Լրահոս

Սահմանադրական Դատարանը Մերժեց Ընդդիմութեան Դիմումները

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական Դատարանը մերժեց ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու դիմումները՝ անփոփոխ ձգելով Ազգային ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերող Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը։ Այս սպասուած որոշումը հրապարակուեցաւ Յուլիս 4-ին կայացած դատական նիստին ընթացքին։ Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Արման Տիլանեան ընթերցեց դատարանի վճիռը։

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած եօթ քաղաքական ուժեր՝ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները, ինչպէս նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան», «Միասնութեան Թեւեր», «Դեմոկրատիա, Օրէնք, Կարգապահութիւն», «Նոր Ուժ» եւ «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութիւնները, դիմած էին Սահմանադրական Դատարան՝ վիճարկելով ընտրութիւններու արդիւնքները եւ պահանջելով զանոնք անվաւեր ճանաչել։ Դատարանը գործի քննութիւնը սկսած էր Յունիս 26-ին։

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը ներգրաւուած էր որպէս երրորդ կողմ, մինչդեռ պատասխանող կողմեր էին Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, Դատախազութիւնը, Հակակոռուպցիոն կոմիտէն եւ Ներքին Գործոց նախարարութիւնը։

Յունիս 7-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն համաձայն՝ Ազգային ժողով անցած են «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ մեծամասնութիւն կազմելով պիտի ձեւաւորէ նոր կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները։

Նոր կազմուելիք Ազգային ժողովին մէջ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը պիտի ունենայ 64 պատգամաւոր, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 29, իսկ «Հայաստան» դաշինքը՝ 12 պատգամաւոր։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button