
Read Time:28 Second
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Դեկտեմբեր 3-ին, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպութեամբ իր աշխատանքներուն սկսած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին Եւրոպական Միութեան շուրջ տասը երկիրներու եւ Բրիտանիոյ մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու եւ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչները:
Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկման առարկայ պիտի դառնայ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող յանձնախումբերու քաղաքական առաջնահերթութիւններն ու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները:
Օրակարգին մէջ ներառուած հարցերը կը վերաբերին եւրոպական երկիրներուն մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան, հանրային դիւանագիտութեան գործիքակազմով Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման ու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման ճանաչման վերաբերող հարցերուն: