Բախտիկեան, Անթիլիաս, 1979:
9. Մարաշլեան Արմէն, Արմէն Անուշ, Արեան ճանապարհով, Հալէպ, 1959:
10. Ներսիսեան Մ. Գ., Հայերի ցեղասպանութիւն օսմանեան կայսրութիւնում, Ե-րեւան, 1991:
11. Պալաքեան Գ. Ծ. Վրդ., Հայ գողգոթան, Դրուագներ հայ մարտիրոսագրու-թենէ, Պեռլինէն դէպի Տէր Զօր, 1914-1920, Վիեննա, 1922:
12. Պալապանեան Սարգիս, Կեանքիս տաք ու պաղ օրերը, Այնթապ-Քեսապ-Հալէպ, Հալէպ, 1983:
13. Սվազլեան Վ., Հայոց Ցեղասպանութիւն. Ականատես վերապրողների վկայութիւններ, Երեւան, 2011:
14. Քիլէճեան Սեդա, Վերապրողները կը վկայեն, Պէյրութ, 2005:
15. Matthias Bjornlund, A fate worse than dying: sexual violence during the Armenian Genocide, armenianInfo.net, 6 August, 2011.
16. Military Wiki, Rape during the Armenian genocide.
17. Wikipedia, Rape during the Armenian genocide
18. Demokrat Haber կայքէջ, Մուջգան Հալիս-թուրք, Քիւրտ լրագրող, 2014.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles