
ԵՐԵՒԱՆ.- “Ազատութիւն“ ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան յայտնեց թէ Ատրպէյճանին մեծաքանակ սպառազինութիւն վաճառելով, Ռուսաստան իբրեւ դաշնակից պիտի կորսնցնէ Հայաստանը:
“Ինծի կը թուի, որ պէտք է Ռուսաստան անդրադառնայ, որ այս ձեւով ինք չի կրնար երկար ժամանակ իր շուրջը դաշնակիցներ պահել: Ինք պէտք է հասկնայ, որ այս ձեւով ինք պիտի կորսնցնէ Հայաստանը: Որովհետեւ միշտ ելքեր կարելի է գտնել, միշտ ելքեր կարելի է փնտռել, միշտ ձեւեր կան` դժուար, դիւրին ճամբաներ, որոնց համար ծանր գին կը վճարենք, բայց կրկին մեզի համար ելք կ՛ըլլայ: Բայց չեմ կարծեր, որ մենք այնքան անճարակ ենք, որ ուզենք թէ չուզենք, մեր միակ ելքը Ռուսիոյ հետ ըլլայ: Պէտք է Ռուսաստան ինք նաեւ ասոր գիտակցի: Եւ պէտք է հասկնայ, որ սխալ մօտեցումը կրնայ պատճառ դառնալ, որ ինք շատ աւելի մեծ կորուստներ ունենայ…“, ըսաւ Մարգարեան:
Հայաստանի դաշնակից Ռուսաստան, վերջին տարիներուն դարձած է Ատրպէյճանի յարձակողաան նշանակութեան սպառազինութիւն վաճառող թիւ մէկ երկիրը:
Հրանդ Մարգարեանին կը թուի, թէ շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւն պահպանելը նաեւ Ռուսաստանի շահերէն կը բխի:
Խօսելով Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հոլովոյթին մասին` Մարգարեան շեշտեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար անընդունելի է Հայաստանի եւ Արցախի սահմանին վրայ մաքսատան տեղադրումը: