ՌՈՒՍԻԱ, ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ, ՈՒՔՐԱՅԻՆԱ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏ

0 0
Read Time:3 Minute, 48 Second

Մ. Յ.

            Անգարա միաժամանակ կը հետապնդէ տարածուելու եւ միջազգային բեմի վրայ աւագներու կողքին դիրք գրաւելու նպատակ, որուն իրականացման համար պատեհապաշտական բոլոր միջոցները կ’օգտագործէ: Այս փառասիրութիւնը ոչ ոքի համար գաղտնիք է. թրքական հետեւողական կայսերապաշտութիւն:

            Ուքրայինայի անօդաչու սարքեր,- պայրաքտարներ,- տրամադրելէ ետք, որոնք պատերազմական զէնքեր են,- հիմա Անգարա ինքզինքին տուած է պատերազմիկ կողմերուն միջեւ միջնորդ-խաղարարի դեր: Ռուսիոյ եւ Ուքրայինայի  արտաքին գործոց նախարարները, Սերգէյ Լաւրով եւ Տմիթրօ Քուլեպա Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի ներկայութեամբ, Թուրքիոյ մէջ, Անթալիա, հանդիպում ունեցան: Թէեւ ապարդիւն, բայց Թուրքիա ինքնիրեն շնորհեց միջազգային իրաւարարի դեր, շրջանցելով ՄԱԿ․-ը, Ապահովութեան Խորհուրդը եւ միջազգային այլ կառոյցներ: Այս ընլով, Թուրքիա ուզեց փաստել, յաչս Ամերիկայի եւ Եւրոմիութեան, որ ինք ոչ միայն շրջանային դերակատար է, այլ նաեւ՝ միջազգային:

            Թուրքիա կը վարէ բացորոշ պատեհապաշտական մեծպետական քաղաքականութիւն: Ան զարգացուցած է տարբեր մակարդակներով եւ տարբեր տարողութիւններով գործակցութիւններ ե՛ւ Ռուսիոյ ե՛ւ Ուքրայինայի հետ, հակառակ այն իրողութեան, որ միշտ անդամ է Ատլանտեան Ուխտին, այսինքն, սկզբունքով կը գտնուի Ամերիկայի եւ Եւրոմիութեան կողքին, բայց նաեւ՝ պատնէշին միւս կողմը: Ըլլալ մէկուն եւ միւսին հետ, կը նշանակէ վարել պասքիւլի քաղաքականութիւն, որ օսմանեան կայսրութեան քաղաքական վարքի ժառանգութիւն է:

            Թուրքիա Ռուսիայէն կը գնէ հրթիռներ: Ինչո՞ւ եւ որո՞ւ դէմ գործածելու համար: Ռուսիա Թուրքիոյ հրթիռ չի վաճառեր, որ անոնք իրեն դէմ գործածուին: Ռուսիա Թուրքիոյ մէջ կը կառուցէ աթոմակայան: Ատլանտեան Ուխտի անդամ երկրի մը համար շփոթանքի առաջնորդող գործակցութիւններ: Թուրքիա Ուքրայինայի հետ ունի սերտ գործակցութիւն, երկու երկիրներու քաղաքացիները ազատօրէն կ’երթեւեկեն, սահմանները բաց են: Թուրքիա քայլ կը պահէ Ուքրայինայի հետ ինչ կը վերաբերի Խրիմի հարցին, չէ ճանչցած անոր Ռուսիոյ կցումը:

            Խրիմի հարցով Թուրքիոյ զօրակցութիւնը Ուքրայինայի պատեհապաշտական է: Այդ զօրակցութան ետին կայ թուրք-օսմանական պատմութիւնը: Թուրքիա կը յիշէ օսմանեան պատմութիւնը, երբ Խրիմը, մինչեւ ԺԸ դարու աւարտը մաս կը կազմէր օսմանեան կայսրութեան: Ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, Խրիմը անցաւ ցարական իշխանութեան տակ, հոն հաստատուեցաւ ռուսական ռազմածովային ուժը: Միաժամանակ, իր կլիմային պատճառով, ան դարձաւ կայսերական եւ ժողովրդական զբօսավայր, ինչպէս ֆրանսական Քոթ տ’Ազիւրը: Մեծ թիւով հայեր ալ հաստատուեցան հոն: Թուրքիա Խրիմի Ռուսիոյ կցումը երբ չ’ընդունիր, ի մտի ունի իր պատմութիւնը եւ իր փառասիրութիւնը:

            Այսօր Խրիմի հինգ միլիոն թաթարներ, առաւելաբար սիւննի իսլամներ, ինչպէս թուրքերը, կ’ապրին Թուրքիա, որոնք կրնան արդարացնել թրքական ծաւալապաշտութիւնը եւ ըլլալ պահեստի բանակ: Թուրքիա, հետեւողական կերպով անոնց տիրութիւն կ’ընէ, 2014ին Խրիմի Ռուսիոյ կցումէն ետք Ուքրայինա ապաստանած թաթարներուն համար բնակարաններ կը կառուցէ: Բարեսիրութիւն չէ նպատակը, եթէ այդպէս ըլլար, ընդհանրապէս բնակարաններ կը կառուցէր բոլոր կարիքաւորներուն համար:

            Շահախնդրուած եւ կոյր պէտք է ըլլալ չտեսնելու համար, որ Թուրքիա մասնակից է Ուքրայինայի պատերազմին, որուն տրամադրած էր անօդաչու սարքեր, տրօններ, որոնց յաջողութիւնները ընդդէմ ռուսական ուժերուն, պատկերասփռուած էին ընկերային ցանցերու վրայ: Ուքրայինա Թուրքիոյ ապսպրած էր ռազմանաւեր, որպէսզի իր պաշտպանութիւնը զօրացնէ Սեւ եւ Ազովի ծովերուն մէջ:

            Թուրքիա հաշտարար եւ միջնորդ ըլլալու համար դիրքորոշուած պէտք չէ ըլլայ, Էրտողան բացորոշ կերպով դատապարտեց Ուքրայինա ռուսական ներխուժումը եւ զայն որակեց պատերազմ, ինչպէս նախապէս դատապարտած էր Տոնեցքի եւ Լուկանցքի ինքնահռչակ հանրապետութիւններու ճանաչումը: Այս դիրքորոշումներով ինչպէ՞ս միջնորդի դեր կրնայ խաղալ:

            Անգարայի պղտոր դիրքորոշումները ի՞նչ հետեւանքներ կրնան ունենալ ռուս-թրքական առեւտրական փոխանակութիւններու մարզին մէջ: Անոնք վեց անգամ աւելի են Ուքրայինայի բաղդատած: Թուրքիոյ բնական կազի մէկ երրորդը ռուսական է, նշեցինք, որ Ռուսիա կը կառուցէ Թուրքիոյ հիւլէակայանը: Թրքական շինարարական ընկերութիւններ կարեւոր գործառնութիւններ ունին Ռուսիոյ մէջ, եւ ռուսերը կը կազմեն Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկներու կարեւոր տոկոսը: Թուրքիա-Ռուսիա համատեղ գործակցութիւններ կան ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ եւ Արցախի զինադադարներու հսկողութեան:

            Ռուսեւթուրք յարաբերութիւններու վատթարացման նախընթաց կայ, որ կրնայ կրկնուիլ: 2015ին, ռռւսական զինուորական օդանաւ մը թրքական օդային տարածք մուտք գործած էր եւ վար առնուած Թուրքիոյ կողմէ, որուն հետեւանքով Ռուսիա կասեցուցած էր Թուրքիոյ հետ իր տնտեսական յարաբերութիւնները: Թուրքիա տեղի տուած էր եւ Էրտողան Ս. Փեթերսպուրկ գացած էր Փութինէն ներողութիւն խնդրելու: Նկատի ունենալով երկրի տնտեսական վատ կացութիւնը եւ հանրային կարծիքին մէջ իշխանութեան հանդէպ բացասականութեան աճը, Թուրքիա չի կրնար տնտեսական եւ զբօսաշրջային վատթարացում մը դիմագրաւել, հետեւաբար Ուքրայինական տագնապին դիւանագիտական լուծման մը հետամուտ պիտի ըլլայ:

            Սեւ Ծովու հակակշռին մէջ, Թուրքիա Ուքրայինայի կողքին է ընդդէմ Ռուսիոյ: Իր ընտրանքին մէջ նկատի ունի այն, որ հոն եղած են մեծ թիւով թրքախօսներ: Թուրքիա ոչ միայն 48 անօդաչու սարքեր վաճառած է Ուքրայինայի, այլ ծրագրուած էր նաեւ զանոնք արտադրել տեղւոյն վրայ: Այս բոլորը չեն կրնար որպէս թշնամանք չդիտուիլ Մոսկուայի կողմէ: Երկու երկիրներ մրցակից են: Անգարայի փառասիրութիւններուն մաս կը կազմեն Ռուսիոյ դաշնութեան մաս կազմող թրքախօս հանրապետութիւնները:

            Ուքրայինա-Ռուսիա հակամարտութեան ետին կայ Թուրքիոյ կայսերական փառասիրութիւնը, Խրիմը եւ անկէ անդին: Ան իր այս լայնածիր կայսերապաշտական խաղին մէջ կ’ուզէ ներառնել Ատլանտեան Զինակցութիւնը: Այդ ընելու համար Ուքրայինայի անդամակցութիւնը Ատլանտեան Ուխտին, պիտի ծառայէ իր ծաւալապաշտական շահերուն:

            Արեւմուտքը եւ Արեւելքը անկասկած կը տեսնեն վտանգը: Բայց հարց է, թէ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն խաղաղութեան եւ միջազգային հաւասարակշռութեան սպառնացող վտանգին, որ սպառնալիք է նաեւ Կովկասի տարածաշրջանին, զոր հակակշռելով Թուրքիա կը ձգտի տարածուիլ դէպի Միջին Ասիա:

            Հաւասարակշռութիւններու խախտման վաղուան մեծ վտանգը տեսնելու իրատեսութեան պէտք ունին այսօրուան մրցակից մեծերը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles