
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ («Ասպարէզ»).- Հինգշաբթի վաղ առաւօտեան ժամը 4։00-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ անյայտ անձեր հրդեհ յարաջացուցին, նիւթական մեծ վնաս պատճառելով։ Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը եւ համայնքի ղեկավարութիւնը, համագործակցութեամբ քաղաքի հրշէջներուն եւ օրինապահ մարմիններուն՝ կը հետապնդեն ազգային ատելութեան հողին վրայ կատարուած այս յարձակումին ծալքերը:
Հայ կեդրոնին մէջ կը գործեն Վասպուրական սրահն ու եկեղեցոյ ու շրջանի կազմակերպութիւններու գրասենեակները։ Նշենք, թէ ատրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ խուլիկաններ Յուլիսին յարձակած էին Սան Ֆրանսիսքոյի «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» Ազգային վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին վրայ, հայհոյանքներ գրելով եւ Ատրպէյճանի դրօշակին գոյները ներկելով: