
ԵՐԵՒԱՆ («Երկիր»).- Հայաստան ժամանեց Պրազիլի «Կանաչներ»ու ներկայացուցիչ, Երեւանի քոյր-քաղաք Սան Փաուլոյի աւագանիի անդամ Ճիլպերթօ Թոնոս Նաթալինին: Անոր կ՛ընկերակցէր Պրազիլի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գէորգ Զատիկեանը:
Հ.Յ.Դ.-ի հրաւէրով Հայաստան ժամանած Նաթալինի հետեւողական գործունէութիւն կը կատարէ Հայ դատի աշխատանքներուն ուղղութեամբ: Ան կը պաշտպանէ նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը:
Ան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց անմեղ զոհերու յիշատակին, նաեւ այցելեց Ցեղասպանութեան թանգարան: «Ես ծանօթ եմ ձեր պատմութեան եւ հիմա շատ յուզուած եմ, որ կրցայ անմեղ զոհերու յիշատակի դամբարանին մօտ ծաղիկներ դնել:… Դուք կարեւորութիւն կու տաք անցեալին` պաշտպանելով երկու կողմերը` արդիականը եւ արմատները: Այդ ձեւով կրնաք պատմութիւն պաշտպանել», ըսաւ ան:
Նաթալինի հանդիպում ունեցաւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ: Զրոյցի մը ընթացքին ան յայտնեց, թէ քանի որ Երեւանն ու Սան Փաուլոն քոյր-քաղաքներ են, շարք մը համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ: «Քաղաքապետին հետ խօսուած է երկու քաղաքներու փոխադարձ աշխատանքներուն մասին: Նոյնիսկ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ Սան Փաուլոյի քաղաքապետը այցելէ Երեւան` քաղաքի 2800-ամեակին մասնակցելու», ըսաւ Նաթալինի:
Ներկայացուցիչը յայտնեց, որ քաղաքապետին հետ հանդիպումին ընթացքին թէեւ խօսուած է տարբեր նիւթերու մասին, բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ աւելի մօտեցում կատարուի Սան Փաուլոն Երեւանի, ինչու չէ` նաեւ Արցախի հետ, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ քաղաքական բնագաւառներէն ներս:
Ան նշեց, որ այն, ինչ որ տեսած է Սան Փաուլոյի հայ գաղութին մէջ, կրնայ փաստել, որ այստեղ ալ հայերը նոյն մաքուր ազգն են: «Նոյն մաքուր, աշխատասէր ազգն էք. ինչ որ կը կարծէի, որ էք, այստեղ կրցայ աւելի պարզօրէն նկատել եւ հաստատել», ըսաւ ան:
Նաթալինի այս տարի պիտի մասնակցի Պրազիլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: