
Read Time:18 Second
=
ԵՐԵՒԱՆ.¬ Հայոց Ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը եւ “Նիկոլ Աղբալեան“ Ուսանողական Միութիւնը, Ապրիլ 23-ին կազմակեցին ջահերով աւանդական երթ, որ ընթացք առաւ “Ազատութիւն“ հրապարակէն:
Երթին մասնակիցները, նամակ մը յանձնեցին Հայաստանի նախագահին` պահանջելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, յետս պէտք է կոչել Հայաստանի Հանրապետութեան ստորագրութիւնը` 2009 թուականէն ի վեր գոյութիւն ունեցող հայ-թրքական արձանագրութիւններէն: