
Վերջին անգամ 1996-ին էր, որ Հայաստան ոսկի մետալի տիրացած էր, այդ ալ Աթլանթայի մէջ, երբ Արմէն Նազարեան յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 52 քկ դասակարգին մէջ յաղթական դուրս եկած էր:
Քսան տարի ետք, այս անգամ Ռիօ Տը Ժանէյրոյի 31-րդ Ողիմպիական Խաղերուն, եւ կրկին յունահռովմէական ոճի ըմբշամարտի (98 քլկ. կշիռ) մարզէն ներս, հայրենի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան տիրացաւ ոսկի մետալին, երբ աւարտականին պարտութեան մատնեց քուպացի Տանիէլ Լուկօ Քապրերան 3-0 արդիւնքով:
Պարգեւատրման ընթացքին, Արթուր կը կրէր` Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներէն, իր մօտիկ ընկեր՝ Ռոպերթ Ապաճեանի նկարով շապիկը:
Կիսաւարտականին Արթուր Ալեքսանեան տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր թուրք մրցակից Ճենք Իլտեմի վրայ, 9-0 արդիւնքով: Ալեքսանեան յայտարարեց, թէ իր արձանագրած այս յաղթանակը կը նուիրէ հայրենիքի հողն ու սահմանները պաշտպանող հայ սահմանապահ բոլոր զինուորներուն եւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհ գացած բոլոր զոհուածներուն յիշատակին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Արդէն բոլորդ ալ տեսաք, թէ ինչքա՛ն ուժասպառ էի աւարտականի այդ ճակատումին: Ամէնէն կարեւորը սակայն եղաւ այն, որ գօտեմարտի ընթացքին ինքզինքս չկորսնցուցի: Ուրախ եմ եւ հպարտ, որ 20 տարուան քիչ մը երկար սպասումէ մը ետք, Հայաստան դարձեալ ոսկի մետալի մը տիրացաւ ողիմպիական խաղերուն: Ապրիլեան պատերազմէն ետք շատ ազդուած էի եւ այդ ժամանակ ամէն գնով վճռած էի, որ ախոյեան հանդիսանամ եւ ապա հագնիմ այս շապիկը: Այս յաղթանակը կը նուիրեմ սահմանը պաշտպանող հայ զինուորին եւ պատերազմի բոլոր զոհերուն: Իսկ ինչ կը վերաբերի Միհրան Յարութիւնեանին, ան ինծի համար ախոյեան է. ան ամբողջ աշխարհին համար ախոյեան է: Ան իսկական տէրն էր այդ ոսկի մետալին»:

Նշենք թէ Ողիմպիական խաղերուն 10-րդ օրը, Հայաստան տիրացած էր իր առաջին մետալին (արծաթ), այդ ալ շնորհիւ 19 տարեկան Սիմոն Մարտիրոսեանի, որ ծանրաբարձութեան 105 քկ դասակարգէն ներս:
Երկրորդ արծաթ մետալը ապահովեց յունահռոմէական (66 քլկ.) ոճի ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան: Յիշատակելի էր, Միհրանի ճակատումը ատրպէյճանցի Ռասուլ Չունայեւի դէմ:
Յարութիւնեան առաջին հանգրուանին փայլուն յաղթանակ արձանագրելով 4-0 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը:
Երկրորդին, թէեւ ատրպէյճանցի ըմբիշը հաւասարեցուց արդիւնքը, սակայն երրորդ եւ վճռորոշ հանգրուանին հայրենի ըմբիշը 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, հասաւ աւարտականին, իր դէմ ունենալով սերպ Տավոր Շթեֆանեքը: Աւարտական մրցումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով, սակայն իրաւարարներու ոչ համոզիչ որոշումին վրայ, յաղթանակը շնորհուեցաւ սերպ ըմբիշին:

Հայաստանի երրորդ արծաթէ մետալակիրն էր ծանրաբարձ Գոռ Մինասեանը (վարը՝ աջին):